Հայկական Գորգերու Արտադրութիւնը 85.7 Տոկոսով Աճած Է

Հայաստան

Հայկական գորգերու արտադրութիւնը այս տարի զգալի ձեւով աճած է: Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2018 թուականի Յունուար-Օգոստոս ամիսներուն հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 16.9 թոն գորգեր եւ գորգեղէն։

Նշենք, որ նախորդ տարուան Յունուար-Օգոստոսին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 9.1 թոն գորգ: 2017ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ արտադրութիւնը աճած է 85.7 տոկոսով:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ գորգերու եւ գորգագործական արտադրատեսակներու արտադրութիւնը 2017ին անկումի ցուցանիշներ արձանագրած է, սակայն տարեկան դրութեամբ գորգերու արտադրութիւնը աճած է: Մասնաւորապէս, նախորդ տարի հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 19.8 թոն գորգեր եւ գորգեղէն՝ 2016 թուականի համեմատ 10 տոկոս աճելով: