Մեծ Բրիտանիոյ Խորհրդարանականները Կառավարութեան Կոչ Ըրած Են Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լոնտոնի Քենոտաֆի յուշահամալիրին մօտ Ապրիլ 22-ին հաւաքուած են Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երկու պալատներու ներկայացուցիչները՝ յարգանքի տուրք մատուցելու եւ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնաժողովը՝ գրառում կատարելով X էջին մէջ։

Միջոցառման ընթացքին խորհրդարանականները հանդէս եկած են կոչով` ուղղուած Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան՝ պաշտօնապէս ճանչնալու 1915 թուականի ողբերգական իրադարձութիւնները որպէս ցեղասպանութիւն։