Մարդկութեան Խիղճը Կը Խեղդուի Անմեղներու Արեան Ծովուն Մէջ․ Նորա Բարսեղեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

80 զոհ, 200 վիրաւոր…
……………………
120 զոհ, 510 վիրաւոր…
……………………
180 զոհ, 920 վիրաւոր…
……………………

300 զոհ, 1200 վիրաւոր, շուրջ 50 անհետ կորսուած…

Սոսկ թիւեր չեն ասոնք, թուաբանութեան գիրքի մը մէջ կամ հաշուապահական տոմարի էջերուն վրայ արձանագրուած չոր թուանշաններ չեն։

Իւրաքանչիւր թիւ անուն մըն է, ընտանիքի անդամ մը, սիւն մը, զաւակ մը, լոյս մը, ապաւէն մը, իւրաքանչիւր թիւ կեանք է, լուսաւոր ներկայ, գունաւոր երազներ, յուսալի ապագայ…

Թիւերու սրընթաց բարձրացումը սակարանի անկենդան թիւերու բարձրացում չէ լոկ, այլ մարդկային սպանդի պատկերի մթագնում, լիբանանեան արեան ծովու ալեկոծում ու խորացում, ցաւի սաստկացում, սուգի սեւ սաւանի տարածում Պէյրութի տարբեր մարդաշատ շրջաններու վրայ…

Այս թիւերուն տէրերը ապրող ու արարող շնչաւորներ էին, իրենց ամուսիններուն սպասող կիներ, իրենց ծնողներուն հետ ճաշի նստած զաւակներ, անմեղօրէն թռվռացող մանուկներ, երազներ հիւսող պատանիներ եւ երիտասարդներ, տունը օրհնող ծերունիներ…

Բայց յանկարծ, քանի մը վայրկեանուան մէջ անոնք դարձան անշունչ դիակներ, տարբեր աստիճանի վէրքեր ստացած ու հիւանդանոցի դրան շեմին իրենց կարգին սպասողներ, սոսկ թիւեր՝ անանուն, անհասցէ, անընտանիք, անտուն…

10 վայրկեան, 160 իսրայէլեան ռումբ, 100 թիրախ, հազարաւոր կեանքեր…

Տակաւի՛ն. իրենց ապահով երդիքներուն փլատակներուն տակ տակաւին վերջին շունչը փչողներ՝ իրենց օգնութեան հասնելու յոյսով լեցուն, մէկ երկվայրկեանի մէջ դիակներու վերածուած եւ հիւանդանոցներուն առջեւ հսկայական սառնարաններու մէջ իրենց հարազատներուն սպասող դիակներ, խելագարի նման իրենց հարազատները փնտռողներ՝ մերժելով այն հաւանականութիւնը, որ անոնք զոհուածներուն մէջ ըլլան… Ի՞նչ քաջութեամբ մայր մը դիակներու կոյտին մէջէն իր սիրեցեալ որդին կրնայ փնտռել, ի՞նչ խիղճով զաւակ մը իր հօր թերեւս այլանդակուած անճանաչելի դէմքը կրնայ որոնել, ի՞նչ մարդկայնութեամբ, մարդու իրաւունքներու ի՞նչ անհեթեթ քարոզներով կարելի է կուլ տալ այս բոլորը։

Ողբերգութիւններու ամբողջ շղթայ մը, որուն իւրաքանչիւր օղակը աւելի մղձաւանջային է, քան նախորդը, աւելի անմարդկային է, քան յաջորդը ու ընդհանրապէս շնչող էակի բանականութեան մէջ չտեղաւորուող։

Մայրաքաղաք Պէյրութը կրկին սեւեր հագաւ, անոր հողը կրկին ներծծեց իր իսկ զաւակներուն անմեղ արիւնը, կրկին սուգի գիրկը նետուեցաւ ան։

Որքան ալ փորձեմ մոռնալ, մտապատկերիս մէջ 4 օգոստոս 2020-ի պայթումն ու անոր պատճառած հսկայական մղձաւանջը իրենք զիրենք կը պարտադրեն, այն ատեն ալ շնչաւորներ քանի մը վայրկեանուան մէջ դարձան անշունչ թիւեր, վիրաւորները հիւանդանոցներուն մէջ իրենց արիւնոտ կուրծքին տեղադրուած թիւեր եղան սոսկ։

Կրկին լացաւ Պէյրութը, ողբացին լիբանանցիներ, յաւերժ լռեցին զոհերը, աղաղակեցին անոնց հարազատները…

8 ապրիլ 2026-ին կրկնուեցաւ նոյն բեմագրութիւնը, մահը, աւերն ու վիշտը կրկին իրենք զիրենք պարտադրեցին…

Ո՞ւր է մարդկութիւնը, ո՞ւր կը ննջեն մարդկային իրաւունքներու մասին քարոզողները, որոնք իրենց հանգիստ անկիւններուն մէջ բազմած կը դիտեն պարզապէս՝ նոյնիսկ խօսքեր արտասանելու անկարող։

Ու անգամ մը եւս կը մահանայ մարդկայնութիւնը, դիակներուն կոյտին մէջ կը խեղդուին մարդկային իրաւունքները, փլատակ շէնքերուն տակ վերջին շունչը կը փչէ մարդկային խիղճը…

Կը մնան սգացողներուն աղաղակները, իրենց վէրքերու ցաւին տակ տնքացողներուն աղաչանքները, փլատակներուն տակ բացայայտուելու եւ արժանավայել յուղարկաւորութեան արժանանալու սպասող զոհերը… Կը շարունակեն հնչել մեծաթիւ բջիջայիններ, որոնց պատասխանողներ պիտի չըլլան այլեւս…

Ա՜խ Լիբանան…