Վեհափառ Հայրապետը Ընդունած է Սփիւռքահայ Երիտասարդներ

Հայաստան, Սփիւռք

Օգոստոս 12-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մեկնարկած հայագիտական եւ կրօնագիտական դասընթացներու առիթով սփիւռքի տարբեր թեմերէ ժամանած 32 երիտասարդներ։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց հայրենիք ժամանած հայորդիներուն՝ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբման եւ կրթական ծրագրերուն ներգրաւման առիթով, որոնցմով մեծապէս նպաստ կը բերուի սփիւռքահայ երիտասարդներու ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան զօրացման, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի հետ կապի առաւել ամրապնդման։

Այնուհետեւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր գնահատանքը փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա» կրթական կեդրոնի Եկեղեցականաց եւ երիտասարդաց վերապատրաստման ծրագրի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն եւ Թեմակալ առաջնորդներուն՝ հայագիտական սոյն ծրագիրի իրագործման համար։

Հանդիպման աւարտին Հայոց Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին ազգային-հոգեւոր կեանքի խնդիրներուն եւ Հայոց Եկեղեցւոյ գործունէութեան։