Գոռ Յարութիւնեան Յաղթեց ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին Եւ Դարձաւ Սամպոյի Եւրոպայի Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Սամպոյի հայ մարզիկ Գոռ Յարութիւնեան դարձաւ Եւրոպայի 2026-ի ախոյեան, Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքին: Ան երկրորդ անգամն ըլլալով կը դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։

Յարութիւնեան, որ կը մասնակցէր սամպոյի 88 քլկ․ կշիռի մրցումներուն, աւարտականին մրցեցաւ ազրպէյճանցի Ատիլ Ատիլզատէի դէմ եւ 5-2 արդիւնքով յաղթեց անոր: Ան նախապէս պարտութեան մատնած էր Լաթվիոյ, Սպանիոյ եւ Վրաստանի ներկայացուցիչները:

Ասիկա եղաւ Հայաստանի երկրորդ ոսկի մետալը այս ախոյեանութեան։ Կարէն Սարգսեան նախապէս 58 քլկ․ կշիռի մրցումներուն ոսկի մետալը նուաճած էր:

Հայաստանի հաւաքականը մետալներու դասաւորման մէջ գրաւեց 3-րդ դիրքը` Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն ետք:

Ստորեւ` Հայաստանի 9 մետալակիրները.

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՍԱՄՊՕ

Կարէն Սարգսեան, 58 քլկ․, ոսկի
Պորիս Շատվերեան, 79 քլկ․, պրոնզ
Գոռ Յարութիւնեան, 88 քլկ․ ոսկի

ՄԱՐՏԱԿԱՆ ՍԱՄՊՕ

Նարեկ Գոգինեան, 58 քլկ․, պրոնզ
Մայիս Ներսէսեան, 64 քլկ․, արծաթ
Արսէն Աւետիսեան, 71 քլկ․, արծաթ
Գէորգ Ազատեան, 79 քլկ․, պրոնզ
Լէոնիտ Մելիքեան, 98 քլկ․, արծաթ
Մխիթար Թէյմուրեան, 98 քիլոկրամէն աւելի, պրոնզ