Մայիսեան Անկախութեան Խորհուրդը․ Գէորգ Պետիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թուականներ կան, որոնց հետ հայը խորհրդաւոր յարաբերութեամբ կապուած է: Եւ Մայիս 28-ը ատոնցմէ մէկն է: Որովհետեւ, թուական մըն է, որ հայրենիքի գոյութեան ճգնաժամը բաբախել կու տայ բոլորին սրտերուն մէջ: Նաեւ՝ հայուն ե՛ւ ազգային էութեան ճանաչում, ե՛ւ պատմութիւն:

Իսկ գալով Մայիսեան յաղթանակի պատմութեան, արդէն բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք: Նորութիւն չէ երբեք: Մանրամասնութիւնները չյիշելը, բան մը արդարացնելու ճիգ ալ չէ: Բայց, այս մասին կարգ մը յիշեցումներ, յաճախ կ՛ունենան իրենց արդար բաժինը:

Արդ, ի՞նչ է պատմութիւնը, կամ՝ ի՞նչ է ժողովուրդի մը ազգային պատմութիւնը:

Գիտենք որ ժողովուրդի մը պատմութիւնը, նոյն այդ ժողովուրդին կատարած փորձերու իմաստուն ուղեցոյցն է, իրեն բաժին ինկած ցնցումներուն կողքին, որ կը բանայ մտածումի նոր ակօսներ:

Մեր մեծերէն սորված ենք որ պատմութիւն գիտնալը լուսաւոր լապտեր ալ է բոլորիս համար:  Պատմութիւնը, ժողովուրդի մը անցեալի, տնտեսական ձեւերու, դէմքերու եւ դէպքերու, ընկերային կարգերու, կենցաղի, հոգեկան զարգացման եւ այդ ժողովուրդի դրացիներուն հետ ունեցած փոխյարաբերութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի ստեղծած մշակոյթի եւ արժէքներու նկարագրութիւնն է:

Մէկ խօսքով, պատմութիւնը ճոխ հանրագիտարանն է, միաժամանակ ըլլալով ազգի մը անցեալի գործունէութեան ճշմարիտ շարադրութիւնը: Տակաւին՝ ճակատագրէն բաժին մը: Դաստիարակիչ:

Մեր դպրոցական տարիներէն մեզի փոխանցուած է, թէ «պատմութիւնը նաեւ միջոց է ազգային դաստիարակութեան, որ որ կը ճանչցնէ ժողովուրդի թշնամիներն ու բարեկամները, ազգային մշակոյթն ու արժէքները: Ընդհանուր զարգացման աղբիւր է. թէ՛ ուղեցոյց եւ թէ՛ օգտակար լուծում: Պատմութիւն ստեղծողը ինքը մարդն է: Ու չկայ աւելի սուրբ գործ, քան ծառայել իր ժողովուրդին: Իւրաքանչիւր անհատ իր ազգային եւ պատմական բազմաթիւ կապերով կապուած է իր ժողովուրդին»:

Արդ, Մայիս 28ը… ազգային պատմութիւն է: Եւ ազգային պատմութիւնը գիտնալը կը կապէ զայն իր ժողովուրդին, իբրեւ արժէքներ համախմբող ազդակ եւ զգացումներ չափող միջոց: Նաեւ՝ ներդաշնակութեան տանող ուղի: Անկասկած, ինքնութեան շտեմարանն է, ապագայի ճանապարհ բացող ուղի մը ըլլալով հանդերձ:

Ու ա՛յս թուականը, որ ամէն տարի հպարտութեամբ կը յիշենք եւ կը նշենք, մեզի միշտ կը խօսի,եւ  կը թելադրէ իր ճառագայթող բառերով, իբրեւ մեր ինքնութեան եւ մեր ազգային նկարագրին ամբողջ աշխարհագրութիւն: Անոր համար, միշտ կը յիշենք: Կը վերլուծենք: Կ՛ոգեւորուինք: Ու ինքնաբերաբար՝ կը նորոգուինք:

Ահա հոսկէ է որ կը սկսի այս թուականին կախարդանքը: Մեր իսկական արժէքներուն հայելին ըլլալով հանդերձ, մեր կեանքին նոր եւ տարբեր իմաստ տուող թափ մըն ալ է, հայութիւնը միաւորող յստակ եւ հաստատ կամուրջ: Յստակ նախագիծ: Մէկ խօսքով, հայու ազգային պատմութեան անբաժան, անժամանցելի եւ լուսաւոր թուականներէն մէկը:

Հոս է որ մենք զմեզ կը տեսնենք: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հպարտ ենք մեր ժողովուրդի ստեղծումով եւ նոյնքան ալ՝ երախտապարտ: Որովհետեւ Մայիսեան յաղթանակի իւրաքանչիւր բառ, դէպք եւ կամ դէմք, գոյն ունի: Սրբութեան կուտակում:

Դարձեալ Մայիս 28 է, քաջութիւն, նուիրում, եւ հերոսութիւն միախառնած դիմագիծ եւ ինքնութիւն կերտող թուականը:

Ժամանակն է, որ ունենանք ապագայակերտ կեցուածք մը՝ ազգային եւ քաղաքական գոյներով: Կախարդական գաւազանով կարելի չէ յաղթանակ կերտել: Մայիսեան յաղթանակին համար Խրիմեան Հայրիկի շերեփին տեղ, սուինը օգտագործուած էր, որուն շնորհիւ մեր անկախութիւնը անբաժանելիօրէն կապուեցաւ մեր հողին: Բայց… լաւ յիշէ՛ք… մեր անհոգութեան եւ գիտակցութեան պակասին կրնայ զոհ երթալ մեր անկախութիւնը:

Այսօր ունինք ազատ եւ անկախ հայրենիք մը, որուն գլխուն վրայ դժբախտաբար վտանգ կախուած է: Քաղաքական գայլերը միշտ պատրաստ են յօշոտելու:

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ նման բաներ լուրջի չենք առներ: Պարզ զգացումով հայրենիք եւ պետութիւն չստեղծուիր: Երկրի մը անկախութիւնը ձեռք կը ձգուի թէ՛ արեան գինով եւ թէ մեծ ու զոհաբեր աշխատանքով ու անսակարկ ցանկութեան պայմաններով։ Ժամանակն է որ բոլորս ալ վերագնահատութեան ենթարկենք հայ կեանքը:

Կը ցաւինք, որ այս օրերուն բազմաթիւ երեւոյթներ «ստուերներ» կը ձգեն մեր անկախ պետականութեան վրայ, նոյնիսկ խամրեցնելով անոր անկախութեան արժէքը։ Որովհետեւ, այսօր մեզմէ շատերու մօտ հայրենասիրութեան պակասը զգալի է։ Կարծես հայրենի հողին վրայ շատերու մօտ պակսած է ներշնչող եւ ոգեւորող մթնոլորտը։ Անոր համար շատեր կը հեռանան եւ կամ կը մտածեն հեռանալ փոխանակ մասնակցելու հայրենիքը աւելի բարեկեցիկ դարձնելու ճիգին։

Քաղաքական իմաստութիւն է պէտք, եւ մեր ներուժը միաւորող ազդակ, հայութիւնը օղակող նախագիծ եւ կամուրջ: Միւս կողմէ, փառք Աստուծոյ, նոր սերունդ մը ունինք, որ իր կարգին դուրս գալով գիտակցութեան մշուշէն կը ծրագրէ իր ապագակերտ կեցուածքը մեր ազգային եւ քաղաքական գոյներով:

Բառերով անհնար է արտայայտել այն ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը, որ մեզի պարգեւեցին Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի հերոսներն ու հերոսամարտերը։

Իսկ այս օրերուն եւ անկասկած, Մայիս 28ի երեք ճակատամարտերու յաղթանակները, բոլորիս համար պարզ պատմութիւններ չեն, այլ՝ հայու մարտնչումի ոգիի արտացոլում եւ հրաշքի ծնունդ, որոնց մէջ թագնուած են վեհութեան եւ յաւերժութեան ՄԱՅԻՍԵԱՆ խորհուրդը:

Երանի բոլոր անոնց, որոնք Մայիս 28ի հայու յաւիտենականութեան հպարտութիւնը պաշտպանեցին ու երգեցին յաղթանակի երգը, եւ աշխարհին աւետեցին ազատ եւ անկախ Հայաստան անունով երկրի մը ստեղծման ծնունդին խապրիկը, իր վարդագոյն Երեւանով, եւ բարձր սասանող ու պայծառ եռագոյնով:

Մայիս 28 է: Տօնդ շնորհաւոր, հա՛յ ժողովուրդ:


Մայիսեան Հայրենիքիս                                

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ   

Ո՞վ ես դո՛ւն, կը հարցնեմ ես ինծի,
Որ ծնած օրէս իբրեւ նուէր մը թանկագին,
Արարատին ու Սեւանին հետ միատեղ,
Կեանքիս հպարտ երանութիւնը օրօրեցիր,
Որոնք անուշ բաբախում մը բերելով հոգիիս,
Յոյսերու նոր ակեր բացին մանուկ սրտիս:

Ո՞վ ես դուն, նաեւ կը հարցնեմ յաճախ բոլորին,
Ծանօթին ու անծանօթին եւ աշխարհին,
Որ դարերու տառապանքներուն դիմաց,
Կեանքի պատերազմներուդ նոյնիսկ,
Իբրեւ մէկ բռունցք ազգդ ամբողջ եւ առանձին,
Քեզի համար անթիւ յաղթանակներ կերտեց:

Ա՜լ չեմ հարցներ թէ ո՞վ ես դո՛ւն.
Որովհետեւ քաջ գիտեմ, որ դո՛ւն մեր պապենական
Այն հողն ես սրբազան, որ մոգական ասուպով,

Դարերու տառապանքներով լի կեանքդ,
Զաւակներուդ արիւնով ե՛ւ կորովով գօտեպնդուած,
Մայիսեան պայծառ գոյութիւնդ հաստատեցիր:

bedig43@aol.com