Կը Դիմենք Հայաստանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն եւ Դիտորդներուն. «Հայաստան» Դաշինք
«Հայաստան» դաշինքը յայտարարութեամբ դիմած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն եւ դիտորդներուն.
«Յունիս 7-ի ընտրութիւններու նախընթաց ժամանակահատուածը կ՝ընթանայ ներքաղաքական մթնոլորտի անթոյլատրելի լարուածութեամբ եւ ակնյայտօրէն դուրս եկած է քաղաքական պայքարի շրջանակներէն։
Գործող վարչախումբը մերժող եւ աներկբայ թափ առնող հանրային դրսեւորումներուն զուգահեռ՝ ռեժիմը կը փորձէ լռեցնել քաղաքական ընդդիմախօսները, չեզոքացնել քաղաքացիներուն խօսքի ազատութիւնը, ճնշել ազատ կամարտայայտումը, երկրին մէջ խորացնել վախի մթնոլորտն ու ներազգային թշնամանքը։
Խորացող մենատէր ռեժիմին կողմէ որդեգրուած հակասահմանադրական եւ քրէօրէն հետապնդելի վարքն ու գործիքակազմը անհնար կը դարձնեն ընտրութիւններուն ազատութիւնն ու մրցակցայնութիւնը։
Վարչախումբը կը հետապնդէ բացառապէս մէկ նպատակ՝ ընդդիմադիր ուժերուն եւ այլախոհներուն նկատմամբ ուժի եւ վարչական միջոցներու անթուլատրելի կիրառմամբ հասնելու վերարտադրութեան։
Այս նպատակին կը ծառայեն պատժիչ եւ հակասահմանադրական գործողութիւնները, որոնք կը ներառեն՝
• Քրէական հետապնդումներ եւ հալածանքներ, տարրական ճնշումներ։
• Ընտրովի արդարադատութիւն, վարչական միջոցի բացայայտ չարաշահում։
• Դատական իշխանութեան ակնյայտ կախուածութիւն, որ թոյլ չի տար, որպէսզի իշխանութեան հակասահմանադրական գործողութիւնները արժանանան իրաւական գնահատականի։
• Վարչախումբի ղեկավարին կողմէ դատախազութեան եւ իրաւապահ համակարգին տրուած բացայայտ ու հրապարակային պատժիչ հրահանգներ, ներառեալ՝ քաղաքական ընդդիմախօսները բանտարկելու կամ պատժելու յանձնարարութիւններ։
(17․05․2026 թ․ հոգեբուժարանի մէջ կախուած է ՀՀ քաղաքացի, որուն իրաւապահ մարմինները մէկ օր առաջ մեկուսացուցած էին Ն․ Փ․-ի քարոզչական պաստառը վնասելու մեղադրանքով)։
• Հանրութեան, առանձին քաղաքացիներու եւ ընդդիմադիր առաջատար ուժերու առաջնորդներու նկատմամբ հրապարակային ահաբեկում, հաշուեհարդարի սպառնալիքներ եւ կոչեր։
• Ոչ օրինաչափական բառապաշար, հասցէական թիրախաւորում, ատելութեան խօսք, ներազգային պառակտուածութեան ու թշնամանքի մթնոլորտի խորացում, վախի եւ ահաբեկման մթնոլորտի ձեւաւորում։
• Մայիս 18-ին, ուղիղ եթերով, Նիկոլ Փաշինեանը քաղաքական հիմնական երեք ընդդիմախօսներու, ինչպէս նաեւ սովորական քաղաքացիներու հասցէին կը հնչեցնէ աննախադէպ սպառնալիքներ, որոնք կ՝ուղեկցուին վրէժխնդրութեան կոչերով եւ ոչ օրինաչափական հայհոյախառն խօսքով։
Ցաւօք, միջազգային կազմակերպութիւններու կրկնակի չափանիշները, կանխակալ մօտեցումներն ու ոչ հասցէական վարքագիծը կը խորացնեն Հայաստանի մէջ անպատժելիութեան մթնոլորտը, կը վարկաբեկեն միջազգային հիմնարկները, կը սասանեն ժողովրդավարութեան նկատմամբ հաւատը՝ լրջագոյնս կասկածի տակ դնելով հաւաքական Արեւմուտքի՝ Հայաստանի մէջ իրապէս ժողովրդավարական սկզբունքներով իշխանութեան ձեւաւորման նկատմամբ շահագրգռուածութիւնը։
Կը դիմենք Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանատուներուն եւ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ ակնկալելով համարժէք վերաբերմունք եւ գնահատական։
Կ՝ակնկալենք անհետաձգելի հանդիպում՝ առաւել յանգամանալից քննարկելու, ներկայացնելու եւ գնահատելու իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած հակասահմանադրական ընթացքը»։
