Արցախի Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Յանձնախումբը Զուիցերիոյ Մէջ Քննարկեց Վերադարձի Խնդիրը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբը, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիելյանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, Ապրիլ 29-էն մինչեւ Մայիս 1 աշխատանքային այցելութիւն մը կատարեց Զուիցերիա։ Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներուն առանցքը կազմած է արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքի ապահովումը եւ մարդասիրական ճգնաժամին լուծման հրատապութիւնը։

Քննարկումներուն ընթացքին յատուկ անդրադարծ կատարուած է ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման, անհետ կորսուածներու ճակատագրերու պարզաբանման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կանխելու խնդիրներուն։

Ապրիլ 30-ին, Զուիցերիոյ դաշնային խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած է Արցախին նուիրուած ձեռնարկ մը՝ զուիցերիացի պատգամաւորներու, փորձագէտներու, հայկական համայնքի եւ Christian Solidarity International կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Բացման խօսքով հանդէս եկած են պատգամաւորներ Էրիք Ֆոնտոբել եւ Սթեֆան Միւլլեր-Ալտերմատ, որոնք դատապարտած են միջազգային հանրութեան անգործութիւնը արցախահայութեան դէմ կատարուած ցեղային զտման ժամանակ։

Հայկական կողմէն ելոյթ ունեցած են նաեւ պատուիրակութեան անդամները, ներկայացնելով արցախահայութեան ներկայ կացութիւնը եւ շեշտելով իրենց հայրենիք հաւաքական ու արժանապատիւ վերադարձի կենսական անհրաժեշտութիւնը։

Այցելութեան աւարտին, պատուիրակութիւնը վերահաստատած է, թէ Արցախի հարցը փակուած չէ եւ չի կրնար դուրս գալ միջազգային օրակարգէն, քանի դեռ արցախահայութիւնը չէ վերադարձած իր բնօրրան եւ հակամարտութիւնը չէ ստացած արդար ու միջազգային իրաւունքին հիման վրայ լուծում մը։