Կազմակերպուածութեան Առաջնահերթութիւնը․ Վիգէն Աբրահամեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ վերջին տարիներու իրադարձութիւնները եկան ընդգծելու հրատապութիւն մը, որ երեք տասնամեակէ ի վեր կ՚անտեսէինք որովհետեւ հրապարակը աւելի աղմկալից հրատապութիւններով ողողուած էր։ Սփիւռքի տեղը եւ դերը յետ-խորհրդային աշխարհին մէջ, երբ երկաթէ վարագոյրով սահմանազատուած հայութեան այլազան հատուածները հնարաւորութիւն ունեցան եօթ տասնամեակներու բաժանումէն ետք գործել որպէս մէկ ամբողջութիւն, որպէս մէկ հայութիւն։

Փորձե՞ր. անշուշտ եղան։ Բազմաթիւ փորձեր եղան սկսեալ 1991-ի հայ գործարարներու առաջին համագումարէն մինչեւ Եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչումները, անցնելով մի քանի (եթէ չեմ սխալիր՝ թիւով 6 Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներէն։ Թէ ի՞նչ ծնաւ այդ համաժողովներէն՝ այլ խօսակցութեան նիւթ է, սակայն մէկ բան յստակ է. Հայաստանի վերանկախացումէն անցած է երեք տասնամեակ, երկաթէ վարագոյրի վերացումէն՝ քիչ մըն ալ աւելի, եւ տակաւին մեր մտքերուն մէջ առկայ է այդ վարագոյրը իր ամբողջ ահաւորութեամբ. այլապէս պիտի չշարունակէինք «Հայաստան-Սփիւռք» պարտադրեալ կաղապարին ընդմէջէն դիտել հարցերը, այլ անցած պիտի ըլլայինք աւելի ընդարձակ՝ համահայկական դիտանկիւնի։

Եթէ տակաւին կը վերադառնանք կէս դար հնութեամբ նոյն հարցադրումներուն, եթէ տակաւին չենք տեսներ, որ Հայաստան-Սփիւռք սահմանազատումները տարիէ տարի կ՚աղօտին եւ ոչ ոք կրնայ տալ այդ սահմանի ճշգրիտ բանաձեւումը, եթէ կը յամառինք Սփիւռքը դիտել իր համահայկական էութենէն անջատ, շատ հեռու պիտի չերթանք, այլ պարզապէս պիտի կրկնենք նախորդ տասնամեակներու առաջարկները եւ շարունակենք 21-րդ դարի խնդիրները դիտել 20-րդ դարի ակնոցներով։

Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար այս խնդիրները քննարկել ոչ միայն Սփիւռքի համար, այլ համահայկական դիտանկիւնէն. բոլոր հարցադրումները, որ դրած ենք այսօր Սփիւռքի համար, կրնան նոյնութեամբ դրուիլ նաեւ Հայաստանի համար։ Խնդրի էութիւնը միայն սփիւռքեան չէ, այլեւ համահայկական։

«Յանձնառու ազգային»ի կարիքը

Ուր որ ալ ըլլան, առանց կազմակերպուածութեան, հայ հաւաքականութիւնները՝ համայնք, գաղութ, գիւղ, աւան, քաղաք եւ մասամբ նորին, որեւէ արժէք չեն ներկայացներ, եւ անհատական որեւէ նախաձեռնութիւն դատապարտուած է ուշ թէ շուտ շիջման։ Իսկ մեր խնդրիրները երկարաժամկէտ են. Եղեռնէն աւելի քան 100 տարի անց, ոճրագործը տակաւին կը սպասէ, որ յոգնինք ու իր համար գլխացաւ ըլլալէ դադրինք, որ ինք հանգիստ մարսէ իր ոճիրը։ Կը սպասէ քիչ մըն ալ զարմացած, որ տակաւին կը յամենանք գոյութիւն ունենալ, մինչ մասնագիտական բոլոր հաշուարկներով մենք վաղուց պէտք է անցած ըլլայինք պատմութեան գիրկը։ Մասնագէտները մոռցած էին հաշուի առնել հայութեան կազմակերպուածութեան գործօնը։

Յետադարձ ակնարկ մը մեր անցեալ երկու դարերու ազգային թէ համայնքային կազմակերպական զանազան փորձերուն եւ իրագործումներուն վրայ, ցոյց կու տայ թէ անհատական կամ խմբակային նախաձեռնութիւնները միշտ կ՚ըլլան սահմանափակ իրենց տարողութեան եւ տեւողութեան մէջ։ Ամենաերկարատեւ եւ արդիւնաւետ նախաձեռնութիւնները միշտ ալ եղած են անոնք, որոնց կարկինը լայն բացուած է թէ՛ որպէս նախաձեռնութեան տարողութիւն, թէ՛ մանաւանդ որպէս նախաձեռնողներու եւ մասնակիցներու քանակ։ Այսինքն՝ նախաձեռնութիւնը կը դիմանայ այնքան ատեն, որքան կը դիմանան նախաձեռնողները. փոքր խմբակներու նախաձեռնութիւնները կը տեւեն, բախտաւոր պարագային, խմբակի անդամներու կեանքին չափ, իսկ աւելի յաճախ՝ մինչեւ խմբակի անդամներուն գժտութիւնը։ Իսկ եթէ նախաձեռնութիւնները կու գան աւելի մեծ հաւաքականութիւններէ, կառոյցներէ որոնք ունին նաեւ սերնդափոխութեան եւ ինքնանորոգման սովորոյթներ՝ գրաւոր թէ անգիր, ապա այդ նախաձեռնութիւնները յաջողութեան շատ աւելի մեծ հաւանականութիւն կ՚ունենան։

Մեր արդի պատմութիւնը կարելի է կարդալ որպէս ազգային կազմակերպուածութեան ձգտում, սկսելով Շահամիրեանի առաջարկներէն՝ «Որոգայթ փառաց»-ի սահմանադրական նախագիծէն, անցնելով 19-րդ դարու առաջին կէսի Պոլսոյ խմորումներէն՝ արհեստաւորներու եւ ամիրաներու պայքարով դրսեւորուած, որոնք յանգեցան արեւելքի առաջին ժողովրդավար կառոյցին՝ 1860-ի Ազգային սահմանադրութեամբ բանաձեւուած, կուսակցութիւններու եւ այլ հասարակական կառոյցներու ձեւաւորմամբ, ապա պետականութեան վերականգնմամբ, տարագիր սփիւռքի կազմակերպմամբ եւ հասնելով մինչեւ մեր օրերը։ Այս աշխատանքներն էին, որ վեց դարեր պետականազուրկ ապրած հայութիւնը, որ օտար լուծի տակ կ՚ապրէր որպէս կրօնական կառոյցներու շուրջ ծուարած հաւաքականութիւն՝ որպէս հօտ, մշտական հովւութեան կարիքը ունեցող բազմութիւն՝ զուրկ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու հնարաւորութենէն,— նոյնիսկ քրտական աշիրէթները այդ անունով կը կոչէին իրենց ենթակայ հայերը. «ռայա» բառը ունի արաբերէն արմատ (ռա՚իյա) եւ կը նշանակէ հօտ, հովիւին կողմէ հսկուող արածող կենդանիներու խումբ,— այդ անդէմ-անդիմագիծ ամբոխէն, Օսմանեան կայսրութեան բառամթերքով՝ «միլլէթ»-էն, վերակերտեցին ԱԶԳ-ը։

Բարացուցական է, որ 1860-ի Ազգային սահմանադրութեան հեղինակները դիմեցին լեզուական նորարարութեան մը. «ազգային» ածականը վերածեցին գոյականի եւ սահմանեցին «ազգային»ը որպէս գիտակից, յանձնառու հայը, որ կը հաւատայ ժողովրդավարօրէն արտայայտուող իր հաւաքական կամքին (նոյնիսկ «ազգայինճի» ածական մըն ալ ծնաւ, քիչ մը հեգնական, բնորոշելու համար ազգային հարցերուն մէջ շատ ներգրաւուածները)։ «Ազգ»-ի եւ «ազգային»-ի այս լծակցութիւնը մեծ թռիչք էր հայ իրականութեան մէջ, որուն հանգամանքներէն շատեր տակաւին կը մնան ուսումնասիրութեան կարօտ։ Ան կը սահմանէր կացութիւն մը, ուր հայը կ՚ունենար ինքնութիւն մը անկախ իր ապրած վայրէն. ան կրնար ըլլալ թագաւորի մը հպատակը կամ պետութեան մը քաղաքացին, բայց կը համարուէր հայ ազգային մը՝ աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուէր։ Եւ ան կ՚օժտուէր ժողովրդավարական տարրական իրաւունքներով, ինքնակառավարման յստակ կառոյցներով եւ լծակներով, որ մեծագոյն թռիչք էին տակաւին միջնադարեան մտայնութիւններով ապրող Արեւելքին համեմատ։

Անշուշտ հայութեան արձանագրած այս որակական թռիչքը առաջին իսկ օրէն ունեցաւ իր հակառակորդները. հայութիւնը կ՚ապրէր երեք բռնակալ կայսրութիւններու,— օսմանեան, ռուսական եւ պարսկական,— տարածքներուն վրայ, որոնք հաշտ աչքով պիտի չնայէին իրենց համար վտանգաւոր այդ փոփոխութեան. այդ կայսրութիւններուն խորթ էր նոյնիսկ «քաղաքացի» յղացքը` իրենց պէտք էին սոսկ «հպատակներ»։ Հետեւաբար, 19-րդ դարու երկրորդ կէսին, նոյնիսկ Ազգային սահմանադրութեան որդեգրումէն առաջ, արդէն փոխուած էր անոնց վերաբերումը իրենց հպատակ հայերուն նկատմամբ։

Ըսել, թէ հայութիւնը միահամուռ որդեգրեց «ազգային» բառի գոյականացումը եւ հրաժարեցաւ «միլլէթի» հոգեբանութենէն, անշուշտ սխալ է։ Մեր իրականութեան մէջ միշտ եղած է շօշափելի հատուած մը, որ ինքզինք հանգիստ կը զգայ հօտին մէջ, կը սիրէ սպասել, որ մէկը իր փոխարէն որոշումներ կայացնէ. ինք շատ-շատ բաղձանք մը կ՚արտայայտէ, խնդրանք մը՝ այն ալ նախընտրաբար ցած ձայնով, որպէսզի յանկարծ հովիւը չնեղանայ իրմէ եւ շուները չղրկէ իր վրայ։ Ինչպէս կ՚ըսեն՝ «փորը կուշտ, կռնակը չոր», ալ ի՞նչ կարիք կայ գլխացաւանքի մէջ մտնելու ու որոշումներ կայացնելու գործընթացին մասնակցելու։ Վերջին երեք տասնամեակներու մեր պատմութիւնը, վերջին հնգամեակի անփառունակ վիճակով, կը փաստէ, որ հայութեան ստուար զանգուածը, մանաւանդ անոր արեւելեան թեւը, տակաւին չէ կրցած դուրս գալ «միլլէթային» հոգեբանութենէն։

Հոս կ՚ուզեմ փակագիծ մը բանալ, ցոյց տալու համար թէ ի՞նչ վտանգ կրնար ներկայացնել փոքրիկ հայութեան ազգային սահմանադրութիւնը հսկայ կայսրութիւններուն համար։

ժամանակին, երբ տակաւին երկրորդականի աշակերտ էի, լիբանանեան պատմութեան մեր ուսուցիչներէն իմացած եմ մի քանի դրուագներ շիա համայնքի 1950-ականներու կեանքէն, դրուագներ՝ որոնք չէին գրուած դասագրքերուն մէջ, այլ պատմաբանները եւ ուսուցիչները բերնէ-բերան իրարու կը փոխանցէին։ Անոնցմէ մի քանին կը վերաբերէին շիա բնակչութեամբ գիւղերուն, որոնք որպէս կանոն կ՚ապրէին աւատատիրական համակարգով՝ մի քանի մեծ գերդաստաններու ղեկավարութեամբ։ Օրին մէկը, մի քանի գիւղերէ պատուիրակութիւն մը կ՚երթայ իրենց «աղային»՝ Ահմատ էլ-Ասաատ բեկին քով, որ այն ատեն Լիբանանի խորհրդարանին նախագահն էր, խնդրելով որ միջնորդէ որպէսզի պետութիւնը դպրոց մը բանայ իրենց գիւղերուն մէջ։ Նոյնիսկ համաձայն էին, որ մի քանի գիւղի համար մէկ դպրոց ըլլար, սանկ՝ բոլորին մէջտեղը, միայն թէ իրենց երեխաները իրենց նման անգրաճանաչ չըլլային։ Ահմատ բեկ կը բարկանայ. «Ի՞նչ կ՚ուզէք խեղճ երեխաներէն, ձգեցէք իրենց մանկութիւնը ազատ ապրին, ոչխար ու այծ արածեն մաքուր օդին մէջ։ Արդէն իրենց փոխարէն տղաս՝ Քամէլը ղրկած եմ Եւրոպա ուսանելու»։

Մի քանի տասնամեակ անց, Լիբանանի շիա համայնքը լիովին թօթափած է աւատատիրական այդ մտայնութիւնը եւ այսօր կը հանդիսանայ հզօր ուժ մը, որուն ազդեցութիւնը դուրս եկած է Լիբանանի սահմաններէն։ Այդ փոփոխութեան մեկնակէտը կը համարուին համայնքի առաջնորդ Իմամ Մուսա Սատրի նախաձեռնած համայնքային կառոյցներու բարեկարգումները։ Իմամ Մուսա Սատր 1978-ին մութ պայմաններու տակ անհետացաւ… Լիպիոյ մէջ։

Լիբանանի շիա համայնքին մասին այս ամբողջ փակագիծը բացի, որովհետեւ մի քանի տարի առաջ մեթր Վարդգէս Շամլեանի «Յուշագրական ալպոմ» հատորին մէջ Մուսա Սատրի մասին կարդացի հետեւեալ դրուագը։

Նախքան Լիբանանի առաջնորդի պաշտօնը ստանձնելը, Մուսա Սատր կը պաշտօնավարէր հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքը։ Մեթր Շամլեան կը գրէ.
«Ան կը բնակէր Լիբանանի հարաւը գտնուող Սուր քաղաքը, ուր իմ մանկութեանս դասընկեր դեղագործ Ցոլակ Թիւթելեանը եւ եղբայրս անջատ դեղարաններ ունէին եւ Մուսա Սատըրին, ինչպէս նաեւ անոր քրոջը զաւկին փեսային հետ կը յարաբերէին։
Ցոլակը պատմեց, որ Մուսա Սատըրը հայ համայնքի կազմակերպութեան եւ գործունէութեան հետ ծանօթանալով, ուզած է մեր Ազգային սահմանադրութենէն օրինակ մը, որպէսզի անկէ օգտուելով արդիականացնէ Շիի համայնքին ալ կազմակերպութիւնը։
Եւ նկատի ունենալով որ մեր Սահմանադրութիւնը արաբերէնի չէ թարգմանուած, ամիսներով, շաբաթը մի քանի գիշեր, Մուսա Սատըրը, Ցոլակը եւ Սուր քաղաքի եւ շրջակայքի քաջածանօթ բժիշկ Շուքրալլա Հատտատը հանդիպում կ՚ունենային, որուն ընթացքին Ցոլակը մեր Սահմանադրութեան յօդուածները մէկ առ մէկ բերանացի ֆրանսերէնի կը թարգմանէր եւ տոքթ. Շուքրալլան ալ իր կարգին արաբերէնի կը թարգմանէր Մուսա Սատըրին, որ գրի կ՚առնէր թարգմանուածները…»։

Չեմ յաւակնիր հաստատելու, թէ Իմամ Սատր բառացիօրէն ընդօրինակած է մեր Ազգային սահմանադրութեան դրոյթները իր համայնքի կառոյցներուն համար. այս օրինակը մէջբերեցի պարզապէս ընդգծելու համար մեր Սահմանադրութեան արժէքը ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ արեւելքին համար։ Անոր ներշնչանքով է, որ Իմամ Սատր յեղաշրջեց Լիբանանի շիա համայնքը, եւ անդէմ-անդիմագիծ հօտէն զայն վերածեց իրական ուժի, որմէ կ՚ակնածին բոլորը անխտիր։

Փակենք փակագիծը եւ վերադառնանք մեր նիւթին։

Սփիւռքի եւ ընդհանրապէս ոեւէ հաւաքականութեան զարգացումը ուղղակի արդիւնքն է իր կազմակերպուածութեան եւ առանց կազմակերպուածութեան խնդիրներու լուծման անհնարին է մեր ցանկին մնացեալ հարցերը լուծել։ Կազմակերպուածութեան բարելաւումը առաջնահերթ պէտք է ըլլայ։ Հաւաքական կազմակերպուածութիւնը այն ճանապարհն է, որ իւրաքանչիւր անհատի ներուժը կը միաւորէ ընդհանուրին հետ եւ արդիւնքը կ՚ըլլայ ոչ միայն անոնց կարողականութեան գումարումը, այլ բազմապատկումը։
Այսօր մեր համայնքներու կազմակերպուածութիւնը չ՚արտացոլացներ մեր իրական ներուժը։ Ուսումնասիրեցէք որեւէ համայնք, աշխարհի որեւէ անկիւնը, ներառեալ Հայաստան, եւ հաշուեցէք թէ անոր անդամներուն քանի՞ տոկոսը կը մասնակցի համայնքային միջոցառումներուն,— ըլլայ ան եկեղեցական արարողութիւն, աշխարհիկ հանդիսութիւն կամ նոյնիսկ դաշտահանդէս։ Եթէ գտնէք, որ տուեալ համայնքի անդամներուն կէսը գոնէ տարին մէկ անգամ կը տեսնուի այդ միջոցառումներու ներկաներու շարքին, կրնաք համայնքը անվարան պարգեւատրել «Աշխուժագոյն համայնք»-ի ոսկէ մետալով։ Եւ այս տակաւին կրաւորական ներկայութեան մասին է։

Երկարաշունչ կազմակերպուածութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ կառոյցի հիմքին մէջ ներառել սերնդափոխութեան խնդիրները։ Շատ կը լսենք բարեմիտ բողոքներ, թէ նոր սերունդը սկսած է հեռանալ մեր կառոյցներէն, մեր արժէքներէն ու աւանդութիւններէն։ Եթէ մեր առջեւ խնդիր ունինք նոր սերունդը մեր շուրջ համախմբելու, զանոնք մեր աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելու եւ օր մը ղեկը իրենց փոխանցելու,— ի վերջոյ ժամանակը կը թաւալի եւ առանց սերնդափոխութեան մեր կառոյցները կը վերածուին… պատմական յուշարձաններու, որոնցմով զարդարած ենք աշխարհի չորս կողմերն ու անոնց կեդրոն Հայաստանը,— եթէ կ՚ուզենք որ մեր յաջորդները չըլլան միայն սոսկ թանգարանի պահակներ, այլ աշխուժօրէն զարգացնեն մեր հաւաքական կեանքը եւ շարունակեն ցեղասպան թուրքին մղձաւանջը մնալ, միայն բարի ցանկութիւններով չ՚ըլլար։ Նոր սերունդը չենք կրնար բերել, մեզի հետ նստեցնել եւ իրեն լուծումներ առաջարկել։ Այդ լուծումները մեր լուծումներն են, եւ եթէ յաջող ըլլային, այսօր այս հարցադրումները չէինք դներ։
Նոր սերունդը պիտի գայ նոր լուծումներով, ի՛ր լուծումներով, ինչպէս որ արուեստի մէջ ամեն նոր սերունդ կու գայ նոր լուծումներով. ոեւէ արուեստագէտ, որ միայն հինը կը կրկնէ, կը մնայ լուսանցքին՝ որպէս միջակութիւն, առաջ կ՚անցնին նոր արահետ բացողները։ Բայց ամեն արուեստագէտ, որքան ալ հանճարեղ, ի վերուստ օժտեալ, պէտք է անցնի իր արուեստին դպրոցը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ բարձրագոյն, որպէսզի իր ընդոծին շնորհները առաւելագոյնս դրսեւորուին։ Նկարիչը պէտք է մատիտ ու վրձին բռնել սորվի, գրողը պէտք է լեզուին տիրապետէ որ կարենայ իր մտքերը դրսեւորել, երաժիշտը պէտք է երաժշտանոց յաճախէ, տաղտկալից դասերէ անցնի, որպէսզի կարենայ ոչ անպայման համանուագ, այլ առնուազն մեղեդի մը մարդավարի հեղինակել։

Որպէսզի մեր նոր սերունդը կարենայ արդարացնել մեր կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը, անոր պէտք է տալ այդ նուազագոյնը, պէտք է զայն նախապատրաստել ստանձնելու անցեալէն եկած դրօշը եւ զայն բարձր պահած հասցնելու գալիք սերունդներուն որպէս անգին աւանդ։ Պէտք է ան ինքզինք զգայ տէրը այդ ժառանգութեան, անվիճելի տէրը, որպէսզի պատրաստ ըլլայ զայն ոչ միայն պահպանելու, այլ նաեւ զարգացնելու եւ աւելի բարւոք վիճակով փոխանցելու իրեն յաջորդողներուն։ Դաժան պահանջ է, որ կը դնենք յաջորդ սերունդին վրայ, հոսանքն ի վեր թիավարելու պահանջ է, անշնորհակալ սեւ աշխատանքի պահանջ է եւ եթէ իրեն չտանք իրաւատիրութեան գիտակցութիւնը, տանտիրոջ իրաւունքը, դժուար է զայն բերել եւ մեր շուրջ համախմբել։ Ազգային սահմանադրութիւնը օրին ճիշտ այդ ուղղութեամբ է որ յեղափոխեց մեր հաւաքական կեանքը, հայ անհատը բարձրացուց «ազգայինի» աստիճանին եւ կարելի դարձուց նաեւ Եղեռնէն ետք տարասփիւռ հայութեան վերակազմակերպումը առանց որեւէ «պետական» հանգամանքներու։

Ընդհանրապէս, նոր սերունդին ուղղութեամբ մեր աշխատանքները կը սահմանափակուին «հայապահպանում» տարտամ եւ կրաւորական յղացքին շուրջ նոյնքան տարտամ ծրագիրներ, աւելի ճիշտ բաղձանքներ հիւսելով։ Երբեմն մէկ աստիճան աւելի կը զարգացնենք այդ աշխատանքները եւ անունը կը դնենք «հայեցի կրթութիւն», «հայեցի դաստիարակութիւն» եւ մասամբ նորին։ Սակայն այդ աշխատանքները ցարդ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցման շրջանակներէն դուրս չեն եկած, չենք նախագծած եւ գործադրած «ազգային կրթութիւն» կոչուած ծրագրերը, որոնց շրջանաւարտը պիտի ըլլայ Ազգային սահմանադրութեան սահմանած «ազգայինը»՝ իր ազգային ժառանգութեան տէր հայ անհատը, որ քաջածանօթ է մեր համայնքային կառոյցներու ժողովրդավար էութեան, գիտէ հաւաքական աշխատանքի նրբութիւնները, շահագրգռուած է մեր հաւաքական կեանքի ամեն մանրամասնութիւններով եւ նախանձախնդիր է անոնց բարելաւման եւ յառաջդիմութեան։ Մեր իրերայաջորդ սերունդներուն դժբախտաբար չենք բաշխած այս գիտելիքները։ Հազուագիւտ երեւոյթ չէ մեր կառոյցներուն մէջ հանդիպիլ ոգի ի բռին աշխատող անհատներու, որոնք այդ կառոյցներու տարրական կանոններէն տեղեակ անգամ չեն,— օրինակ մարմնի եւ յանձնախումբի՝ ընտրեալի եւ նշանակեալի պատասխանատւութիւններու տարբերութիւններէն,— եւ այդ անտեղեակութեան պատճառով անտեղի վիճաբանութիւններու ու սրտնեղութիւններու դէմ-յանդիման կը գտնուին ու յաճախ հիասթափուած կը հեռանան։

Նոր սերունդին նախ եւ առաջ պէտք է տալ ազգային կրթութիւն, ճիշտ այնպէս, ինչպէս որոշ երկիրներու մէջ դպրոցական աշակերտներուն կը տրուի քաղաքացիական կրթութիւն, ուր անոնք կը սերտեն այբուբենը իրենց ապրելիք միջավայրի հաւաքական կանոններուն։ Հայեցի կրթութիւնը պէտք է անպայման ներառէ այս առարկան որպէս իր գլխաւոր նիւթերէն մին՝ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան կողքին կամ նոյնիսկ անոնցմէ ալ վեր։ Ազգային մը կրնայ լաւ հայերէն չիմանալ, կրնայ Տիգրան Մեծի կնոջ անունը չիմանալ, սակայն պարտաւոր է իմանալ իր համայնքային կառոյցներու ալֆան եւ օմեղան, պարտաւոր է իմանալ իր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, որպէսզի համայնքին մէջ գործէ որպէս լիարժէք իրաւատէր, որպէս յանձնառու ազգային։ Այլապէս դուրս չենք գար հովիւի եւ հօտի հոգեբանութենէն, եւ մեր համայնքները զուրկ կը մնան յանձնառու ազգայինններու համախմբումով առաջացող ուժականութենէն։

Ի դէպ, այս մատնանշումները միայն Սփիւռքին յատուկ չեն. նոյն խնդիրները, երբեմն աւելի սուր դրուածքով, ունինք նաեւ հայրենաբնակ հայութեան մօտ։ Հոն եւս ամեն օր կը տեսնենք թէ յանձնառու ազգայինի բացակայութիւնը ի՜նչ աւերներ կը գործէ։

Անցնող տարիներուն բազմիցս անդրադարձած եմ կազմակերպուածութեան ձեւին, նոյնիսկ առաջարկի սեւագիր մըն ալ հրապարակած եմ (տես՝ «Համահայկական տեսլականի տագնապը», «Դրօշակ», յունիս եւ սեպտեմբեր 2020), հետեւաբար կրկնութիւն պիտի ըլլար նոյն առաջարկը անգամ մը եւս կրկնել։