Սփիւռքի Զօրաշարժին Նուիրուած Խորհրդաժողով

Հայաստան, Սփիւռք

Ապ­րի­լ 11-12 ­Փա­րի­զի մէջ պիտի իրականացուի Սփ­իւռ­քի զօ­րա­շար­ժին նուիրուած խորհրդա­ժո­ղով, ո­ր միտ­ուած պիտի ըլլայ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հա­յութիւ­նը ցնցած ան­նա­խըն­թաց տագ­նապ­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մա­կա­յե­լուն։

2018 թուա­կա­նէն ի վեր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տութ­եան իշ­խա­նութ­իւն­նե­րուն կող­մէ հայ­կա­կան ազ­գա­յին շա­հե­րէն՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղասպա­նութեան եւ Ար­ցա­խի թղթած­րար­նե­րէն հրա­ժար­ի­լը (որուն իբրեւ արդիւն­ք Ար­ցա­խի բռնի հա­յա­թա­փումն է), ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան ինք­նութեան դէմ ուղղուած սպառ­նա­լիք­ներն ու ազ­գա­յին հաս­տա­տութ­իւն­նե­րու դէմ յար­ձա­կում­ները ան­նա­խըն­թաց օր­հա­սա­կան ի­րադ­րութիւն ստեղ­ծած են ամ­բողջ հայ­կա­կան աշ­խար­հի հա­մար։

­Կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­ժո­ղո­վին նպա­տակն է հաւա­քա­բար քննար­կել ի­րա­վի­ճա­կը, զօ­րա­շար­ժի են­թար­կել Սփ­իւռ­քը՝ ձե­ւաւո­րե­լով միաս­նա­կան ու նպա­տա­կաուղղ­ուած դիր­քո­րո­շում՝ ի պաշտ­պա­նութ­իւն եւ հզօ­րա­ցում ­Հա­յաս­տա­նի պե­տութեան, հայ­կա­կան սփիւռ­քի եւ, առ­հա­սա­րակ, հայ­կա­կան ազ­գա­յին շա­հե­րու եւ ­Հայ Դա­տի։

­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը պիտի հա­մախմ­բէ ա­ւե­լի քան 25 երկ­րի շուրջ 150 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ներառեալ՝ հա­մայն­քա­յին ա­ռաջ­նորդ­նե­ր, կազ­մա­կեր­պութ­իւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­ր, հան­րա­յին-քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­ր, գիտ­նա­կան­նե­ր, մաս­նագէտ­նե­ր, գոր­ծա­րար­նե­ր եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­ր։

Օ­րա­կար­գի ա­ռանց­քա­յին կէ­տերն են՝
— Սփ­իւռ­քի ռազ­մա­վա­րա­կան դերը ազ­գա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րու լուծ­ման գոր­ծին մէջ եւ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը.
— Ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ ­Հա­յոց ե­կե­ղե­ցւոյ կա­րե­ւո­րութիւ­նը Սփիւռ­քի մէջ՝ հայ­կա­կան ինք­նութեան պա­հպան­ման ա­ռու­մով. նոր ի­րա­վի­ճա­կի մար­տահ­րաւէր­նե­րը.
— ­Հա­յաս­տան-Սփ­իւռք յա­րա­բե­րութիւն­նե­րու հիմ­նա­հար­ցեր եւ հո­րի­զոն­ներ, Սփ­իւռքը իբ­րեւ հայ­կա­կան աշ­խար­հի փա­փուկ ու­ժի բա­ղադ­րիչ.
— Սփ­իւռ­քի զօ­րա­շարժ եւ վե­րաշ­խու­ժա­ցում՝ յա­նուն հա­մա­հայ­կա­կան նպա­տակ­նե­րու։

Ա­ւար­տին՝ խորհր­դա­ժո­ղո­վը աշ­խար­հասփ­իւռ հա­յութ­եա­ն պիտի դի­մէ կոչ-յայ­տա­րա­րութեամբ, ո­րուն պիտի յա­ջոր­դեն քա­ղա­քա­կան, տե­ղե­կատ­ուա­կան, հա­մայն­քա­յին եւ այլ նա­խա­ձեռ­նութիւն­ներ։

ՍՓԻՒՌ­ՔԻ ԶՕ­ՐԱ­ՇԱՐ­ԺԻ
ԽՈՐՀՐԴԱ­ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ ՀԱ­ՄԱԴ­ՐՈՂ ԿԱԶՄ