ՀԵՌՈՒ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ. Ափրիկեցիք Չեն Ուզեր Լուռ Մնալ․ Սարգիս Մասհէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ուքրանիան, Կազան, Իրանը, մեզի համար՝ Արցախ-Հայաստանը վերջին տարիներուն կը կազմեն տագնապի կիզակէտեր, որոնք իրենց վրայ կեդրոնացուցած են աշխարհի ուշադրութիւնը: Կան, անշուշտ, այլ հարցեր, ինչպէս՝ կենսոլորտի, գաղթականներու եւ այլ տագնապները, որոնք նոյնքան ուշագրաւ են աշխարհի համար, սակայն առաջին շարքը ուրիշ հարցերէ կը տարբերի՝ իր մահացու եւ քանդիչ յատկանիշներուն հետեւանքով:

Վերոյիշեալ՝ տիրապետող ու կարծէք թէ մնայուն դարձած տագնապներուն քովն ի վեր, մերթ ընդ մերթ կը փայլատկեն այլ հարցեր, ինչպէս՝ Քորէայի թերակղզիին, Հնդկաստան-Փաքիստան հակամարտութեան, Թայուանի եւ ափրիկեան այս կամ այն երկրին հարցերը, անոնց շարքին՝ արիւնալիներ (Սուտան, Եթովպիա…), որոնք սակայն շուտով լուսանցքի վրայ կը հրուին տիրապետողներուն «տաք»ութեան պատճառով: Սա բնական է, մանաւանդ որ միջազգային մամուլն ալ, շահադիտական որոշ նկատառումներով, լուսարձակները կը պահէ «տաք»երուն վրայ:

Եթէ պահ մը մեր աչքերը սեւեռենք յիշեալ՝ առատօրէն ծանուցուող տագնապներէն ու վերիվայրումներէն քիչ մը անդին, մանաւանդ եթէ որոնենք հանրածանօթ եւ տիրապետող լրատու մեքենաներէ մեկուսի ինկած որոշ աղբիւրներ, մեր աչքին դիմաց կը պարզուին հեռու ինկած հորիզոններ, ուր տեղի կ՛ունենան «ընկալեալ»ներէն անդին մնացող զարգացումներ ու վերիվայրումներ: Օրինակները բազմաթիւ են, այս սիւնակին մէջ պիտի փորձենք հակիրճ կերպով կանգ առնել երկրի մը եւ անոր ղեկավարին վրայ, որ մեծ աղմուկ բարձրացուց ու կը բարձրացնէ, եւ սակայն արեւմտեան աշխարհի հանրութեան մտածողութիւնը ձեւաւորող լրատու-քարոզչական մեքենաներու մէջ լայն տեղ չի գրաւեր․ կարգ մը աղբիւրներու մէջ մինչեւ իսկ հազիւ թէ հպանցիկ յիշատակումներ կը գտնէք անոնց մասին:

ՊՈՒՐՔԻՆԱ ՖԱՍՈՅԻ ԳՆԴԱՊԵՏ ԹՐԱՈՐԷՆ

Երկիրը կը կոչուի Պուրքինա Ֆասօ (նախապէս կը կոչուէր Վերին Վոլթա), իսկ նախագահը՝ գնդապետ Իպրահիմ Թրաորէ: Ստեղծած շարժումին մասին լայն տեղեկութիւն կարելի է քաղել «Եու-թիւպ»ի կայքերէ, քան աւելի տարածուն եւ պատմութիւն կերտած լրատու աղբիւրներէ: Մեր այս սիւնակին հում նիւթերն ալ մեծ մասամբ քաղած ենք այդ աղբիւրէն: Մէկ քանին կրնաք գտնել վարը (*):

Նախ քանի մը բառով խօսինք «տարօրինակ» նախագահին մասին, որ արեւմտեան քարոզչամեքենաներուն կողմէ կը հռչակուի իբրեւ զինուորական բռնատէր, անոր վարչախումբը՝ իբրեւ «խունթա», մինչդեռ ափրիկեան կարգ մը երկիրներ ու մանաւանդ զանգուածներ անոր մէջ կը տեսնեն Ափրիկէի ինքնորոշման եւ իսկական անկախացումի ձայնը, օտարներու ուղղակի եւ անուղղակի տիրակալութենէն ու շահագործումներէն ձերբազատելու համար բարձրացած դրօշ մը: Ինք առանց բառերը ծամծմելու ինքզինք կը կոչէ յեղափոխական մը՝ առանց այս կամ այն որակումի կամ գոյնի:

Իպրահիմ Թրաորէ իշխանութեան հասաւ մօտաւորապէս 3 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 2022ին, զինուորական պետական հարուածի մը ճամբով: Ան անմիջապէս բարձրացուց «Ափրիկէն՝ ափրիկեցիներուն», «ո՛չ՝ մեր հանքերուն օտարներու կողմէ շահագործման» եւ նման նշանախօսքեր (ու պէտք չէ զարմանալ, որ նոր-գաղթատիրութիւն ծաւալող Արեւմուտքին համար ան անցանկալի մէկն է), ճամբայ հանեց ոսկիի եւ այլ հանքերու ազգայնացման ծրագիրներ (շա՜տ տարբեր՝ Հայաստանի մէջ ելեկտրաբաշխումի ցանցը իշխանաւորներուն հակակշիռին տակ առնող քայլերէն): Ան նաեւ սուր քննադատ մըն է արեւմտեան խեղաթիւրեալ ժողովրդավարութեան, մանաւանդ զայն Ափրիկէ «ներածելու» ընտրանքին, զայն կը նկատէ ափրիկեան երկիրները պատուհասող աղէտ մը, աղքատութեան գլխաւոր մէկ պատճառը, ընկերային տագնապներու թխսարանը (իսկ Հայաստանի մէջ Արեւմուտքի քարոզածը «մոտա» է: Չենք անտեսեր իսկական Ժողովրդավարութեան բարիքները):

CREATOR: gd-jpeg v1.0 (using IJG JPEG v62), quality = 82

Անոր իշխանութեան գալը զուգադիպեցաւ դրացի երկիրներու՝ Մալիի եւ Նիճերի մէջ ֆրանսական ուժերու հեռացումը պահանջող շարժումի մը, որուն նորագոյն օղակը եղաւ Սենեկալը՝ քանի մը օր առաջ (քարտէսին վրայ յստակօրէն կ՛երեւի, թէ այդ երկիրները Ափրիկէի կեդրոնական-արեւմտեան գօտիին մէջ լայն շերտ մը կը կազմեն, կրնան տարածուիլ դէպի արեւելք), իրե՛նց տագնապները ապրող-ապրած Լիպիոյ, Ալճերիոյ – եւ Մաւրիտանիոյ – անմիջական դրացնութեան մէջ: Այս երկիրները, ինչպէս բազմաթիւ դրացիներ, կը յատկանշուին նաեւ «ներքին խլրտումներով» եւ մանաւանդ «իսլամական» ոճրային խմբաւորումներու յաճախադէպ սպանդներով (իսկ այսօր շատ աւելի յստակ է, թէ ո՞վ, որո՞նք կը կանգնին այդ ոճրախումբերուն ետին, կը հովանաւորեն ու կը զինեն զանոնք. անոնց շարքին… Թուրքիան, որուն «նուաճումներուն» ականատես եղանք մեր Արցախին մէջ):

Թրաորէի յայտարարուած նպատակներուն շարքին եղան ափրիկեան սեղմ խմբաւորումի մը կազմաւորումը՝ Նիճերի եւ Մալիի հետ, մի՛շտ կանգնելու համար օտարներու շահագործումներուն դէմ: Այս խմբաւորումին մէջ դէտեր կը տեսնեն մերձեցում՝ Ռուսիոյ հետ: Հոս արդէն ձեւաւորուած է ուշագրաւ պատմութիւն, որուն վրայ չենք ուզեր երկար կանգ առնել, այլ եկէ՛ք, կեդրոնանանք Սեւամորթ Ափրիկէի ինքնորոշման ձայնը եղող այս երիտասարդին վրայ (37 տարեկան է. պարզ զուգադիպութեամբ մը ծնած է այն օրերուն՝ Մարտ 1988ին, երբ մեր Արցախեան շարժումը նոր սկսած էր):

Վերջին ամիսներուն, նաեւ վերջին քանի մը օրերուն, Թրաորէ բաւական աղմուկ – եւ զայրոյթ – բարձրացուց միջազգային «աւանդական» բեմերու վրայ եւ ղեկավարներու շրջանակներուն մէջ: Անոր թիրախները եւ հակաճառումի առանցքները միայն քաղաքական մարդիկ չեն, այլ նաեւ ակադեմականներ, մինչեւ իսկ նոր պապը, որուն հետ ունեցած զրոյցը ցնցում յառաջացուց քիչ մը ամէն տեղ, ու պապը ընդունած է, որ ան արդար յուշարար մըն է քրիստոնէական սկզբունքներուն ու յեղափոխական Քրիստոսին (վարի աղբիւրներէն վերջինը): Այդ ժապաւէնը դիտողը պիտի տեսնէ, որ երբ իսլամ ափրիկեցի մը Քրիստոսի մասին լուսաբանութիւն կու տայ պապին, հակադրութեան կամ հալածանքի փորձ չ՛ըներ, այլ կը թօթուէ իրեն երկարած՝ գործակցութեան եւ համերաշխութեան ձեռքը…:

Այլ աղմկայարոյց դէպք մը: Ամիս մը առաջ, ան բառացիօրէն ցեխի մէջ կոխեց Օքսֆորտի յարգուա՜ծ պատմաբաններէն մէկը, երբ Ափրիկէի բարգաւաճման յատկացուած համագումարի մը ընթացքին, փաստերով հակաճառեց դասախօսին այն յայտարարութեան, թէ՝ Ափրիկէն մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ ո՛չ մէկ ներդրում ունեցած է, ու պապանձումի մատնեց զայն (tiktok.com/@giantswithoutgraves/video/7510328925462220078):

Սակայն, անոր հակայարձակումները նոր գագաթնակէտեր նուաճեցին վերջին այս ամիս, երբ ան ուղղակի բանավէճի անցաւ Իսրայէլի ամենազօ՜ր վարչապետին՝ Նեթանիահուի հետ, որ մեկուսի զրոյցի մը պահուն, եւ առանց անդրադառնալու՝ որ բարձրախօսը կը բանի, վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ արձակած էր Թրաորէի հասցէին (զայն որակած է զինուորական տարազով կապիկ): Թրաորէի հակադարձութիւնը եկաւ քանի մը օր ուշ: Ան նախ յայտարարեց, որ «առիւծները ճանճորսութեամբ չեն զբաղիր», սուր կերպով դատապարտեց կազացիներու դէմ Նեթանիահուի իշխանութեան ոճիրները եւ ընդհանրապէս տիրակալութեան ձգտումները (ի դէպ, ոճիրները կը շարունակուին Կազայի մէջ, «նոր շրջան»ի զոհերուն թիւը անցած է հազարը, մեծ մասամբ՝ սննդաբաշխումի սպասող սովահարներ, որոնց վրայ ամէն օր կուրօրէն կը կրակեն իսրայէլեան բանակի զինուորները…), այլ նաեւ անոր նուաստացուցիչ խօսքերը ընկալեց, անձնականէ անդին՝ նոյնինքն Սեւ Ափրիկէին ուղղուած վարկաբեկում, 72 ժամ պայմանաժամ ճշդեց, որպէսզի Նեթանիահու սրբագրէ կեցուածքը, իսկ երբ Նեթանիահու իրողապէս անպատասխան թողուց զինք եւ ՄԱԿի մէկ ժողովին, փորձեց լղրճուկ արտայայտութիւններով դարմանել եղածը, պուրքինա-ֆասոցի նախագահը օդին մէջ թողուց իրեն երկարած անոր ձեռքը: Յետոյ, Թրաորէ պատժական քայլերու անցաւ իսրայէլացիներու դէմ. առկախեց Պուրքինա Ֆասոյի մէջ իսրայէլացիներու դրամատնային գործառութիւնները, ափրիկեան 15 երկիրներու գերաստիճան մը հրաւիրեց, դէմ դնելու համար նոր գաղութատէրերու ճնշումներուն եւ միջամտութիւններուն, վերջապէս՝ կոչ ուղղեց ափրիկեան երկիրներու, որպէսզի վերատեսութեան ենթարկեն Իսրայէլի հետ իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Անմիջական արձագանգը եկաւ Մալիէն ու Չատէն, որոնք Թել Աւիւէն տուն կանչեցին իրենց դեսպանները:

Նորագոյն այս իրադարձութիւնները զուգադիպեցան այն օրերուն, երբ Նեթանիահուի կառավարութեան հիմերը աւելի՛ խախուտ դարձան (կրկնենք՝ զուգադիպեցան): Ծանօթ է, որ ծայրայեղ աջակողմեան կրօնամոլ կուսակցութիւն մը քաշուեցաւ կառավարութենէն եւ Նեթանիահու կորսնցուց խորհրդարանի մեծամասնութեան յենարանը…

Եթէ շարունակենք պեղել Թրաորէի նմանօրինակ՝ յանդուգն եւ ընկալեալ դրոյթները վերիվայր շրջող արարքները, կրնանք յիշատակել նաեւ գոնէ մէկ քանին. ան բուռն կերպով հակադարձած է զինք «անկիւնը դնել փորձող» լրագրողներու եւ պետական անձնաւորութիւններու, իր խօսքերը խեղաթիւրող ՄԱԿի թարգմանի մը, եւ լռութեան մատնած է զանոնք (ինչպէս ըրած էր յիշեալ դասախօսին), չէ խնայած նախագահ Թրամփին, անոր բանբերին եւ եւրոպացի այլ պաշտօնատարներուն:

Այս հակամարտութիւն(ներ)ը – որ,  կրկնենք, ընդհանրապէս եւ ո՛չ զարմանալիօրէն հեռու կը պահուի միջազգային ծանօթ լրատու աղբիւրներու լուսարձակներէն -, կրնայ նոր զարգացումներ ապրիլ: Դէտերը կ՛ըսեն, որ սա պարզ ու ժամանակաւոր «գզուըրտոց» չէ, այլ նախանշանն է աւելի լայն շարժումի մը, եթէ անշուշտ… հակահարուածները ի վերջոյ չկասեցնեն զայն: Իսկ հակահարուածները բազմաթիւ են ու բազմակողմանի:

ՄԱՀԱՓՈՐՁԵՐ

Զարմանալի պիտի թուի՞, եթէ արձանագրենք, որ այս երիտասարդ զինուորականին եւ ընտանիքի անդամներու դէմ կատարուած են բազմաթիւ մահափորձեր, վերջինը՝ 22րդը՝ չորս օր առաջ՝ 16 Յուլիսին: Դաւադիրներուն շարքին եղած եւ իսրայէլեան «Մոսատ»ի գործակալ մը, իր կողքին կանգնած զինուորականներ, ծայրայեղական ահաբեկիչներ եւ այլն: Կարգ մը դիտողներ կը տեսնեն, որ նման փորձեր աւելի՛ կը բարձրացնեն անոր վարկը, ո՛չ միայն իր երկրին՝ Պուրքիան Ֆասոյի, այլ նաեւ ամբողջ Ափրիկէի տարածքին, արձագանգներ կը գտնեն ինքնիշխանութեան, սեփական ճակատագիրի եւ հայրենիքի հարստութեանց տէր կանգնելու համար պայքարողներու աչքին:

Ո՞ւր են այս երիտասարդ զինուորականին հմայքին աղբիւրները:

Նախ հոն, որ ան որոշած է չլռել Ափրիկէն եւ ընդհանրապէս ճնշուածները, հարստահարուողները նուաստացնող խօսքերուն եւ արարքներուն դէմ, բարձրացուցած է ափրիկեան միասնութեան դրօշը եւ կը գտնէ համակիրներ (ծանօթ է, որ ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներու իշխանութիւններ իրողական կապանքներու տակ են նոր-գաղութարարներու կողմէ՝ Սպիտակ Տուն եւ Եւրոպա), կը պահանջէ, որ օտար երկիրներ իրենց զօրակայանները հեռացնեն ափրիկեան երկիրներէ, վերջ տան բնական հարստութեանց սանձարձակ շահագործման, որոնց հետեւանքով, իսկապէս հարուստ երկիրներու մէջ աղքատութեան համեմատութիւնը մրցանիշներ կը կոտրէ: Ան քաջածանօթ է Ափրիկէի պատմութեան եւ բազմադարեան մշակոյթին, նուաճումներուն, տեղին կը ցուցահանէ պատմութեան պայծառ էջերը (չմոռնանք, որ հայերուս մէջ ալ կան «գիտուններ», որոնք արհամարհանքով կը խօսին Ափրիկէի մասին. օրինակ՝ երբ մեր հայրենիքի այլանդակ իշխանութիւններու կամ անոր քարոզչութեան գերի դարձած զանգուածին մասին կը խօսին քննադատաբար՝ կ՛ըսեն. «ափրիկեան երկիրներու մէջ իսկ նման բան չէք տեսներ», մինչդեռ Ափրիկէն կրնայ դասեր տալ աշխարհին), գիտէ, որ իրենք ժառանգորդներն են թագաւորներու եւ թագուհիներու, որոնց երկիրները, կայսրութիւնները փառք, հզօրանք եւ մշակոյթ ու գիտութիւն կերտած են, եւ օր մըն ալ ստրակացուեցան, եւ ստրկացնողներու գծաքաշներով քարտէսներ կազմուեցան (ասոնք բան մը կ՛ըսե՞ն արդեօք մեզի՝ հայերուս, երբ մեր հայրենիքին սահմաններն ալ կը կծկուին օտարներու, թշնամիներո՛ւ գործակատարը դարձած իշխանախումբին ձեռքով):

ՄԵՆՔ Ո՞ՒՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻՆՔ

Այս հպանցիկ ակնարկով, նպատակ չունինք իտէալականացնելու ԱՆՁ մը, որ կրնայ նաեւ իր թերութիւնները ունենալ, այլ փորձեցինք ուշադրութիւն հրաւիրել լուսարձակներէ հեռու պահուող ձայնի մը, շարժումի մը ուղղութեամբ, որ հաճոյ չէ մեծապետական եւ նոր-կայսերական շահերու դիտանկիւնէն: Ուշագրաւ է, որ Պուրքիան Ֆասոն եւ դրացի-դաշնակիցները կը հետապնդեն ինքնիշխանութեան ամրապնդում, սեփական ճակատագիրի տիրութիւն եւ չարաշահողներէ ձերբազատում: Ասոնք «սովորական» բաներ չեն այսօրուան ԴՐԱՄԱՏԻՐԱԿԱՆ աշխարհին մէջ, մարդիկ կը տարուին թերահաւատութեամբ լսելու նման ձայներ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ նոյն այս – ու նման – երկիրները անցեալին յաջողութեամբ իրականացուցած են իրենց անկախական շարժումները, եւ հիմա, շահած են իրենց անկախութիւնները եւ հայրենատիրութիւնը այս կամ այն ձեւով ոտնատակ ընելու միտող ճնշումներուն դէմ ելլելու փորձառութիւնը: Ուշագրաւ է նաեւ, որ այս յեղափոխական շարժումին դրօշակիրը, զայն մարմնաւորողը՝ պարզ գնդապետ մըն է, եւ ո՛չ թէ բարձրաստիճան բանակային մը…

Իսկ այդ հեռու ինկած հորիզոնները մեզի ըսելիք ունի՞ն:

20 Յուլիս 2025

            (*) 1. https://youtu.be/hzA4921NKwU?si=98-0rvRDvBVV8-KK

                 2. https://youtu.be/7pTDQ18-_o8?si=YPIQfbD40pV90G08

                 3. https://youtu.be/Xkg0TK9U_RU?si=jtiQb3AAxZN9t44n

                 4. https://youtu.be/OZ0PUUJ2yXA?si=IEAN2n0htkEvxdtj