Փետրուարեան Ապստամբութիւնը. Ազատութեան, Պետական Արժանապատուութեան եւ Հոգեւոր Ինքնութեան Համազգային Շարժում․ Յակոբ Ճանպազեան
Փետրուարեան ապստամբութեան 105-ամեակ:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Փետրուարեան ապստամբութիւնը կը մնայ այն եզակի ձեռքբերումներէն մէկը, երբ ժողովուրդը ամբողջական կամքով եւ վճռակամութեամբ ոտքի կանգնեցաւ իր ազատութեան, արժանապատուութեան եւ պետական ինքնութեան պաշտպանութեան համար: 1921 թուականին պոլշեւիկեան բռնատիրութեան լուծին տակ ճնշուած հայ ժողովուրդը իր պատմական պատասխանատուութեան գիտակցեցաւ եւ աշխարհին առջեւ պարզեց այն հռչակագիրը, որ այս յստակ ու թափանցիկ կոչով յայտարարեց` «Պոլշեւիկեան իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ կործանած է».
Քաղաքացինե՛ր,
«Պոլշեւիկեան իշխանութիւնը Հայաստանում վերացուած է:
Մինչեւ կառավարութեան կազմելը` ամբողջ իշխանութիւնը գտնւում է Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի ձեռքը: Ամէն քաղաքացի պէտք է պաշտպանի կարգն ու օրէնքը: Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի կողմից հրատարակուած բոլոր կարգադրութիւնները խիստ կերպով պէտք է կատարուեն քաղաքացիների կողմից:
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԱԽԱԳԱՀ`
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
1921 թ. փետրուար 1918
ԵՐԵՒԱՆ
Այս շարժումը պատահական ընդվզում մը չէր. ան իր մէջ կը կրէր` պետական մտածողութիւն, ռազմավարական ծրագիր եւ ազգային ինքնագիտակցութիւն: Անոր կազմակերպիչ ուժն ու դրօշակակիրը եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ իր գաղափարական հաւատարմութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ ստանձնեց ժողովուրդը առաջնորդելու ծանր ու վտանգաւոր պարտականութիւնը:
Շատեր փետրուարեան համաժողովրդային պոռթկումը դիտեցին որպէս արկածախնդրութիւն, ուրիշներ հայութեան այս ազատատենչ ոգին շփոթեցին եղբայրասպան կռիւներ հրահրելու անխոհեմ քաղաքականութեան հետ: Սակայն փաստը կը մնայ վճռորոշ, որ Փետրուարեան ապստամբութեամբ, նախ եւ առաջ` մեր ժողովուրդը ամբողջութեամբ, ցոյց տուաւ համայնավար իշխանաւորներուն եւ ճնշուած ժողովուրդներուն, որ հայը չ՛ընկրկիր, չի կրնար իր վիզին կրել բռնակալութեան լուծը, եւ ապա օրուան հայ քաղաքական, ազգային ղեկավարութիւնը գիտէ ապահովել եւ ձեւաւորել միջոցներ` իր ձեռքով ազատագրելու մեր երկիրը պոլշեւիկեան դահիճներու սուրին զոհ դառնալու ստոյգ վտանգէն:
Պատի՛ւ ու յարգանք` անցեալի եւ ներկայ բոլոր քաջազուններուն, որոնք հայ մարդու ազատութեան ու հայրենիքի փրկութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերեցին Հայաստանի հողին վրայ եւ չընկրկեցան թշնամիին գնդակներուն կուրծք դնելէ:
Հիմա, երբ 105 տարիներ անցած են պատմական այդ թուականէն, Փետրուարեան ապստամբութեան պատգամը տակաւին կը մնայ թարմ նախորդ ու նոր սերունդի յիշողութեան մէջ: Իրաւամբ, հայ ժողովուրդը վերջին քանի մը տարիներուն դարձեալ գտնուեցաւ բռնատիրական վարչակարգերու դէմ պայքարելու հրամայականին առջեւ: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու դաւաճանական քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ ստեղծեցին քաոսային իրավիճակ եւ Արցախ հայաշխարհը յանձնեցին Ազրպէյճանի բռնապետութեան ճիրաններուն` բռնի տեղահանելով արցախահայութիւնը իր դարաւոր բնօրրանէն:
Այսօր կը տեսնենք, թէ վտանգը միայն արտաքին չէ: Ներսէն եւս կը կրծուին մեր հայրենիքն ու պետութիւնը` ապազգային եւ պարտուողական իշխանութիւններու կողմէ, որոնք ոչ միայն ձախողած են պաշտպանելու հայրենիքը, այլ նաեւ կը հալածեն` մեր քրիստոսահիմն հաւատքը, Հայ առաքելական Սուրբ Աթոռ Էջմիածինը, ազգընտիր վեհափառ հայրապետը եւ անոր հաւատարիմ հոգեւորականները: Այս բոլորը ուղղուած են մեր ազգային ինքնութեան հիմքերը խորտակելուն եւ հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը նսեմացնելուն:
Ազրպէյճանի բռնապետ Ալիեւի սադրիչ եւ անհիմն յոխորտանքները, թէ` Հայաստանի սահմանները իրենց «սեփականութիւնն» են, կը բացայայտեն նոր պատերազմի մը ուղիղ կոչ: Այս լուսարձակին տակ լռութիւնը այլեւս պէտք է նկատենք մեղսակցութիւն համընդհանուր այս երեւոյթին ու յայտարարին առջեւ:
Սփիւռքը` որպէս հայութեան երկրորդ եւ կարեւորագոյն լծակից թեւը հայրենիքի, պարտաւոր է դուրս գալ իր ընկճուած դիրքերէն եւ վերածուիլ համազգային շարժիչ ուժականութեան, ինչպէս եղաւ 44-օրեայ պատերազմական օրերուն: Այո՛, սփիւռքը իր քաղաքական, հոգեւոր, կազմակերպչական եւ տնտեսական ամբողջ ներուժը վերականգնելով` իրաւունք պէտք է ունենայ մասնակիցը դառնալու հայրենիքի ընդհանուր մտահոգութիւններուն, աստիճանական վերելքին եւ գործելակերպին, եւ չարտօնէ, որ վանողական քաղաքականութիւն մը որդեգրուի եսակեդրոն, աթոռամոլ ու անմխիթար ներկայ դաւաճանական իշխանաւորներու կողմէ:
Այսօր այլեւս ժամանակ չկայ կիսատ լուծումներու, խոնարհ լռութեան, պնակալէզ եւ կեղծապաշտ լոզունգներ արտասանելու` խաղաղութեան համար:
Կը հաւատամ` Փետրուարեան ապստամբութեան ոգին այսօր դարձեալ կոչ է համայն հայութեան:
Ժամանակն է ոտքի կանգնելու: Ժամանակն է ըսելու` բաւակա՛ն է:
Թորոնթօ
