Գրիգոր Տէր Յակոբեան՝ ԱՄՆ-ի Մէջ Իրաքի Դեսպան

Աշխարհ, Սփիւռք

Գրիգոր Տէր Յակոբեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է ԱՄՆ նախագահին՝ դառնալով Իրաքի Հանրապետութեան դեսպանը Միացեալ Նահանգներու Մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայերը Սուրիոյ Մէջ Facebook-ի էջը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Գրիգոր Տէր Յակոբեան առաջին հայն է ու քրիստոնեան, որ դիւանագիտօրէն պիտի ներկայացնէ Իրաքը Ուաշինկթընի մէջ։