«Ոսկէ Ծիրան»-ի Հայաստանեան Կորիզը Եւ Արեւմտեան Բարենիշը․ Հրաչ Պարսումեան
Աւարտած է «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի 23-րդ փառատօնը: Ցուցադրուած են 40 երկիրներու 90 ժապաւէններ: Պարզ է, որ կարելի չէ այդքան մեծ թիւով գործ այստեղ ներկայացնել: Ի դէպ, չեմ հանդիպած նաեւ որեւէ հայ թէ օտար ակնարկի, որ համապարփակ պատկեր մը ներկայացնէ: Հայ բեմադրիչներու 10 կարճամեթրաժ (շուրջ 20 վ տեւողութեամբ) գործեր ամփոփուած են «Կորիզ» (Stone) վերնագրի տակ: Անդուլ հետապնդումով յաջողած եմ դիտել անոնցմէ 6-ը: Հայրենի շարժապատկերի մարդոց վերաբերմունքին մասին քանի մը անգամ անդրադարձած եմ: Երկարամեթրաժ «Հայկական համայնապատկեր» բաժինը վաղուց անհետացած է: Տեղական ներդրումները կ՛ուղղուին դէպի հասութաբեր «ռապիս» ժապաւէններ:
«Կորիզ» բաժնի երիտասարդ բեմադրիչներու փորձառական-գեղարուեստական աշխատանքները գլխաւորաբար հովանաւորուած են օտար (յատկապէս` Ֆրանսական, քանատական եւ գերմանական) կազմակերպութիւններու կողմէ: Այս հասկնալիօրէն իր անդրադարձը կրնայ ունենալ բներգներու արեւելումին վրայ:
Ա.- Ժապաւէններ, զորս դիտած եմ, այն շարքով, որ տրուած են փառատօնի յայտագիրին մէջ.

1.- «Մենակ երկուսով»-Բեմագիր եւ բեմադրիչ` Արթուր Սահակեան, վաւերագրական, 11 վ, 2025: Շիրակի Պեմզաշէն գիւղին մէջ տարեց զոյգ մը կ՛ապրի անխնամ տնակի մը մէջ` բոլորովին մեկուսացած աշխարհէն: Պատին է անոնց զոհուած զաւակին լուսանկարը: Արտաքին աշխարհի հետ միակ կապը պատկերասփիւռն է, որուն պլպլացող կցկտուր սեւ ու սպիտակ պաստառին վրայ կը տեսնենք ֆութպոլի աննշան խաղ մը: Այս թերեւս ոչ անսովոր երեւոյթ է Հայաստանի մէջ: Ժապաւէնը կը բացուի կնոջ մահով եւ թաղման ծէսով, թէեւ նկարահանումները արդէն իսկ սկսած են ամբողջ երկու տարի առաջ: Դիպուկ կցումներու միջոցով ժամանակը կ՛ընթանայ ոլորապտոյտ հետեւելով այրիացած ծերունիի յուշերուն: Կառոյցը այնքան կուռ եւ գեղեցիկ է, որ առաջին հերթին կրնայ ծրագրուած խաղարկայինի տպաւորութիւն ձգել: Երկխօսութիւնը գրեթէ բացակայ է: Կը խօսին տան լքուած իրերը: Աւարտական տեսարանին մէջ ինքնիրեն համար սուրճ եփած ծերունին կը դիմէ իր գրկի փոքրիկ կատուին. «Հը՞ ինչ ա…»

2.- «Ռելիքվիա (ռուսերէնով` մասունք-Relic) – Բեմագիր-բեմադրիչ` Սոնա Խաչատրեան, խաղարկային, 23 վ, 2025:
Խորհրդաւոր ժապաւէն մը, որ կը խօսի Մինասի` գերբնական կարողութիւններ ունեցող ի ծնէ կոյր որբ տղու մը մասին: Ի դէպ, դերակատար պատանի Ալեքս Մելքոնեան իսկապէս որ կոյր է: Այդ յաւելեալ լիցք կու տայ ժապաէնին` ի գին թերեւս տղեկի հոգեկանին: Մինաս այն հրաշագործ սուրբն է, որ կը յատկանշուի կուրութիւն բուժելով: Այս պարագային, բներգը գիւղացիներու (մարդոց) եւ մանաւանդ հօր հոգեկա՛ն կուրութիւնն է, բարոյական անկումը: Տատիկը աւանդական միջոցներով ամէն կերպ կը փորձէ բուժել եւ մխիթարել թոռը, կը փորձէ գոյները հասկնալի դարձնել, իր սիրած օրօրոցը կողքին է: Որսորդ (իմա` անասուններ սպաննող) հայրը հակապատկեր մըն է: Թերեւս անբնական որդին իր կնոջ մահուան պատճառ կը նկատէ: Որսի տեսարանին մէջ կը լսենք որոտում, եւ հայրը կը վրիպի: Այդ կը թելադրէ տղեկի համայնաստուածեան (pantheist) առնչութիւն: Տատիկը խաղողի մասին տարօրինակ երազէ մը ետք կը մահանայ: Քահանան Մինասը իր խնամքին տակ կ՛առնէ գիւղի համեստ մատուռին մէջ: Մինաս գիշերանց գաղտագողի մահամերձ աղջկան մը կեանքը կը փրկէ: Կը տեսնենք երեք աքաղաղներ: Այդ կարելի է գերբնական ազդանշան (omen) համարել: Քահանան եւս կը մահանայ յաջորդ օր: Յուղարկաւորութեան եկած պառաւներ Մինասը կը մատնանշեն: Գիւղապետը կը մարէ մոմերը եւ կը փակէ եկեղեցին` տարածքը շահարկելու նպատակով: Մինաս կը հեռանայ` գիւղը ձգելով խորհրդանշական մառախուղի մէջ: Քամերան ցոյց կու տայ հայրը, որ կը թուի, թէ ինքզինք կը հարցաքննէ:

3.- «Յաւերժական կարմիրը» (The Eternal Red) – Բեմագիր եւ բեմադրիչ` Նայիրա Սարգսեան, խաղարկային, 11 վ, 2025:
Ձախ թեւը կորսնցուցած միջին տարիքի տղամարդ մը եւ ապա այլանդակուած դէմքով երիտասարդ մը` երկու հաշմուած հայ վեթերաններ, յաջորդաբար մուտք կը գործեն «Պատերազմ» (WAR) վերնագիրով փարիզեան ցուցասրահ մը: Ակնյայտօրէն խռոված տղամարդը նախ դէմքը կը լուայ եւ դեղահատ մը կ՛առնէ: Լուսանկարները ցոյց կու տան ահաւոր տեսարաններ: Ներկաները, սակայն, զանոնք անխռով կը դիտեն` քննարկելով անոնց գեղարուեստական յատկութիւնները: Վեթերանները կը հանդիպին լուսանկարի մը առջեւ, որ խոշորացուած կերպով ցոյց կու տայ գերեվարուած հայ զինուորներ: Կը թուի, թէ անոնցմէ մէկը նոյնինքն այլանդակուած դէմքով երիտասարդն է: Երկուքը կը մերժեն պատասխանել շաղակրատող լրագրողուհիի մը հարցումին: Ներս կը խուժէ կերպընկալի դէմ բողոքող աղմկոտ խումբ մը եւ կարմիր ներկ կը սփռէ ամէն կողմ: Կարմիր ներկի շերտ մը կը ծածկէ լուսանկարի այն հատուածը, որ ցոյց կու տար վեթերանը հաշմուելէ առաջ: Երկու հայերը իրարու հետ բառ մը փոխանակելէ ետք կը հեռանան: Ժապաւէնը ակնյայտօրէն բողոքի եւ դատպարտումէ ցոյց մըն է արեւմտեան ինքնագոհ անտարբերութեան դէմ:

4.- «Կաֆկա» (Kafka) – Բեմագիր-բեմադրիչ Վահան Խաչատրեան, խաղարկային, 16 վ, 2026: Ակնյայտօրէն ներշնչուած է հանճարեղ Franz Kafka-ի (1883-1924) Metamorphosis (Այլակերպութիւն, 1915) ծանօթ պատմուածքէն: Ինչպէս պատմուածքի հերոս Կրեկոր Սամսա, այնպէս եւ Գրիգոր Գրիգորեան առաւօտ մը կ՛արթննայ այլափոխուած, ընկճուած եւ ունայն: Դրան ձախ կողմը հայելի մը դատարկ տարածութիւնը կ՛ընդարձակէ:

Գրիգոր կը զգայ, թէ վերածուած է Քաֆքայի մը: Զուգահեռը, սակայն, կ՛ընդհատուի այդտեղ: Կը հետեւին շարք մը դրուագներ. միայարկ տան առջեւէն կ՛անցնի իւղաներկ պաստառ մը: Անտէր շուն մը կանգնած է տարօրինակ տեսանկիւնէ դիտուած ամայի, գորշ փողոցի մը մէջ: Գրիգոր կը սկսի իր փնտռտուքին. կը դիմէ` ընտանիքին, ախորժաբեր ճաշի, մարմնամարզի, աշխատանքի, պոռնիկի մը եւ, վերջապէս, ընդարձակ բնութեան, ուրկէ կ՛անցնի հովիւի կողմէ առաջնորդուող կովերու շարան մը: Հոսթեսի կերպարանքով աղջիկ մը ձրի ճամբորդութիւն կ՛առաջարկէ, բայց այդ եւս չի հետաքրքրեր հերոսը: Աւարտական թատրը կրկին ննջարանն է: Այդտեղ կը վերսկսի զուգահեռը Քաֆքայի հետ: Մարդամեքենայ յիշեցնող տուող քանի մը քայլերէ ետք կը սկսի եռանդուն թռիչքներով պարել: Ապա կը հանդարտի եւ դուրս կու գայ: Այդ համահունչ է Քաֆքայի, որ, ի հեճուկս իր ճնշուած (depressive) իրավիճակին, ստեղծագործական թռիչքներ կ՛ունենար: Այդ կը տեսնենք ոչ միայն իր գրութիւններուն, այլ նաեւ բազմաթիւ գծապատկերներու մէջ, ուր յաճախ ներկայ է նաեւ զինք կաշկանդող վանդակաճաղը: Բեմադրիչը ունի հիանալի նկարչի աչք եւ նուրբ հիւմըր:

5.- «Մենաւոր երկխօսութիւններ» – Բեմագիր-բեմադրիչ լիբանանահայ Սէրուժ Յովսէփեան, խաղարկային 25 վ, 2026: Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Փարիզի մէջ ապրող Արենին հոգեկան տագնապներր: Հոգեբանական վերլուծում կատարելու յաւակնութիւն չունիմ: Ծանօթ չեմ նաեւ այն շարժուձեւերուն (ինչպէս` իրարմէ ծխախոտ վառել, որ կարելի է, երբ դէմքերը մօտիկ են եւ անշարժ), կամ բառերուն, որոնք կրնան «փարոլա»-ի հանգամանք ունենալ: Հետեւաբար պիտի սահմանափակուիմ ստացած տպաւորութիւնս տալով: Նախ այն, որ թատերական առումով գործողութիւնը ոչ թէ արտաքին իրականութեան մէջ կը կատարուի, այլ` ներքին: Կացութենէն ոչինչ կը փոխուի: Արեն նոյն բնակարանին մէջ կը մնայ Վանին հետ: Գրեթէ բացակայ է նաեւ հոսուն բանաւոր երկխօսութիւնը: Փոխարէնը` մեծ տեղ ունին պերճախօս նայուածքները: Ինչպէս վերնագիրը կը թելադրէ, ժապաւէնը մենախօսութիւններու շարք մըն է: Արեն պարի մը մէջ կը հանդիպի իր նախկին սիրոյն` ֆրանսացի Թէոյին, որ կը կատարէ catalyst-ի դեր, յատկապէս` Արենի համար յօրինած իր մեղեդիով, որուն տարբերակները կը կազմեն ժապաւէնի խորքային երաժշտութիւնը (1): Ժապաւէնի երաժշտութիւնը յօրինած է լիբանանահայ Հրայր Գալեմքէրեանը: Մեղեդին, ինչպէս նայուածքները, անբարբառ է: Կ՛ըսէ այն, ինչ որ կարելի չէ արտայայտել բառերով: Ի տարբերութիւն Արենին եւ Թէոյին` Վան կը խուսափի իր սեռային ինքնութիւնը բացայայտելէ: Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ երկուքը բաղնիքի սեղմ տարածութեան մէջ: Վան կ՛ածիլուի եւ լոգանք կ՛առնէ` առանց օճառի փրփուրներու ծածկոյթին: Քամերան ցոյց կու տայ անոր ուսերն ու վիզը, մինչ Արեն կանգնած է անոր ետին, դրան շեմին, ակնյայտ ճնշուող խռովքով: Վան, սակայն, կը ձեւացնէ անտեսել: Հեռախօսի միջոցով Արենի լսել կու տայ, որ իբր թէ ժամադրուած է տարօրինակ բնոյթի (եոկա, քմայքոտ եւ այլն) ոմն Լէայի մը հետ, որ կը մնայ անտեսանելի: Աւարտական տեսարանին մէջ, երբ Արեն հեծանիւով գիշերային պտոյտէ մը ետք (խորհրդանշակա՞ն) տուն կը դառնայ, Վան առանձին ամաններ կը լուայ: Ուրեմն չէ ընթրած Լէային հետ: Երկուքը անխօս կը նստին իրարու մօտ գարեջուրի շիշեր ձեռքին: Երկբայական աւարտ: Երկբայականութիւնը առկայ է ամբողջ ժապաւէնին ընթացքին: Այդ գեղարուեստական արտայայտութիւնն է Արենի (եւ ոչ միայն) շփոթ հոգեկանին: Ակնյայտօրէն խիզախ ժապաւէնի հիմնական ասքը կը թուի ցոյց տալ, որ ոչ ուղղափառ սեռային հակումներ ունեցող անձեր հասկնալիօրէն խոցուած են, բայց` ոչ այլանդակուած: Արեն կը նշանակէ քաջ, խիզախ, թէեւ բեմադրիչը կ՛ըսէ, թէ անունները ընտրած է անոնց հնչողական յատկութեան համար: Ժապաւէնը ստացած է «Կորիզ» բաժնի առաջին մրցանակ:

6.- «Նրանց համար» (Pour Ceux)-Բեմագիր-բեմադրիչ` Էմիլ Բարսեղեան, խաղարկային, 25 վ, 2025: Ֆրանսահայ երիտասարդ մը Հայաստան կու գայ իր զոհուած զարմիկի ընտանիքին ցաւակցութիւն յայտնելու համար: Հեռաւոր գիւղին մօտցող ինքնաշարժի պատուհանէն նկարուած բացման գիշերային տեսարանը թերեւս խորհրդանշանակօրէն շփոթ է ե՛ւ տեսողական ե՛ւ լսողական առումով: Երիտասարդը կը յայտնուի սգաւոր ընտանիքի մէջ, որ անմիջական ջերմ մտերմութիւն ցոյց կու տայ, թէեւ այդ իր առաջին այցելութիւնն է: Երիտասարդին առաջին խօսքն է.- «Ես… հայերէն… չեմ խօսում», ապա, անգլերէնով կը բացատրէ, թէ հայրը (նախորդ սերունդ, մեկնաբանելի) իրեն հետ չէ եկած, որովհետեւ մտային խանգարում ունի: Այդ հասկնալի է բացման տեսարանի հեռաձայնային խօսակցութենէն: Հաւաքուած մասունքներու դագաղին շուրջ հաւաքուած են համագիւղացիներ (2): Զոհուածին հայրը լացակումած իր բառերով կ՛աղօթէ սրբանկարի առաջ: Երիտասարդը կը գրկախառնուի լուռ մօր հետ: Յաջորդ օր զարմիկը կ՛ըսէ, թէ դպրոց կ՛երթայ: Բայց կ՛երթայ որսի թեթեւ զէնքով նշանառութեան եւ տանջանքի վարժութեան: Մանկամիտ արարք, որ թերեւս բողոք է իշխանութեան դէմ: «Դուն եկար ու պիտի վերադառնաս,- կ՛ըսէ ֆրանսահայուն,- մենք կը մնանք այստեղ»: Կրկին գիրկախառնութիւն: Ժապաւէնին հերոսը բեմադրիչի այլ եսն է (alter ego): Իր անգործութենէն խղճահար ֆրանսահայ բեմադրիչի (որ նոյնպէս կ՛արտայայտուի անգլերէնով, որովհետեւ հայերէն չի խօսիր) երեւակայական ճամբորդութիւնը յարգանքի տուրք տալու եւ զօրակցութիւն յայտնելու համար է:
Բ.- Ժապաւէններ, զորս չեմ յաջողած դիտել
1.- «Այստեղ այլուր» – Կոմս Շահբազեան, 67 վ, 2026: Ինքնուս լիբանանահայ բեմադրիչը կը ներկայացնէ պաշարուած Արցախի մէջ 5 զաւակներու մօր` Տաթեւի առօրեայ կեանքը:
2.- «Վարձու սգաւորներ» – Ովսաննա Գէորգեան, 35 վ, 2026: Արհեստավարժ սգաւորներու ընտանիք մը կը դժուարանայ համոզել արդի մտայնութեամբ դուստրը:
3.- «Բաց կապոյտ երկինք» – Ովսաննա Շէկոյեան, 28 վ, 2026: 19-ամեայ Ալբերտ կը փորձէ «Virtual reality»-ի (թուացեալ, արհեստական «իրականութիւն») միջոցով բուժել յետպատերազմի խոցը:
4.- «Հերոստրատ» – Արթուր Նազարէթեան, 20 վ, 2026: Գրասենեկային աշխատող մը կը փորձէ յաղթահարել սիրելիի մը կորուստը: Պարզ չէ, թէ ի՛նչ է առնչութիւնը նշանաւոր պատմական հակահերոսին հետ:
5.- «Լոլա» – Բեմադրիչ` Թամարա Հայրապետեան, 12 վ, 2025: Քրոջ կորուստէն ետք երիտասարդ պարուհին կը հետապնդեն երգը եւ վիշտը, զորս անզօր է զսպել:
Գ.- Ֆրանսական բարենիշը.- Քաննի փառատօնի «Յաջորդ քայլ արուեստանոց» (Next Step Studio) ծրագիրը, որ հիմնուած էր անցեալ տարի եւ ընտրած Ինտոնեզիան` որպէս «պատուոյ երկիր», այս տարի ընտրած է Հայաստանը (3): Այս տարուան ընթացքին չորս երիտասարդ հայ բեմադրիչներ չորս օտար բեմադրիչներու հետ գործակցաբար պիտի արտադրեն կարճամեթրաժ ժապաւէններ, որոնք պիտի ցուցադրուին յառաջիկայ տարի` «քննադատներու շաբթուան» ընթացքին: Բեմադրիչներն են` Սոնա Խաչատրեանը, Նայիրա Սարգսեանը, Րաֆֆի Մովսիսեանը, Արմիկ Իսրայէլեանը: Առաջին երկուքին անդրադարձած եմ այս ակնարկով, իսկ Ր. Մովսիսեանին` նախապէս իր «Վերադարձ» ժապաւէնով: Բեմադրիչները նաեւ առիթ պիտի ունենան ներկայացնելու իրենց ապագայ ծրագիրները: Քաննը, ինչպէս իր որմազդը ցոյց կու տայ, շուկայ մըն է: Հասկնալի է ուրեմն, թէ ինչո՛ւ ծրագիրը հովանաւորուած է ոչ միայն նախարարութեան, այլեւ շարժապատկեր արտադրողներու արհեստակցութեան (guild) կողմէ, որ կը ջանայ այդ շուկայի մէջ «Հայկական տուն» (Armenian House) հարթակի «զարգացման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ»: Նախարարութիւնը այդ հարթակ կարեւոր կը նկատէ նաեւ Հայաստանի համար դիւանագիտական առումով:
Հուսկ բանք.- 11 ժապաւէններէն 4-ի բներգը աղէտի խոցն է` ներկայացուած ըստ կարելւոյն: Այդ դրական կը համարեմ: Կարճամեթրաժ ժապաւէններ ատակ չեն լայն ծաւալով պատկեր ներկայացնելու: Դժբախտաբար կարելի չէ ակնկալել, որ ներկայ իշխանութիւնը ֆինանսաւորէ առարկայական մօտեցումով որեւէ երկարամեթրաժ ժապաւէն, որովհետեւ այդ պիտի խարանէ զինք: Ի դէպ, «Յաջորդ քայլ»-ի ինտոնեզեան ժապաւէնները արդէն իսկ ցուցադրուած են: Անոնցմէ ոչ մէկը կ՛անդրադառնայ վարչաձեւի ահաւոր ոճիրներուն: Ուսանելի նկատողութիւն: Ուսանելի է նաեւ այն նկատողութիւնը, թէ ինչո՛ւ նման սատար եւ բարենիշ կը շնորհուի այժմ:
—
(1).- Ի գիտութիւն անոնց, որոնք քիմիագիտութեան ծանօթ չեն, քաթալիստը նիւթ մըն է, որ կ՛օգնէ քիմիական գործողութեան:
(2).- Սնտուկը այն կերպընկալ միատիպէն չէ, որ բանակը կը գործածէր հաւաքուած ոսկորներուն համար: Ժապաւէնը վաւերագրական բնոյթ չունի:
(3).- 60-ական թուականներու աւարտին, այսինքն` ձախակողմեան շարժումներու մակընթացութեան ընթացքին, Սոհարնոյի պետութիւնը աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի սպաննեց, հարիւր հազարաւորներ հաշմեց եւ ազատազրկեց: Միեւնոյն վարչակարգը, որ նոր անուններով կը շարունակուի, ստացաւ Քաննի առաջին բարենիշը:
