Տասը Օրերու Անմոռանալի Պահեր Եւ Նշանակալից Պատասխանատուութիւն․ Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեան
24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս` տասը օր շարունակ, Հայաստանը վերածուած էր աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած ՀՄԸՄ-ականներու հանդիպման վայրին, ուր տեղի ունեցաւ 13-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը` «Արարատի համար` կանգուն» նշանաբանով:
Աւելի քան 900 սկաուտներ աշխարհի տարբեր շրջաններէն համախմբուեցան Բիւրականի մէջ` ապրելու սկաուտական այն փորձառութիւնը, որ կը միաւորէ սերունդներ, կը դաստիարակէ սկաուտներ եւ կը խորացնէ հայկական ինքնութեան գիտակցութիւնը:

Բանակումը ամիսներու մանրակրկիտ ծրագրման, համագործակցութեան եւ կամաւորական նուիրումի արդիւնքն էր: Անիկա ոչ միայն սկաուտական բանակում մըն էր, այլ նաեւ` համահայկական ընտանիքի մեծ վերամիաւորում մը, ուր տարբեր երկիրներու հայ երիտասարդներ ապրեցան, սորվեցան եւ ստեղծեցին բարեկամութիւններ, որոնք պիտի շարունակեն երկար տարիներ:
Բանակումի կարեւորագոյն պահերէն մէկը եղաւ համաշխարհային մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ նոր էջ մը արձանագրելը, երբ 809 ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ կազմեցին համաշխարհային սկաուտութեան աշխարհի մեծագոյն շուշանածաղիկը (Fleur-de-Lis)` ՀՄԸՄ-ի անունը արձանագրելով համաշխարհային մրցանիշներու պատմութեան մէջ: Այս պատմական իրագործումը դարձաւ ոչ միայն կազմակերպական յաջողութիւն, այլ նաեւ` ամբողջ ՀՄԸՄ-ական ընտանիքի միասնականութեան խորհրդանիշը:
Բանակումի այլ նշանակալի իրադարձութիւնն էր մօտ 600 սկաուտներու վերելքը Արագած լեռ, ուր երիտասարդները իրենց կամքով, տոկունութեամբ եւ փոխադարձ աջակցութեամբ յաղթահարեցին Հայաստանի ամէնէն բարձր գագաթներէն մէկը տանող ճամբան` ապացուցելով, որ սկաուտութիւնը կ՛ուսուցանէ երբեք չյանձնուիլ եւ միշտ ձգտիլ աւելի բարձրին:
Բանակումը հարուստ էր նաեւ ազգային, մշակութային, մարզական եւ ծառայասիրութեան նախաձեռնութիւններով: Իւրաքանչիւր օր դարձաւ նոր փորձառութիւն` ամրապնդելով կարգապահութիւնը, պատասխանատուութիւնը եւ եղբայրական կապերը:
13-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը սահմանափակուած չէ սկաուտական գործունէութեամբ: Ան կը շարունակէ կերտել գիտակից հայ երիտասարդներ, պատրաստ` ծառայելու իրենց ազգին, Եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին:
Այս բանակումը աւարտեցաւ, սակայն անոր ձգած ազդեցութիւնը, կերտուած յիշատակները եւ ստեղծուած բարեկամութիւնները պիտի շարունակեն երկար տարիներ ապրիլ մասնակիցներուն մէջ:
Ինծի համար այս բանակումին ծառայելը` իբրեւ ընդհանուր փոխխմբապետ, սկաուտական կեանքիս մեծագոյն պատիւներէն եւ պատասխանատուութիւններէն մէկն էր: Այս փորձառութիւնը վերանորոգեց հաւատքս ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, մեր երիտասարդութեան կարողութիւններուն եւ մեր համահայկական ընտանիքի ուժին նկատմամբ:
Սրտանց շնորհակալ եմ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` ինծի նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեան համար, ինչպէս նաեւ` բոլոր խմբապետներուն, կամաւորներուն, յանձնախումբերուն եւ մասնակիցներուն, որոնց անձնուիրութիւնն ու հաւաքական աշխատանքը այս բանակումը վերածեցին անմոռանալի յաջողութեան: Այս յիշատակները, այս բարեկամութիւնները եւ այս միասնականութեան ոգին պիտի մնան ինծի հետ ամբողջ կեանքիս ընթացքին եւ պիտի շարունակեն ներշնչել զիս` աւելի մեծ նուիրումով ծառայելու ՀՄԸՄ-ին եւ մեր ազգին:
«Արարատի համար` կանգուն» եւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսները այս օրերուն միայն խօսքեր չէին. անոնք դարձան ապրուած իրականութիւն` արտացոլացնելով այն ոգին, որով ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ դաստիարակել հայ երիտասարդութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ:






