Նուռի Օգտակար Յատկութիւնները
Նուռը կը պարունակէ իր մէջ վիթամիններու եւ հանքանիւթերու մեծ պաշար, որոնք անհրաժեշտ են մեր օրգանիզմին: Իր իւրայատուկ բաղադրութեան համար, նուռը կ՛անուանեն նաեւ արքայական միրգ:
Ան կը պարունակէ աւելի քան 15 տեսակի ամինաթթուներ, որոնցմէ քանի մը հատը կարելի է գտնել միայն մսային մթերքներու մէջ:
Օգակար յատկութիւներ
Ընդամէնը 10 նուռի հատիկները կ՛օգնեն նուազեցնել արեան շաքարը;
Օրական մէկ նուռը 2 ամսուան ընթացքին կը բարձրացնէ ձեր հեմոկլոպինը մինչեւ բնական մակարդակի:
Նուռը կը հանգստացնէ ջղային համակարգը, կը նուազեցնէ ճնշումը եւ կ՛օգնէ ազատուելու անքնութենէն:
Օրական 10 նռան հատիկները 2 ամսուայ ընթացքին կ՛օգնէ բարելաւել յիշողութիւնը:
Նուռի կեղեւի թուրմը բորբոքային հիւանդութիւններու ատեն կ՛օգնէ ներքին օրգաններուն:
Նուռը հրաշալի միջոց է սննդականոնի (diet) ժամանակ: 1 բաժակը կ’օգնէ վերացնել սովածութեան զգացումը: Անոր բաղադրութեան մէջ կը մտնեն նիւթեր, որոնք կը բաւարարեն ախորժակը:
Եթէ դուք միշտ նուռ կ՛ուտէք, ապա ան կը նուազեցնէ սրտային եւ անօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:
Եղէք առողջ: