Մենք Պէտք է Ձեռնարկենք Բոլոր Անհրաժեշտ Միջոցները Լեռնային Ղարաբաղի Հայերուն Երկարաժամկէտ Խնդիրները Հասցէագրելու Համար․ Կիպրոսի Նախագահ

Աշխարհ, Հայաստան

Կիպրոսի նախագահ Նիգոս Խրիսդոտուլիտես Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին ընթացքին ունեցած ելոյթով անդրադարձած է ազրպէյճանի ռազմական յարձակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան բռնի տեղահանութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։  

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մենք ականատես եղանք եւս մէկ մարդկայնական ճգնաժամի, որ կ՝առնչուի տասնեակ հազարաւոր մարդոց։ Այդ մարդկայնական սուր ճգնաժամը վերածուեցաւ տարածաշրջանէն հայ բնակչութեան զանգուածային արտագաղթի։ Մենք պէտք է ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները անյապաղ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն երկարաժամկէտ խնդիրները հասցէագրելու համար։ Միաժամանակ, անցած Սեպտեմբերի իրադարձութիւններուն հետեւանքով Հայաստանի աճող եւ հրատապ կարիքները պէտք է պատշաճ եւ համարժէք լուծում ստանան»,- ըսած է Կիպրոսի նախագահը։

Ան յայտարարած է, որ Կիպրոսը կ՝աջակցի ԵՄ-ի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման խաղաղ գործընթացին, որ, անկասկած, պիտի նպաստէ տարածաշրջանի երկարաժամկէտ կայունութեան ու զարգացման։

«Նման զարգացումը դիւրացնելու եւ խրախուսելու ցանկացած խթան պէտք է ըլլայ հաւասարակշռուած եւ մանրակրկիտ ծրագրաւորուի ու իրականացուի»,- ըսած է ան: