Ֆրանսական Քաղաքներն ու Մարզերը Կը Փափաքին Օգնութիւն Հասցնել Պաշարուած Արցախին

Աշխարհ, Հայաստան

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրանսայի Փարիզ քաղաքը, Իլ-տէ-Ֆրանս, Օվերն-Ռոն-Ալբ, Օ-տը-Ֆրանս, Օքսիդանիա, Լուարի երկիր եւ Փրովանս-Ալբեր-Գոդ դ՛Ազուր մարզերը, միասնական ըլլալով Արցախի ժողովուրդին աջակցութիւն տրամադրելու հարցով, համախմբուած են՝ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր պաշարուած Արցախին հրատապ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար։ Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ վկայակոչելով Paris Presse-ը։

«Ֆրանսական տարածքային մարմիններուն կողմէ 20 թօն տեղափոխող առաջին բեռնատարը Երեւանէն ուղեւորուած է դէպի սահմանամերձ Կոռնիձոր, ուր միացած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ արցախցիներուն ուղղուած առաջին անհրաժեշտութեան պարագաններ տեղափոխող եւս քսանմէկ բեռնատարներուն։ Յունիս 15-էն ի վեր ազրպէյճանի զինուած ուժերը թոյլ չեն տար անցակէտով որեւէ տեղաշարժ՝ ո՛չ պարէնային օգնութեան, ո՛չ դեղորայք, ո՛չ բժշկական շարասիան:

«Մեզի կ՝անհանգստացնէ ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ միջանցքին շարունակուող տեւական արգելափակումը, որ, մասնաւորապէս, կը խոչընդոտէ մարդասիրական օգնութեան տեղափոխումը։ Մենք կոչ կ՝ընենք ազրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ կատարելու ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները, եւ, յատկապէս, Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժը ապահովելու վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կայացուցած որոշումը»,- ըսած է ֆրանսական տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Տեղափոխուող 20 թօն օգնութիւնը նշուած մարզերուն եւ քաղաքներուն կողմէ ֆինանսաւորուող բեռնատարներու գլխաւոր՝ աւելի մեծ շարասիւնի միայն առաջին՝ փոքր մասն է: Գլխաւոր շարասիւնին մեկնարկը պիտի տրուի Օգոստոսի վերջը՝ յօգուտ արցախցիներուն իրականացուող մարդասիրական այս նախաձեռնութեան աջակցող ֆրանսացի խորհրդարանականներուն եւ ՏԻՄ ղեկավարներու պատուիրակութեան առաջնորդութեամբ։