Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդը 24-ժամեայ Հացադուլ Կը Սկսի՝ Իբրեւ Աջակցութիւն Արցախի

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արեւմտեան ԱՄՆ-ի համահայկական խորհուրդը 24-ժամեայ հացադուլ կը սկսի՝ իբրեւ աջակցութիւն Արցախի: Այս մասին կը նշուի Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական միութեան Facebook-ի էջին մէջ։

Հացադուլին մասնակիցները կը պահանջեն ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընէն՝ յստակ քայլեր ձեռնարկել ազրպէյճանի նախագահին կողմէ Արցախի շրջափակումը դադրեցնելուն ուղղութեամբ: