
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի Քաղաքական Ոգեկոչական Ելոյթներ Յունաստանի Մէջ (նկարներ)
Կիրակի, 27 Ապրիլ 2025-ի առաւօտուն, Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Քսանթիի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած քաղաքական ոգեկոչական ելոյթները, որոնք կազմակերպուած էին Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբի եւ շրջաններու մարզպետարաններուն համագործակցութեամբ։
Յոյն պետական, քաղաքական, ակադեմական, զինուորական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ, զօրակցական խօսքերով եւ յատուկ յայտագիրի գործադրութեամբ յարգուեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը։
Յաջորդեց դափնեպսակներու զետեղում եւ յարգանքի տուրք՝ կեդրոնական յուշակոթողներուն առջեւ։
Մանրամասն թղթակցութիւններով պիտի անդրադառնանք ելոյթներուն մեր Ուրբաթ օրուան թիւով։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»





