ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացումը՝ Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի
Կիրակի, 18 Հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի առաջին «Նաւասարդեան» մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը:
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի նախագահութեամբ պաշտօնապէս ազդանշանը տրուեցաւ մարզախաղերուն:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, թէ ինչպէ՛ս «Նաւասարդեան» խաղերուն ջահը կը վառի Անթիլիասի Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց յուշակոթողի կրակէն: Մարզիկուհին այդ ջահը բարձրացուցած կը վազէ դէպի տարբեր մարզադաշտեր` ֆութպոլ, պասքեթպոլ, փինկ-փոնկ, հեծիկ եւ այլն: Մարզիկուհին վերջաւորութեան մտաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր: Այդտեղ մտնելէ ետք անոր միացան ՀՄԸՄ-էն եօթը սերունդի մարզիկներ` տարբեր մարզաձեւերէ: Իւրաքանչիւր մարզիկ ջահը փոխանցեց միւսին, եւ վերջաւորութեան վառեցաւ «Նաւասարդեան» խաղերու կեդրոնական ջահը:

«Նաւասարդեան» Ա. մարզախաղերու բացումը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին կողմէ կատարուած Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով, ապա խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Լուսին Գազանճեան, ատենապետ Իշխան Եղիայեան, «Նաւասարդեան» մարզախաղերու նախագահ Ալեքքօ Պէզիքեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան:
Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան Համազգայինի «Քնար» պարախումբը եւ «Արեգ» թատերական դպրոցը, մինչ ներկայ էին «Նաւասարդեան» մարզախաղերուն մասնակցող բոլոր մարզիկները, ծնողներ եւ համակիրներ:
«Նաւասարդեան» մարզախաղերուն մաս պիտի կազմեն պասքեթպոլը, ֆութպոլը, փինկ փոնկը, ճատրակը, փատելը եւ հեծելարշաւը:
Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:
