Հայաստան`Արեւելեան Եւրոպայի Ամենապահպանողական Երկիրներու Շարքին. Pew Research Center

Հայաստան

Pew Research Center ամերիկեան հետազօտական կեդրոնը հրապարակած է 2015-2017 թուականներուն եւրոպական 34 երկիրներու մէջ աւելի քան 58,000 անձերու մէջ իրականացուցած հարցախոյզի մը արդիւնքները, որոնց հիման վրայ կարելի է եզրահանգումներ ընել կրօնի, միասեռական ամուսնութիւններու, փոքրամասնութիւններու եւ շարք մը ընկերային խնդիրներու վերաբերեալ:

Հայաստան եւս ներառուած է հետազօտուող երկիրներու շարքին:

Մահմետականներ կամ հրէաներ իրենց ընտանիքին մէջ հիւրընկալելու, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան հարցով կրօնի դերի կարեւորութեան մասին հարցումներու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Հայաստան Արեւելեան Եւրոպայի ամենապահպանողական երկիրներէն է. բնակչութեան միայն 7%-ը պատրաստ է հիւրընկալելու մահմետականներ եւ 28%-ը` հրէաներ, իսկ հարցուողներուն մեծ մասը` 82%-ը նշած է, որ կրօնը հայ ազգային ինքնութեան կարեւոր բաղադրիչ է, կը յայտնէ News.am-ը:

Գրեթէ նման ցուցանիշ արձանագրուած է հարեւան Վրաստանի մէջ` իսլամներու նկատմամբ 17%, իսկ հրէաներու` 27% հիւրընկալութիւն (հակառակ անոր, որ բնակչութեան որոշակի մասը իսլամադաւան է), իսկ հարցուողներուն 81%-ը կրօնը կրկին կը համարէ ազգային ինքնութեան կարեւորագոյն մաս:

Հետազօտողները հարցուցած են` համաձա՞յն են հետեւեալ սահմանումին հետ. «Մեր ժողովուրդը կատարեալ  չէ, բայց մեր մշակոյթը միւսներէն լաւ է»: Հայաստանը 8 երկիրներու մէջ է, ուր այս միտքը կը գերակշռէ:

Կրօնի մասին այս եւ այլ հարցերու պատասխաններէն կ՛երեւի, որ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ խիստ ընդգծուած է ազգայնականութիւնը, մինչդեռ Արեւմտեան Եւրոպան աւելի բաց եւ բազմամշակութային է:

Կը նշուի նաեւ, որ եւրոպական կամ արեւմտեան արժէքներու մէջ յաճախ կը դասուի նաեւ քրիստոնէութիւնը, մինչդեռ որոշ մասնագէտներ առաջ կը տանին աշխարհիկութեան եւ բազմամշակութայնութեան գաղափարը: Կրկին, արդիւնքներէն կ՛երեւի, որ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները հակուած են քրիստոնէութեան աւելի մեծ նշանակութիւն տալու, իսկ Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներու տեսակէտը այս հարցին հետ կապուած կը համընկնի ԱՄՆ-ի բազմամշակութային ուղղուածութեան հետ:

Միասեռական ամուսնութիւններուն հայ հարցուողներուն 96%-ը դէմ արտայայտուած է: Հարեւան Վրաստանի ցուցանիշը 95% է: Մինչդեռ, պտուղի արհեստական վիժեցման օրինականացման հարցով Հայաստան յայտնուած է համեմատաբար ազատամիտ երկիրներու մէջ` 39% դէմ եւ 56% կողմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Վրացի հարցուողներու դիքորոշումը կտրուկ կը տարբերի` 85% դէմ եւ 10% կողմ:

Հետազօտութեան տուեալներով` Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ նոյնիսկ երիտասարդները միասեռ ամուսնութիւնները ընդունելի չեն համարեր: Պատկերը նոյնն է մահմետականներուն կամ հրէաներուն հիւրընկալելու հարցով:

Կը նշուի նաեւ, որ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ, մասնաւորապէս, Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ, մարդոց  մեծ մասը ըսած է, որ ինքզինք կը համարէ քրիստոնեայ, քանի որ կրօնի հարցով այժմ աւելի ազատ են, քան առաջ: Մինչդեռ, Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ հակառակն է` շատերը ըսած են, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած են, սակայն այժմ իրենց քրիստոնեայ չեն համարեր:

Հայաստանի եւ արեւելաեւրոպական այլ երկիրներու մէջ մարդիկ հակուած են Աստուծոյ եւ ճակատագրին հաւատալուն, մինչդեռ արեւմտաեւրոպական երկիրներուն մէջ պատկերը այլ է (Հայաստանի մէջ 10-էն 8-ը կը հաւատայ ճակատագրին, իսկ 59 %-ը` չար աչքին): Հայաստանի մէջ նաեւ գերակշռող է այն կարծիքը, որ կառավարութիւնը պէտք է սատարէ կրօնական արժէքներու ու հաւատքի պահպանման: Ռուսիոյ մէջ հարցուողներուն 42%-ը ըսած է, որ կառավարութիւնը պէտք է խթանէ կրօնի դաւանումը:

Եւրոպայի մէջ կարծիքները կը բախին պատմութեան եւ մայրենի լեզուի կարեւորութեան հարցով: Հայ հարցուողներուն 60%-ը ըսած է, որ հայ ըլլալու համար Հայաստանի մէջ ծնիլը կարեւոր է, իսկ 92%-ը կը կարծէ, որ խիստ կարեւոր է հայկական արմատներու առկայութիւնը: Իսկ մայրենի լեզուի իմացութեան մեծ կարեւորութիւն կու տան թէ՛ Արեւմտեան եւ թէ՛ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ: