Մայր Աթոռի Մէջ Տեառնընդառաջի Նախատօնակը Կատարուեցաւ

Հայաստան

Փետրուար 14-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Տեառնընդառաջը` 40-օրեա մանուկ Յիսուսի` տաճարին ընծայման տօնը, որուն սկիզբը ազդարարուեցաւ Փետրուար 13-ի երեկոյեան:

Տօնին առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եկեղեցականներու հանդիսաւոր թափորին ուղեկցութեամբ մուտք գործեց Մայր Տաճար, ուր Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ:

Ապա տեղի ունեցաւ տարուան առաջին Անդաստանի կարգը, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը։

Այնուհետեւ «Քրիստոս փառաց» տաղի ներքոյ Մայր Տաճարի Իջման Սուրբ Սեղանի կանթեղէն վառած մոմով Նորին Սրբութիւնը Յիսուս Քրիստոսը խորհրդանշող կենսատու լոյսը փոխանցեց ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդին:

Արարողութեան աւարտին եկեղեցականաց թափորը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռի միաբանական շէնքի շրջափակ, ուր ներկայութեամբ բազում հաւատաւոր հայորդիներու, Ամենայն Հայոց Հովուապետի ձեռամբ վառեցաւ Տեառնընդառաջի խարոյկը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հաւատաւոր հայորդիներուն ընծայեց խաչեր:

Տեառնընդառաջի տօնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած է նորապսակներու օրհնութեան օր: Այս առիթով Փետրուար 14-ին` Մայր Տաճարի եւ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուող Սուրբ Պատարագի աւարտին, պիտի կատարուի նորապսակ զոյգերու օրհնութեան կարգ:

Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2026/02/13/307124