Հռչակագիրի Ընթերցում եւ Գոհաբանական Աղօթք՝ Արցախի Համար

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«ԱԶԱՏ ՕՐ»

­Կի­րա­կի, 28 ­Յու­նո­ւար 2024-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, ո­րուն ըն­թաց­քին փո­խան քա­րո­զին, ­Հայր սուր­բը ըն­թեր­ցեց Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին 2024 տա­րո­ւան «­Մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թիւն» խո­րա­գի­րով հռչա­կա­գի­րը։

Ս. ­Պա­տա­րա­գէն ետք, հո­գե­ւոր հո­վիւն ու ժո­ղո­վուր­դը ուղ­ղուե­ցան դէ­պի «­Խաչ­քար», ուր կա­տա­րո­ւե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք՝ Ար­ցա­խի հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար:
­Սոյն հա­ւա­քին ներ­կայ էին նաեւ ե­րեք նա­խա­րար­ներ եւ ­Թե­սա­ղո­նո­կէի քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ, որ նաեւ ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց։

Ա­ւար­տին, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Տիկ­նանց ­Միու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած գա­թա­յին հա­տու­մը, որ հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցաւ մեր սի­րե­լի ժո­ղո­վուր­դին։