Համադրուած Ուժերով Սատարել Արցախահայութեան Ազգային Իրաւունքներու Վերատիրացումին․ Յայտարարութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Երկուշաբթի, 22 Յունուար 2024-ի երեկոյեան, ՌԱԿ-ի Ալթատինայի գրասենեակին մէջ, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները ունեցան շուրջ երկժամեայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան արցախահայութեան տարագիր իրավիճակը եւ մեր տեղական ազգային կեանքը յուզող հարցեր: Իւրաքանչիւր կուսակցութեան պատուիրակութիւն կը գլխաւորուէր իր ատենապետով կամ ներկայացուցիչով, ՍԴՀԿ-էն՝ Վազգէն Խոտանեան, ՀՅԴ-էն՝ Աւետիս Քէշիշեան, ՌԱԿ-էն՝ Թամար Փոլատեան Փերոն:

Արցախի դիմագրաւած յետ-44-օրեայ պատերազմի եւ անոր յաջորդած Սեպտեմբեր 2023-ի հայաթափման արդած իրավիճակը, ու զանոնք դիմագրաւելու քաղաքական, ընկերային, ու մարդասիրական աշխատանքներու հրամայականութիւնը քննարկուեցաւ եւ անգամ մը եւս շեշտադրուեցաւ համադրուած ուժերով արցախահայութեան ազգային իրաւունքներու վերատիրացումին սատարելը: Շեշտը դրուեցաւ մեր ազգային դատը առանց ընկրկումի հետապնդելու, ինչպէս նաեւ մեր պետականութիւնն ու անկախութիւնը առաւելագոյն ուժերու լարումով եւ նպատակասլաց աշխատանքով շարունակելուն վրայ։ Ցեղասպան Թուրքիոյ եւ անոր գործընկեր ազրպէյճանի հայաջինջ քաղաքականութիւնը կը մնայ առկայ նաե՛ւ այսօր: Պարտինք արցախահայութեան ի նպաստ մեր անմիջական զօրակցութիւնը յայտնել՝ ճգնաժամը բարձրացնելով տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներու վրայ: Հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ նախորդ տարիներուն հաստատուած աւանդութեամբ ու միացեալ ճիգերով նոր թափ տալ գաղութային կառոյցներու (AGC, UACLA), կազմակերպելու 2024 թուականի ապրիլեան ոգեկոչումները: Կը նախատեսուին նաեւ երեք կուսակցութեանց համատեղ ճիգերով ազգային այլ օրակարգեր տանիլ առաջ:

Հայ ազգն ու հայրենիքը գոյութենական պայքարի մէջ են: Բոլորի՛ս ճիտին պարտքն է միասնական շարքերով ծառայել հայրենիքին ու հայութեան: Արդ, մեր կոչն է բոլորիդ համախմբուիլ մեր ազգային ու միութենական կառոյցներուն շուրջ, գերադասել ազգայինն ու մեր իրաւունքները, եւ բերել ձեր մասնակցութիւնը ազգի անվտանգութեան եւ բարօրութեան օգտին:

ՍԴՀԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ