«Արցախի Մեդիայի Ձայները» Փաստավաւերագրական Ֆիլմը՝ Արցախի Յիշողութեան Ձայնը․ Վահագն Գարագաշեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արցախի պետական լրատուամիջոցները, տասնամեակներէ ի վեր տեղեկատուական պատերազմի բովէն ներս, պայքար մղած են բազմաճակատ հարթակի վրայ, բեւեռացուած աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ, սակայն դիմակայած են ու քողազերծած ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնն ու հակահայ քարոզչութիւնը։ 

Անցնող օրերուն, Երեւանի մէջ կայացաւ Անի Մանկասարեանի հեղինակած «Արցախի մեդիայի ձայները» փաստավաւերագրական ֆիլմի շնորհանդէսը։ Ֆիլմը կը ներկայացնէ Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատուական դաշտի պետական երեք լրատուամիջոցներու՝ Արցախի հանրային ռատիոյի, «Ազատ Արցախ» թերթի եւ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը, Արցախի ազատագրութեան շարժման օրերէն մինչեւ Արցախի հայաթափման հանգրուան։ Ֆիլմի բեմադրիչ` Հրայր Աւետիսեան, նկարահանող` Տիգրան Գասպարեան, անգլերէն թարգմանութիւն` Անի Մեժլումեան։

Որպէս «Հորիզոն»ի նախկին խմբագիր, 25 տարի համագործակցած եմ Արցախի լրատուամիջոցներու, լրագրողներու եւ խմբագիրներու հետ ու այս վաւերագրականի շարք մը դրուագներու ընթացքին՝ մտովի վերադարձ էր Ազատ ու Անկախ Արցախ։

Վաւերագրական այս ժապաւէնը հմտօրէն կը շաղկապէ փաստագրական յօրինուածքի տարրերն ու պատմական դէպքերու շարակարգութիւնը։

Ֆիլմը՝ չափակշռութաւոր համանուագի նման, ժամանակագրական կարգով, կը սփռուի հանդիսատեսին դիմաց, ուր կը տողանցեն Արցախի նորագոյն պատմութեան դրուագները, որոնց խօսուն վկաները՝ արցախցի լրագրողներն են, այն լրագրողները, որոնք պատերազմի յորձանուտին մէջ իսկ չեն խնայած իրենց կեանքը։  

Արցախի հայութեան դժուարին ու դժնդակ այս օրերուն, խիզախութիւն է նման վաւերագրական ֆիլմի գաղափար յղանալն ու բեմադրելը։ Այդ խիզախութիւնը ունեցած է Արցախի Վաղուհաս գիւղի զաւակ՝ լրագրող եւ հաղորդավար Անի Մանկասարեանը եւ այս ֆիլմով կը պատմէ իր գործընկերներու տասնամեակներու վրայ թաւալող անձնուրացութեան ու նուիրումին մասին։

Շարժանկարը ունի իւրայատուկ պատմելաոճ․ լրագրողներու եւ խմբագիրներու հետ հարցազրոյցներու վրայ հիմնուած՝ կը կերտուի ֆիլմի Կառուցուածքային պատումը եւ տրամախօսութեան հաղորդակից պահեր կը ստեղծէ։ Պատմական յիշողութեան կը կամրջուին կորուստը, կսկիծն ու եղեռնագործութիւնը։

Արցախի մետիան տարիներու ընթացքին հաւաքագրած էր վիթխարի արխիւ, փաստագրական վկայութիւններ, որոնց շտեմարանը պատմական վկայութեանց աղբիւր էին։ Ժապաւէնին մէջ կը պատմուի նաեւ այդ արխիւի ճակատագրին մասին։ Արխիւէն մաս մը գերմարդկային ճիգերով կը փրկուի, իսկ որոշ մաս մը հարկադրաբար կը հրկիզուի…։ 

ֆիլմը կ՚արտացոլացնէ նաեւ Արցախի յաղթական գոյապայքարէն ու ազատագրումէն ետք, լրագրողներու վկայութիւններուն ընդմէջէն ուրուագծուող բռնագաղթի ենթարկուած ու բռնադատուած ամբողջ ժողովուրդի մը հոգեվիճակի յետագիծը։ Վկայութիւնն է, այն արցախցի լրագրողի պատմութեան, որ լրագրութեան մասնագիտութիւնը մէկ կողմ թողած, արցախեան ազատագրական մարտերու ընթացքին, որպէս կամաւոր կը մեկնի ռազմաճակատ, եւ երբ գործընկերը հարց կու տայ թէ ե՞րբ պիտի վերադառնայ խմբագրատուն՝ պատասխանը յստակ է եւ հնչեղ, «Երբ պատերազմը աւարտի»…։

Այսօր, երբ, օր ցերեկով կ՚այլանդակուի ու եղծման կ՚ենթարկուի Արցախի հայկականութեան դիմագիծը, երբ Արցախի ընդերքին մէջ կը քանդուին հայութեան հոգեւոր կառոյցներն ու պատմամշակութային կոթողները, փաստավաւերագրական այս ֆիլմը կու գայ յուշելու, որ Արցախի դարաւոր ազգային դիմագիծի պահապանները եղած են նաեւ արցախցի լրագրողները։ Արցախի լրագրողները հաւատարիմ իրենց կոչումին, անձնուիրութեամբ իրագործած են իրենց առաքելութիւնը, լիովին կատարած են պատերազմական յանցագործութիւններու, աւերածութիւններու եւ մարդկային պատմութիւններու արձանագրումը, քաղաքական իրավիճակի մասնագիտական վերլուծութիւնը, առաջնագծի թէժ կէտերուն վրայ ռազմական իրադարձութիւններու փաստագրումը։

Զգետնուած վիճակէն ու պարտութեան թմբիրէն վերականգնելու ու արարելու մասին հետեւեալ խօսքը ըսած է 27 տարի բանտարկուած, մարդկային իրաւանց պաշտպան, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Նելսըն Մանտելան. «Պատիւը կը պատկանի անոնց, որոնք երբեք չեն հրաժարիր ճշմարտութենէն՝ նոյնիսկ երբ իրավիճակը մռայլ ու անյուսալի կը թուի, անոնք որոնք անընդհատ, վերստին ու վերստին կը փորձեն եւ երբեք չեն ընկճուիր վիրաւորանքներէն, նուաստացումներէն ու նոյնիսկ պարտութենէն»։ Արցախի Հանրային Հեռուստաընկերութիւնը այսօր ընտրած է այդ ճանապարհը, չհրաժարիլ ճշմարտութենէն եւ շարունակել առաքելութիւնը։

Վաւերագրականի հեղինակ Անի Մանկասարեանի «Արցախի մեդիայի ձայները» պատմութիւնն է այն լրագրող վկայախօսներուն, որոնք չվարանեցան յուսաբեկութեան ակնթարթին՝ Արցախի յոյսի կոչնակները ղօղանջել ու նոր երգ յօրինել… Արցախի երգը, վերադարձի երգը…։