«Ճէնազեան» Միջնակարգի Ամանորեայ Համերգի եւ Տօնավաճառի Հասոյթին Մէկ Մասը՝ Արցախահայութեան
Յունաստանի «Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ՝ պիտի կայանայ ամանորեայ համերգ եւ տօնավաճառ։
«Ազատ Օր»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ համերգ-տօնավաճառը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-էն սկսեալ, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ։
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի օգտագործուի աւարտական դասարանի Հայաստան ճամբորդութեան, ինչպէս նաեւ՝ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան։
