
Փաշինեանը, Իբրեւ Վարչապետ, Առաջին Անգամ Ըլլալով Սարդարապատ Չգնաց
ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ այսօր ընթացած է Առաջին հանրապետութեան օրուան առիթով պարգեւատրման արարողութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը, նշելով, որ արարողութեան ներկայ են ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով չայցելեց Սարդարապատի յուշահամալիր:
Յիշեցնենք, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման կողմնակիցները՝ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ՝ երէկ գացած էին Սարդարապատի յուշահամալիր եւ գիշերը անցուցած այնտեղ՝ դիմաւորելով Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման օրը՝ Մայիս 28-ը, խորհրդանշական Սարդարապատի յուշահամալիրէն ներս։