Կրկնուող Եւ Շարունակուող Ցաւը․ Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Այս հայուն ցաւն էՑեղասպանութիւնը, որ հայը իր էութեան եւ ինքնութեան մէջ շալկած է 110 տարիներէ ի վեր: Բայց ցաւը այսօր դարձած է համատարած: Եթէ մէկ կողմէ սա հայուն ցաւն է, բայց նաեւ ամբողջ աշխարհինը: Այս ցաւը կը կրկնուի եւ կը շարունակուի համաշխարհային ընտանիքին առջեւ, բայցառանց  հաշուետուութեան կանչելու եւ դատապարտելու զայն գործադրող կողմերը: Եթէ նոյնիսկ ըլլայ դատապարտում, այդ մէկը խօսքի սահմաններէն անդին չ՛անցնիր: Ահա թէ ինչո՛ւ պատմաբաններ եւ գիտնականներ ընդգծած են այն իրականութիւնը, որ եթէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը հայոցը, դատապարտուէր, այդ պիտի կանխէր ու արգելք հանդիսանար հետագայի ցեղասպանական բոլոր գործողութիւններուն, ներառեալ` Արցախի ցեղասպանութիւնը:

Մարտ 2025, Սքոփիէ, Հիւսիսային Մակեդոնիա: Աշխատանքի այցելութեանս ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցայ պատրիարք Սթեֆան արքեպիսկոպոսին հետ, որ գերագոյն եկեղեցական պետն է Մակեդոնիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ: Մեր հանդիպման խօսակցութեան առանցքները կազմեցին Աստուածաշունչը եւ
միջեկեղեցական յարաբերութիւնները, բայց նաեւ առիթը ունեցայ պատրիարքին ներկայացնելու հայուն պատմութիւնը: Խօսեցանք շարունակուող ցեղասպանութիւններու պատմութեան մասին, երբ հայուն ցաւը կրկնուեցաւ Արցախի մէջ, ինչ որ պատճառ եղաւ աւելի քան 120.000 հայորդիներու տեղահանութեան:

Սթեֆան պատրիարքը տեղեակ էր հայուն պատմութեան եւ կը զգար անոր ցաւը: Կը զգար, քանի ինք ալ բաժնեկցեցաւ իր ժողովուրդին ցաւը: «1946-1949 տարիներուն 100.000-է աւելի մակեդոնացիներ, որոնց շարքինաւելի քան 30.000 երեխաներ, տեղահան եղան հիւսիսային Յունաստանէն եւ ղրկուեցան արեւելեան Եւրոպայի համայնավար երկիրները: Այս 30.000 երեխաները խլուեցան եւ անջատուեցան ոչ միայն իրենց հողէն եւ հայրենիքէն, այլ նաեւ իրենց ընտանիքներէն», ըսաւ պատրիարքը, որուն դէմքին վրայ կար այդ ցաւին ձգած վիշտը: «Այս երեխաները չկրցան տեսնել իրենց ծնողները եւ ընտանիքը, քանի արգիլուած էր անոնց վերադառնալ իրենց հայրենի տունը»:

Սթեֆան պատրիարքը կամրջեց իր ցաւը հայու ցաւին հետ: Ես ալ կրցայ կամրջել հայուն ցաւը մակեդոնացի երեխաներուն հետ: Չէ՞ որ Արցախի 30.000 երեխաները աւելի քան տասը ամիս մնացին շրջափակման մէջ եւ զրկուեցան կենսական սնունդէ: Տակաւին ինչ խօսք, որ այդ տասը ամիսներու վրայ երկարած շրջափակումը կարգ մը միջազգային դիտորդներ յանդգնեցան անուանել «ցեղային զտում», իմա՛ցեղասպանութիւն: Այս դատապարտումը սակայն չանցաւ խօսքի սահմաններէն անդին: Եթէ հայուն կրկնուող ցեղասպանութիւնը այսօր Արցախի կորուստն է եւ հայուն բռնի տեղահանումը, բայց նոյնքան նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւնն է եւ պատմութեան ու անոր արժանահաւատութեան խեղաթիւրումը: Այս բոլորը կը պատահին միջազգային ընտանիքի ներկայութեան, ան ականատես է հայուն պատմական արժէքներուն վտանգումին եւ ոչնչացման: Ճիշդ է, որ այս արժէքները հայկական են, բայց մշակութային կոթող մը պէտք չէ դիտարկել իր ազգային պարունակին մէջ միայն: Անիկա ունի միջազգային արժէք, որ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը կը
հարստացնէ: Վերջապէս, միջազգային քաղաքակրթութեան հիմքը ազգային մշակոյթներու համախմբումն է, որ մարդկային արժէքներու գիտակցութեան բնօրրանն է: Ազգային եւ մշակութային կոթողի մը ոչնչացումը նոյնքան կորուստ է համաշխարհային քաղաքակրթութեան համար:

Այսօր դարձեալ ականատես կ՛ըլլանք պատմութեան եւ անոր արժէքներու խեղաթիւրումին, երբ Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ կը փորձուի Արցախի քրիստոնէական պատմական ներկայութիւնը յեղաշրջել կամ կասկածիլ անոր հայկական ինքնութեան վրայ: Այս բոլորըդարձեալ միջազգային ընտանիքի հովանիին ներքեւ:  Միջազգային հանրութիւնը պիտի կարենա՞յ գիտակցիլ, թէ  պատմութեան ոտնահարումը երբեք չի նպաստեր աշխարհի մէջ համերաշխ հաւաքականութիւններու ստեղծման: Ցեղասպանութիւնը համայն հայութեան ցաւն է: Եթէ սփիւռքահայերը, յատկապէս դասական սփիւռքի
ներկայացուցիչները, զրկուած են իրենց հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքէն, այդ երբեք չի նշանակեր, թէ Ցեղասպանութիւնը միայն իրենց վիճակուած է: Ցեղասպանութիւնը համայն հայութեան պատմական իրողականութիւնը յիշելու եւ պահանջելու ներկայ ու ապագայ օրերու մարտահրաւէրն է:

Այս այն ցաւն է, որ հայը կը կրէ իր ծիներուն մէջ, եւ որդարձած է հայուն ինքնութիւնն ու պատկանելիութեան գիտակցութիւնը: Այս իմաստով պէտք է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ սփիւռքահայը կը նայի Հայաստանին իբրեւ մայր հայրենիք:
Հայաստանը հայը ապրեցնող բազկերակն է, որ հայուն կեանքը պիտի տանի իր պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ: Սփիւռքահայը, անկախ իր ապրած երկրէն եւ այդ երկրէն ստացած քաղաքացիութենէն, որոնց նկատմամբ կը տածէ յարգանք եւ սէր, կը նայի Հայաստանինիբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ պետութեան եւ հայրենիքի: Ազգային, որ հայուն պիտի տայ իր պատկանելիութեան գիտակցութեան ամրացումը: Այս պատկանելիութիւնը եւ անոր գիտակցութիւնն է, որոնցմով հայը իր ցաւը շալկած, պիտի շարունակէ ապրիլ իր անհատական եւ հաւաքական կեանքը:

Հայուն ցաւը կը կրկնուի եւ կը շարունակուի: Եթէ մէկ կողմէ առկայ են ներկայ օրերու քաղաքական, պատմական եւ ռազմավարական ենթահողերն ու անոնց հաշուարկները, բայց նաեւ մարդկային կեանքը, արժէքները, իրաւունքը եւ արդարութիւնը տակաւին կը սակարկուին: Այս իմաստով կը տեսնենք, թէ
ինչպէ՛ս երբ ժողովուրդներու մարդկային արժէքները եւ իրաւունքները նժարի վրայ դրուին, «շահ»-ն է, որ կը դասուի առաջնահերթպետութիւններու ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական օրակարգերուն մէջ: Ներկայ օրերու ռազմաքաղաքական ու տնտեսական երեւոյթները ցոյց կու տան, որ հայը եւ մարդկութիւնը երեւի պիտի շարունակեն իրենց կեանքերը ապրիլ այս ցաւի իրականութեան մէջ: Եթէ սկսինք «ինչո՞ւ»-ներու մէջ գլորուիլ, պիտի կորսնցնենք մեր ուշադրութիւնը ու կեդրոնացումը, եւ այս պիտի առաջնորդէ ներքին կեանքի պառակտումի: Իսկ «ի՞նչ պիտի ընենք» հարցումը հայուն առջեւ կը բանայ լայն ու գործնական աշխատանքային եւ համագործակցութեան տեսադաշտ: «Ի՞նչ պիտի ընենք»-ը ոչ միայն անհատական, այլ նաեւ համահայկական իմաստով: Համահայկականը Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութիւնը: Ցաւ շալկող ժողովուրդ մը չի կրնար գործել առանձին: Ցաւը պիտի ստիպէ, որ հայը մէկտեղէ իր միտքը եւ կարողականութիւնը, որպէսզի դիմագրաւէ իր ազգային ու հաւաքական կեանքի առաջնահերթութիւնները: Սփիւռքը պէտք ունի Հայաստանին, իսկ Հայաստանը սփիւռքին: Ու տակաւին, Արցախըմեր բոլորին: Ինչո՞ւ չմէկտեղել եւ չներմուծել մեր համահայկական կարողականութիւնները մարդկային, մասնագիտական ու տնտեսականի սպաս մեր համահայկական օրակարգերուն: Հայուն ցաւը, որ կը կրկնուի եւ կը շարունակուի 110 տարիներէ ի վեր: Այս պիտի նշանակէ, որ հայուն կրկնուող եւ շարունակուող ցաւը իրարու հետ շաղկապուած եւ ընդելուզուած է: Վերջապէս, հայուն ցաւերը անցեալի պատմութենէն սկսած մինչեւ ներկայի օրերը, օղակի մը անբաժանելի մասերն են, որոնք կը կրկնուին եւ կը շարունակուին: Եթէ տարբեր բնոյթով,բայց նոյն ցաւին շարունակականութեան
գործընթացն է տեղի ունեցածը: Պատմութեան մէջ սկսած եւ տակաւին շարունակուող ու կրկնուող ցաւն է, որ կարելի չէ անջատել մէկը միւսէն: Հայը պարտի նաւարկել այս ցաւերուն մէջհամահայկական կեցուածքով եւ ռազմավարութեամբ: «Ի՞նչ պիտի ընենք»: Եթէ Հայաստանի շուրջ աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային զարգացումները շատ կնճռոտ եւ բարդ են, եւ այդպէ՛ս են, այս պիտի նշանակէ, որ շատ աւելի պէտք է ապաւինիլ ներքին համահայկական ուժին, որպէսզի դիմագրաւենք խնդրայարոյց եւ անլոյծ թուացող իրավիճակները: Հայուն ներքին ամուր պատուանդանը հայուն պիտի տայ աւելի զօրեղ կեցուածք: Հասկնալի է, որ քաղաքական ու դիւանագիտական բանակցութիւններու եւ հաշուարկներու մէջ կան գերզգայուն ոլորտներ, որոնք կրնան ունենալ իրենց յատուկ խաղի կանոնները: Բայց այդ ոլորտներուն եւ կանոններուն մէջ զգուշ պէտք է ըլլալ, որպէսզի չսակարկուի հայուն արժէքի գիտակցութիւնը: Հայը կը շարունակէ շալկել իր այս կրկնուող եւ շարունակուող ցաւը աւելի քան 110 տարիներէ ի վեր: Այս 110 տարիներուն վրայ երկարած ցաւը ունի նաեւ իր կանչը, որ այսօր շատ ուժեղ կը հնչէ: Այս զգաստութեան կանչն է: Հայուն զգաստութիւնը Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք: Զգաստութիւն, որ հայը
աւելի կառչի իր եռամիասնութեան գրաւականին: Այս եռամիասնութիւնը ուժ է, որ կրնայ հրաշքներ գործել: Պէտք է հաւատալ այս եռամիասնութեան ստեղծած ուժին:

Յարգա՛նքմեր անցեալի եւ ներկայի բոլոր նահատակներուն: Յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին եւ չուզեցին սակարկել հայուն ցաւը եւ անոր իրողականութիւնը: Մեր նահատակները մահացան, որպէսզի մենք այսօր այս կրկնուող եւ շարունակուող ցաւը միասին շալկենք:

ՄԻԱՍԻՆ: Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք:

Հայուն ցաւը` շարունակուող եւ կրկնուող, վերածենք ապրող եւ վկայող կեանքի:

Ապրիլ 2025