«Քոլոմպիա» Համալսարանը Հայագիտական Յարակից Ճիւղի Ծրագիր Կը Ներկայացնէ
Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանի ուսանողները այժմ կրնան հետեւիլ հայագիտական յարակից ճիւղի (minor) ծրագրի մը, որ կարեւոր ընդլայնում մըն է համալսարանէն ներս հարուստ պատմութիւն ունեցող այս մարզին համար։
Համալսարանին Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ասիոյ եւ Ափրիկէի ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքին (MESAAS) միջոցաւ առաջարկուող այս նոր ծրագիրը ուսանողներուն կը ծանօթացնէ Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքի պատմութեան, լեզուներուն, գրականութեան, արուեստին եւ մշակոյթին։
Այս նախաձեռնութիւնը տեղի կ՛ունենայ համալսարանին մէջ Հայկական կեդրոնի հիմնադրումէն 50 տարի ետք․ կեդրոնը հիմնուած էր 1976ին՝ նպատակ ունենալով հայագիտութիւնը դարձնել համալսարանի կրթական ծրագրի մնայուն մաս։ Այդ ճիգերուն շնորհիւ, 1979ին ստեղծուեցաւ Հայոց պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան Գէորգ Մ․ Աւետիսեանի անուան ամպիոնը։
Նոր ծրագիրը, հիմնուելով այս ժառանգութեան վրայ՝ ակադեմական յստակ ուղի կը բանայ ուսանողներու նոր սերունդին առջեւ։
Հինգ դասընթացքներէ բաղկացած ծրագիրը կը սկսի «Ներածութիւն Հայագիտութեան» դասընթացքով, որ ընդհանուր ակնարկ մըն է հին աշխարհէն մինչեւ ներկայ ժամանակները՝ ընդգրկելով քաղաքական, արուեստի եւ գրական պատմութիւնը։ Ուսանողները նաեւ կը սորվին հայերէն՝ տարրական մակարդակով, եւ կ՛ընտրեն երկու ընտրովի դասընթացքներ՝ հայոց լեզուի կամ հայկական նիւթերու վերաբերեալ։
Այն ուսանողները, որոնք տարրական մակարդակէն աւելի բարձր իմացութիւն ունին, կրնան հետեւիլ լեզուի աւելի յառաջացեալ դասընթացքներու կամ ամբողջացնել չորս ընդունուած ընտրովի դասընթացքներ՝ ներածական դասընթացքին կողքին։ Միջին եւ յառաջացած մակարդակի հայերէնի դասընթացքները առիթ կու տան լեզուական հմտութիւնները աւելի եւս զարգացնելու։
Ծրագիրը նաեւ կ՛օգտուի «Քոլոմպիա»ի լայնածաւալ դասընթացքներէն, որոնք կը վերաբերին հայոց պատմութեան եւ փորձառութեան։ Ներկայ ծրագիրները կը քննեն այնպիսի նիւթեր, ինչպիսին են՝ Միջին Արեւելքի տագնապներ, պատերազմներ, ցեղասպանութիւն եւ անոնց հետեւանքները, հայերու, քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը։
Դասարանէն դուրս, «Քոլոմպիա»ի հայագիտութիւնը կը վայելէ աշխոյժ մտաւորական եւ մշակութային համայնքի մը աջակցութիւնը։ MESAAS-ն եւ Հայկական կեդրոնը կը կազմակերպեն դասախօսութիւններ, գիտաժողովներ եւ այլ ակադեմական ծրագիրներ, իսկ Հայ ուսանողական միութիւնը կը նպաստէ յարաբերութիւններու հաստատման եւ հայկական մշակութային կեանքին՝ համալսարանէն ներս։
Այս ծրագրով հետաքրքրուած ուսանողները կրնան այցելել կայքէջը։
