Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ
Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2026-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Խորհուրդի ղեկավար Պերճ Աբգարեանի։ Պ. Աբգարեանի Լիբանան այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր Հայաստանի մէջ իրականացուած բժշկական առաքելութեան աւարտին ստանալ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ բժշկական խորհուրդին կատարած աշխատանքներուն։
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց եւ քաջալերեց յիշեալ խորհուրդին գործունէութիւնը եւ իր հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ յառաջիկային իրագործելի ծրագիրներուն։
Յայտնենք, որ բժշկական առաքելութեան մասնակցող 39 բժիշկներու խումբը կը բաղկանար ոչ միայն Ֆրեզնոյի, այլ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններուն մէջ գործող անուանի մասնագէտներէ։
Հանդիպման աւարտին, Պ. Աբգարեան ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին։
