«Թէաթրոն» Թատերախումբին «Կամուրջէն Դիտուած» Թատերախաղը Բեմ Բարձրացաւ Պէյրութի Մէջ

Սփիւռք

Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2018-ին եւ յաջորդական երկու օրերու վրայ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ «Թէաթրոն» թատերախումբին բեմադրուեցաւ Արթըր Միլըրի «Կամուրջէն դիտուած» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Նիւթը կը ներկայացնէր Նիւ Եորքի Պրուքլին կամուրջին մօտ ապրող ընտանիքի մը պատմութիւնը: Ալֆիերի` պատմողի եւ փաստաբանի դերով Յարութ Թորոսեան մերթ ընդ մերթ հանդիսատեսը իրազեկ կը դարձնէր յաջորդ տեսարանի ընկալման եւ դերակատարներու հոգեվիճակին: Էտիի դերով` Կարէն Տարագճեան  առասպելական դերասան մըն է, որ անհամաչափ եւ անհաւասարակշիռ սէր մը կը ցուցաբերէ իրենց որբախնամ քենիին դստեր` Քեթրինին (Կայէլ Թորոսեան): Անոր սէրը այնքան կը զարգանայ, որ նոյնիսկ արգելք կը հանդիսանայ անոր սիրահարելու ոեւէ տղու: Պէըթրիս (Սեդա Լէփէճեան), որ Քեթրընին մօրաքոյրն էր, շարունակ կ՛ընդվզէր, երբ իր ամուսինը` Էտին կը կաշկանդէր իր քրոջորդւոյն զգացումները: Բուն հարցը սկսաւ զարգանալ, երբ Պէըթրիսի հօրեղբօր տղաները աւելի լաւ կեանքի պայմաններ եւ ապրուստ ապահովելու միտումով այլ շրջանէ մը իրենց տունը ժամանեցին ու հոն սկսան ապրիլ: Եւ ահա խնդիրները սկսան բարդանալ. Պէըթրիսի հօրեղբօր տղան` Ռուտոլֆոն (Մելանքթոն Պետրոսեան) Քեթրընին սիրահարեցաւ, որուն ընդդիմացաւ իր քեռայրը` Էտին: Այս երեւոյթը այնքան մը գրգռեց Էտիին նախանձը, որ զինք մղեց դիմելու անվայել ու անպատշաճ վերաբերմունքի: Իսկ Ռուտոլֆոյին եղբայրը` Մարքոն (Սիմոն Եափուճեան), հակառակ փաստաբան Ալֆիերի ցուցմունքներուն` ներգաղթեալի յանցանքով ձերբակալումին եւ զգուշացումին` չսպաննելու Էտին, մնաց անդրդուելի: Ռուտոլֆոյին եւ Քեթրընին պսակադրութեան օրը Մարքոն սպաննեց Էտին, այս ձեւով վերջ տալու համար այն անբնական սիրոյ, որ կը տածէր Էտին իր քենիին դստեր:

Էտիին բարեկամին դերով հանդէս եկաւ Ռաֆայէլ Կիւմիւշեան, իսկ ներգաղթի գրասենեակի պաշտօնեայի դերով` Կարօ Բանողլեան:

Հոգեբանական բարդ իրավիճակներու եւ ընտանեկան ապառողջ մթնոլորտի այս թատերախաղը կը միտի մեր ընտանիքները զգաստ պահել եւ զաւակներուն ազատութիւնը չկաշկանդել:

Յայտնենք, որ «Կամուրջէն դիտուած» թատերախաղի թարգմանութիւնը կատարած եւ նախապէս բեմադրած է բազմավաստակ բեմադրիչ եւ դերասան Վարուժան Խտըշեան: