Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Առցանց Նիստ Գումարուեցաւ

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Համադրող Կազﬕ նախաձեռնութեամբ,
18 Յուլիս 2026-ին տեղի ունեցաւ առցանց նիստ մը, որ կը յաջորդէր Փարիզի մէջ սոյն տարուան Ապրիլ 11-12-ին գումարուած խորհրդաժողովին։ Նիստը համախմբեց խորհրդաժողովի մասնակիցները՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 25 տարբեր երկիրներէ։

Ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ դիմագրաւել Արցախի բռնի հայաթափման հետեւանքները, արցախահայութեան հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայ Դատի ﬕջազգային հետապնդման, ազգային հոգեւոր արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի համախմբուած դերակատարութեան առնչուող լուրջ մարտահրաւէրներ։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի մէջ արձանագրուող ժողովրդավարական յետընթացը աւելի ակներեւ կը դարձնէ համազգային համախմբման եւ աշխուժութեան անհրաժեշտութիւնը։

Նիստը առիթ հանդիսացաւ վերարժեւորելու Փարիզի խորհրդաժողովին արդիւնքները, ներկայացնելու վերջին երեք աﬕսներուն ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ քննարկելու յետագայ քայլերը։ Համադրող Կազմը ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնք իրականացուած են խորհրդաժողովէն ի վեր՝ ներառեալ չորս կլոր սեղաններ մասնակիցներուն ﬕջեւ կազմակերպուած աշխատանքային հանդիպﬓերը, զեկոյցներ համառօտագիրներու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ մամուլի, ընկերային ցանցերու եւ համայնքային շրջանակներու մէջ արձագանգներու տարածումը։

Նիստին ընթացքին ցուցադրուեցաւ խորհրդաժողովը ամփոփող տեսանիւթը, որ դարձեալ ընդգծեց խորհրդաժողովին նշանակութիւնը եւ անոր շուրջ ձեւաւորուած դրական նոր հեռանկարները։

Քննարկուﬓերուն ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ կլոր սեղաններու վերջնական ամփոփագիրները, որոնք կը վերաբերին Սփիւռքի դերակատարութեան, ազգային ինքնութեան եւ արժէքներու Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու ռազմավարական պահպանման, զարգացման եւ համազգային նպատակներու շուրջ սփիւռքեան զօրաշարժի ամրապնդման հարցերուն։

Յատուկ ներկայացուեցաւ խորհրդաժողովին նուիրուած կայքէջը, ուր պիտի տեղադրուի խորհրդաժողովին ամբողջ արխիւը՝ զեկոյցները, տեսագրութիւնները, լուսանկարները, յայտարարագիրը, յօդուածները, հարցազրոյցները եւ այլ նիւթեր՝ ապահովելով կատարուած աշխատանքներուն երկարաժամկէտ պահպանութիւնն ու հանրային մատչելիութիւնը։

Ժողովին եզրափակիչ քննարկումը նուիրուեցաւ ապագայ ուղղութիւններուն։ Մասնակիցները վերահաստատեցին, որ Փարիզի խորհրդաժողովին ձեւակերպուած սկզբունքներն ու առաջնահերթութիւնները կը շարունակեն ﬓալ համահայկական օրակարգի առանցքային բաղադրիչներ, եւ ընդգծեցին համախմբուած, կազմակերպուած շարունակական աշխատանք տանելու անհրաժեշութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային շահերուն։

Առցանց նիստը եւս մէկ անգամ հաստատեց, որ Փարիզի խորհրդաժողովը ոչ թէ եզակի ﬕջոցառում մը եղած է, այլ Սփիւռքի ժեր համախմբման ընթացքի մը սկիզբը, որ նպատակ ունի ﬕաւորելու սփիւռքեան ներուժը եւ զայն ծառայեցնելու համազգային ռազմավարական նպատակներու իրականացման։

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի

Համադրող Կազմ 1

18/07/2026