Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին
Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ 15 Սեպտեմբերին պահանջեցին, որ Ազրպէյճան ազատ արձակէ պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ պատանդները եւ արտօնէ, որ Արցախի բնիկ ժողովուրդը ապահով վերադառնայ իր հայրենիքը: Քոնկրեսականները իրենց ձայնը միացուցին Հայ Դատի ջատագովներուն, հոգեւորականներուն եւ միջազգային իրաւական մասնագէտներուն` Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած` «Պատասխանատուութիւն 202. Արցախ. Արդարութիւն. Ազատութիւն. Վերադարձի Իրաւունք» ձեռնարկին ընթացքին:
Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը նշեց ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղասպանական զտումի 3-րդ տարելիցը եւ եզրափակեց Արեւելեան Հայ Դատի, Արեւմտեան Հայ Դատի յանձնախումբերուն ու Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակին կազմակերպած երկօրեայ քարոզչական աշխատանքները, որոնք 30-է աւելի նահանգներէ աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ բերին Ներկայացուցիչներու տան 435 եւ Ծերակոյտի 100 գրասենեակները:
Քոնկրեսական երկօրեայ հանդիպումներուն ընթացքին, ներկայացուցիչները պահանջեցին` «Ազատութեան աջակցութեան որոշում»-ի 907-րդ յօդուածի գործադրութիւնը, պատժամիջոցներ` ազրպէյճանցի պատերազմական ոճրագործներու դէմ, հայանպաստ թիւ 6840 եւ 5369 բանաձեւերուն համահովանաւորութիւն, Արցախէն տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքը եւ հայ քրիստոնէական ժառանգութեան սրբավայրերու պաշտպանութիւն:
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Պրետ Շըրմըն մանրամասնեց ազրպէյճանական զինուորական դատարանին առջեւ 16 հայ ամբաստանեալներու դատապարտումը` ըսելով. «Պատերազմը աւարտած է: Ժամանակն է ազատ արձակելու պատերազմական գերիները»:
Քոնկրեսական Վինս Ֆոնկ յիշատակեց 19 հայ պատանդները, ներառեալ` Արցախի ղեկավարները: «Մենք պէտք է կոչ ուղղենք անյապաղ եւ անպայման ազատ արձակելու բոլոր հայ պատանդներն ու ռազմագերիները, որոնց ապօրինի բանտարկութիւնը եւ կրած վատ վերաբերմունքը արգելք կը մնան տեւական խաղաղութեան առջեւ», ըսաւ ան:
Քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա պատանդներուն հարցը կապեց որեւէ համաձայնութեան պայմաններուն հետ: «Չկայ տեւական խաղաղութիւն, եթէ չունինք արդարութիւն, պատասխանատուութիւն եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներու հանդէպ յարգանք», ըսաւ Քոսթա` կենսական նկատելով բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը, հայ մշակոյթի եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ տեղահանուածներու ապահով վերադարձը:
Քոնկրեսական Լուզ Ռիվաս պատմեց նամակի մը մասին, զոր ստացած էր ազրպէյճանական հիւպատոսարանէն Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի մէջ աշխատանքի իր առաջին տարուան ընթացքին. նամակը զգուշացուցած էր զինք իր գրասենեակ այցելող հայ ընտրողներէն: «Անոնք կը փորձէին ահաբեկել օրէնսդիր մարմինի նոր անդամը, սակայն չյաջողեցան», ըսաւ Ռիվաս:
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Տէյվիտ Վալատաօ, որ 2017-ին այցելած էր Արցախ, նշեց Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը, որ կը պահանջէ պաքուէն` արտօնել տեղահանուած հայերուն ապահով վերադարձը: «Ժամանակն է, որ ազրպէյճան յարգէ այդ որոշումը», ըսաւ Վալատաօ:
Քոնկրեսական Ռաշիտա Թլէյպ նշեց. «Երեք տարի անցած է ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայերու ցեղային զտումէն, տակաւին արդարութեան չենք հասած: Տեղահանուած ընտանիքները չեն վերադարձած: Իբրեւ պաղեստինցի ամերիկացի` ծանօթ եմ գաղթի այս պատկերներուն»:
Երկու այլ խօսնակներ եւս տեսած էին Արցախը, նախքան ազրպէյճանի կողմէ անոր բռնագրաւումը` քոնկրեսական Ճուտի Չու (2019-ին) եւ Լորա Ֆրիտմըն: «Ես տեսայ, որ Արցախը տեղ մըն էր, ուր հայ ժողովուրդը կը ծաղկէր եւ հպարտ էր», ըսաւ Չու, մինչ Ֆրիտմըն կոչ ուղղեց անպայմանօրէն ազատ արձակելու պատանդները, դադրեցնելու զինուորական օգնութիւնը ազրպէյճանին եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան երաշխիքներ տալու:
Քոնկրեսական Ճիմ ՄըքԿավըրն շեշտեց, որ միջազգային պատասխանատուութեան գործիքակազմը քանդուելու վտանգ կը դիմագրաւէ, քանի որ ազրպէյճանի յանցագործութիւնները կը մնան անպատիժ: «Բարոյականութեան եւ արդարութեան համար չափազանց կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգները եւ միջազգային համայնքը միասին աշխատին ազրպէյճանի կառավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար` Արցախէն հայերու բռնի տեղահանման համար», ըսաւ ան:
Քոնկրեսական Տէյվ Մին նկարագրեց Ըրվայնի ձեւաւորուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը: «Պատիւը ունեցայ տեսնելու այս յուշարձանի մանրակերտը: Անիկա գեղեցիկ է եւ յոյժ կարեւոր, որովհետեւ մենք չենք կրնար մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսաւ Մին:
Սարգիս քհնյ. Աքթաւուքեան աղօթեց 2023-էն ի վեր քանդուած կամ պղծուած եկեղեցիներուն, վանքերուն, գերեզմաններուն եւ խաչքարերուն համար: «Արցախը այն հողն է, ուր ամէն ինչ հայաբոյր է», ըսաւ ան:
Քոնկրեսական Պրետ Շնայտըր խօսեցաւ բեմին ետեւը ցուցադրուած արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի տեղահանութեան լուսանկարին եւ անոր մէջ երեւցող աղջկան մասին: «Կը մտածեմ մեր ուսերուն վրայ եղած պատասխանատուութեան մասին` համոզուելու համար, որ կրնանք պատասխանել անոր, թէ ինչ որ կը պատահի` սխալ է եւ պէտք չէ պատահէր»:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Սիրանուշ Սահակեան, Մարդկային իրաւանց եւ արդարութեան հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ եւ Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի նախագահ, որ կը ներկայացնէ հայ բանտարկեալներն ու անոնց ընտանիքները միջազգային ատեաններուն մէջ: Ան քննեց, թէ ի՛նչ տուած է խաղաղութեան գործընթացը անոնց:
«Ինչ որ ականատես կ՛ըլլանք, ուղղակիօրէն կը հակասէ խաղաղութեան խոստումին», ըսաւ Սահակեան: «Բանտարկեալները կը մնան կալանաւորուած, մինչ զիրենք եւ իրենց ընտանիքները պաշտպանող երաշխիքները կը քանդուին` խորացնելով տառապանքը, որ խաղաղութեան գործընթացը պէտք էր լուծէր»:
Սահակեան տեղեկացուց, որ Միջազգային կարմիր խաչը պարտադրաբար փակած է պաքուի իր կեդրոնը` վերջ տալով բանտարկեալներու անկախ վերահսկողութեան:
Ան եզրափակեց ըսելով. «Եթէ կարելի է համաձայնիլ ապրանքներու ազատ փոխադրութեան շուրջ, ինչո՞ւ կարելի չէ համաձայնութիւն մը գոյացնել, որ արտօնէ ընտանիքի մը` այցելել բանտարկեալին, կամ հիւպատոսական ներկայացուցիչին` ստուգելու անոր բարեկեցութիւնը, կամ անկախ փաստաբանի մը` պաշտպանելու զայն: Եւ ի՞նչ կ՛ըսէ ատիկա ծանուցուող խաղաղութեան մասին»:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան զգուշացուց ներկաները` ամերիկեան ներկայ քաղաքականութեան ուղղութեան կապակցութեամբ, զայն նկատելով «իր հունէն շեղած»: «Մենք կը բնականոնացնենք Արցախի ցեղասպանութիւնը: Մենք կ՛օգնենք ազրպէյճանին ամրապնդելու բնիկ ժողովուրդի ցեղային զտումը: Մենք կը դիտենք, թէ ինչպէ՛ս այս ոճիրը կ՛օրինականացուի, կը վերածուի քաղաքականութեան», ըսաւ ան` յիշեցնելով, որ միայն քանի մը օր առաջ ազրպէյճանի մօտ Ամերիկայի դեսպանը կը պարէր Շուշիի մէջ` հազարաւոր տարիներու հայկական կեանքի մշակութային կեդրոնին մէջ:
Համբարեան նկարագրեց խաղաղութեան գործընթաց մը, որ նոր հակամարտութեան պայմաններ կը ստեղծէ շատ աւելի, քան տեւական խաղաղութեան պայմաններ:
Նշենք, որ ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հայ Դատի Ազգային ժողովրդային գրասենեակի վարիչ Գէորգ Իսքաճեան` նշելով. «Երեք տարի անցած է այն օրէն, երբ Դաւիթ Իշխանեանի, Ռուբէն Վարդանեանի, Լեւոն Մնացականեանի, Դաւիթ Բաբայեանի եւ մեր միւս պատանդներու ընտանիքները վերջին անգամ տեսան իրենց սիրելիները, երեք տարի, որոնց ընթացքին երկրագունդի վրայ եղած ամէն ուժ փորձեց լռեցնել Արցախի ձայնը: Անոնք ձախողեցան»:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Արա Չալեան եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան: «Արցախը պատմութիւն չէ, Արցախը անցեալ չէ», ըսաւ սրբազանը:
