Կոչ Կ՝ուղղենք Թիրախային Պատժամիջոցներ Կիրառելու ազրպէյճանի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Նկատմամբ․ «Արցախ Միութիւն»
ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ աւերման յաջորդած Սուրբ Աստուածամօր Հովանու Մայր տաճարի ոչնչացումը կը հանդիսանայ ազրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ներկայութեան հետեւողական ջնջման եւ պետական մակարդակով իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան գագաթնակէտը։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Արցախ միութիւն»-ը։
Միութիւնը կը շեշտէ, որ այս նորանոր յանցագործութիւնները նախորդող ակտերու անպատժելիութեան, միջազգային հանրութեան բացարձակ լռութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հնչող փաստացի խրախուսական յայտարարութիւններու եւ անգործութեան ուղղակի հետեւանքն են։
Ստեփանակերտի Մայր տաճարի թիրախաւորումը եւ հիմնայատակ քանդումը ոչ միայն Արցախի ժողովուրդի ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնն է, այլեւ միջազգային իրաւունքի եւ դատական ակտերու բացայայտ խախտում։ Այս գործողութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն յատկապէս հետեւեալ միջազգային փաստաթուղթերը.
1954 թուականի Հաագայի համաձայնագիրը՝ «Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» եւ անոր կից արձանագրութիւնները.
2003 թուականի UNESCO-ի հռչակագիրը՝ «Մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացման վերաբերեալ».
Ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագիրը.
Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ԱՄԴ) 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի եւ 2023թ. Նոյեմբեր 17-ի հրամանները, որոնք կը պարտաւորեցնեն ազրպէյճանին կանխել եւ պատժել հայկական մշակութային ժառանգութեան թիրախաւորումը:
Արցախ Միութիւնը կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն վերանայիլ իր խրախուսող անգործութիւնն ու հռետորաբանութիւնը եւ ձեռնարկել հետեւեալ անյապաղ քայլերը.
Դադրեցնել թշնամին խրախուսող հռետորաբանութիւնը, որ միջազգային հարթակներու վրայ կը ստեղծէ անպատժելիութեան պատրանք եւ կ՝օրինականացնէ ազրպէյճանի յանցաւոր վարքագիծը.
Անյապաղ դիմել Արդարադատութեան միջազգային դատարան՝ գործող միջպետական գանգատի ծիրէն ներս նոր միջանկեալ միջոցներ կիրառելու պահանջով՝ հիմնուելով Ստեփանակերտի Մայր տաճարի եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ոչնչացման թարմ ու ապացուցուած փաստերուն վրայ.
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ UNESCO-ի մէջ բարձրացնել ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու հարցը՝ որպէս ԱՄԴ հրամաններու պարբերական եւ կոպիտ խախտող պետութիւն.
Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան անձեռնմխելիութիւնը դարձնել ազրպէյճանի հետ բանակցային գործընթացի անկիւնաքարային նախապայման եւ զայն ներառել միջնորդ ԱՄՆ-ի հետ երկխօսութեան օրակարգին:
Միջազգային կառույցներու եւ donor կազմակերպութիւններու շարունակական լռութիւնը հաւասարազօր է յանցակցութեան։ Մշակութային արժէքներու համակարգուած ոչնչացումը միջազգային յանցագործութիւն է, որ կը սպառնայ համամարդկային քաղաքակրթութեան։ Մենք կոչ կ՝ընենք.
Կիրառելու թիրախային պատժամիջոցներ ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ.
Անյապաղ ապահովելու միջազգային անկախ դիտորդական առաքելութեան մուտքը բռնագրաւուած տարածքներ՝ մնացած յուշարձաններուն վիճակը գնահատելու եւ յետագայ յանցագործութիւնները կանխելու համար:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս հայկական ժառանգութեան ու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պատասխանատու առաջնային անդամ եւ ԱՄԴ դիմումատու կողմ, պարտաւոր է գործելու վճռական կերպով։ Անգործութիւնը եւ լռութիւնը միայն նոր դռներ կը բանան յաջորդող յանցագործութիւններուն համար։
