ԱԺ Պատգամաւորներուն Մէկ-Երրորդը Նիկոլ Փաշինեանը Առաջադրած են Վարչապետի Թեկնածու

Հայաստան

Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն 1/3-ը Նիկոլ Փաշինեանը առաջադրեց վարչապետի թեկնածու:  Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Լենա Նազարեան:

«Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջարկած են “Ելք”-ի, «Ծառուկեան» խմբակցութեան եւ «Հանրապետական» խմբակցութենէն հեռացած 4 պատգամաւորներ` Արսէն Միխայլով, Կնեազ Հասանով, Տաճատ Վարդապետեան ու Շիրակ Թորոսեան»,-ըսած է Նազարեան:

Նշենք, որ Հոկտեմբեր 30-ը վարչապետի 2-րդ ընտրութեան համար թեկնածու  առաջադրելու վերջնաժամկէտն է:

Վարչապետի 2-րդ ընտրութեան համար Սահմանադրութեամբ նախատեսուած փուլի եօթնօրեայ ժամկէտի վերջին օրը` Հոկտեմբեր 31-ին, ժամը 12:00-ին իրաւունքի ուժով կը գումարուի Ազգային ժողովի յատուկ նիստ այս հարցի վերաբերեալ որոշում կայացնելու նպատակով:

Նոյեմբեր 1-ին տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութեան 2-րդ փուլի քուէարկութիւնը, որու արդիւնքով վարչապետ չընտրուելու պարագային Ազգային ժողովը կ՛արձակուի իրաւունքի ուժով եւ Հանրապետութեան նախագահը կ՛ընդունի հրամանագիր` Ազգային ժողովը արձակելու եւ արտահերթ ընտրութիւն նշանակելու մասին: