Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր Պիտի Տարուի Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց Մասունքարանը․ Յայտարարութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Ապրիլ 24-ին` ժամը 10:30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններուն ուղեկցութեամբ պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր պիտի կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ:

Այս առիթով յուշահամալիր պիտի բերուի Հայոց Ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց մասունքարանը:

Սուրբ նահատակներու յիշատակութեան օրը՝ Ապրիլ 24-ին, ժամը 11։00-ին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին Աղօթքի եւ ուխտի խաչքարի առջեւ պիտի կատարուի սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ։ 

Մայր Աթոռի Տեղեկատուական Համակարգ