Սեբաստիոյ Հայկական Գերեզմանատան Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ

Էրկիր

Սեբաստիա (թրքական անուանումով՝ Սուաս) նահանգի Զարա գաւառին մէջ գտնուող հայկական գերեզմաննոցին մէջ պատարագ մատուցուեցաւ:ِ Այս մասին կը հաղորդէ “Ակունք”-ը։

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն՝ սոյն պատարագին մասնակցած են Պոլիսէն այդ նպատակով Զարա ժամանած մօտաւորապէս 35 հայեր:

Զարայի կեդրոնական գերեզմաննոցի կողքին գտնուող հայկական գերեզմանատան մէջ պատարագը մատուցեց հայր Զօհրապ Ճիւանեան, որ պատարագէն ետք իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Զարայի տեղական իշխանութիւններու եւ գործարար Ֆեթհի Արասի աջակցութեամբ՝ կրցանք Զարա այցելել եւ աղօթել մեր նախնիներու հոգիներուն համար»:

Զարացի  հայերէ բաղկացած խումբը արարողութենէն ետք այցելեց նաեւ Շերեֆիյէ գիւղի տեսարժան վայրերը: