Մենք Չենք Կրնար Հարեւաններու Պատկերացումներով Կառուցել Մեր Ապագան. Խաչատուր Ստեփանեան

Հայաստան

Ուղիղ 33 տարի առաջ այս օրը Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը ընդունեց Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագիրը, որմով ոչ միայն պաշտօնապէս սկսաւ անկախ պետականութեան կայացման գործընթացին սկիզբը, այլեւ սահմանուեցան պետականութեան զարգացման ուղենիշները։

1990թ․ Օգոստոս 23-ի փաստաթուղթը յիրաւի պատմական է։ Այնտեղ գրուած ամէն մէկ տող ազգային պետականութիւն կը բուրէ՝ ինքնիշխանութիւն, ժողովրդավարութիւն, իրաւունքի գերակայութիւն, ազգային բանակ, խօսքի, մամուլի, խղճի ազատութիւն, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու իրաւահաւասարութիւն, իրաւապահ մարմիններու եւ զինուած ուժերու ապաքաղաքականացում, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի սեփական համակարգ։ Շատ կարեւոր է 1915 թուականին օսմանեան թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին պետութեան սատար կանգնելու պատրաստակամութիւնը։

Ժամանակակից Հայաստանի պատմութիւնը պէտք է կառուցուեր եւ պէտք է կառուցուի Անկախութեան մասին հռչակագրի հիման վրայ։ Այսօրուան մեր ծանր վիճակը կապուած է ոչ թէ հռչակագրի դրոյթներով, այլ այդ դրոյթներուն մինչեւ վերջ հետամուտ չըլլալով։

Իւրաքանչիւր պետութիւն, ազգ ինք կ՝որոշէ իր հաւակնութիւններուն սահմանները, անոնք կը պայմանաւորուին իր անվտանգութեան, յարատեւութեան, ինքնութեան պահմանման պատկերացումներով։

Մենք չենք կրնար հարեւաններու պատկերացումներով կառուցել մեր ապագան, առաւել եւս որ մեր հարեւանները մեզի համար որեւէ ապագայ չեն պատկերացներ։

Տէր կանգնինք Անկախութեան մասին հռչակագրի իւրաքանչիւր դրոյթին, հետամուտ ըլլանք անոնց իրագործման։ Նախ պէտք է ունենալ լիարժէք անկախութիւն, որ յետոյ ըլլայ խաղաղութիւն։

Խաչատուր Ստեփանեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ

Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, պ.գ.դ., փրոֆէսըր