Արցախի Ներկայ Ճգնաժամը Անյապաղ Ուշադրութիւն եւ Հանգուցալուծում Կը Պահանջէ. Յայտարարութիւն
Բարեփոխուած եկեղեցիներու համաշխարհային միութիւնը (WCRC) կ՝աջակցի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Եւրոպական եկեղեցիներու համաժողովի կոչին՝ անյապաղ վերացնելու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, եւ կոչ կ՝ընէ ներգրաւուած կողմերուն ձգտելու տարածաշրջանին մէջ արդար խաղաղութեան հաստատման: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
WCRC-ն կը նկատէ, որ վերջին եօթը ամիսներուն ընթացքին Բերձորի միջանցքով իրականացուող բեռնափոխադրումները ալ աւելի սահմանափակելէ ետք ազրպէյճանի կառավարութիւնը Յունիս 15-ին ամբողջութեամբ փակեց Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին (Արցախ) կապող ճանապարհը, որ յանգեցուց աճող մարդկայնական ճգնաժամի։
««Համաշխարհային քաղաքականութիւնը, տարածաշրջանային ուժաբանութիւնն ու կուսակցական դաշինքները յաճախ մթութեան մէջ կը ձգեն որոշ ճգնաժամեր եւ կը կեդրոնանան միայն անոնցմէ քանի մը հատին վրայ: Արցախի ներկայ ճգնաժամը կը պահանջէ անյապաղ ուշադրութիւն եւ հանգուցալուծում, որ դուրս պիտի ըլլայ արգելափակուած կեանքի ճանապարհի բացման շրջանակէն եւ պիտի հանգեցնէ արդարութեան ու յարատեւ խաղաղութեան հաստատման»,- ըսած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի պաշտօնակատար Փօլ Հայտոսթեան:
«Քաղաքացիական բնակչութիւնը այժմ կը բախի կենսական նշանակութեան դեղերու եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու պակասին հետ, ինչպէս՝ մաքրութեան միջոցները եւ մանկական սնունդը»,- նշուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Յուլիս 25-ի յայտարարութեան մէջ: «Միրգերը, բանջարեղէնը եւ հացը օր ըստ օրէ կը պակսին եւ կը սղին, մինչդեռ այլ սննդամթերքները, ինչպէս՝ կաթնամթերքը, արեւածաղիկի ձէթը, հացահատիկը, ձուկը եւ հաւը, հասանելի չեն»:
«Ազատ Եւրոպա» ռատիոկայանի հաղորդագրութեան համաձայն՝ ազրպէյճանն ու Հայաստանը «երկար տարիներ ներգրաւուած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վէճի մէջ», ուր ցեղական հայկական տարածքը կը գտնուի ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ:
«Հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած դիւանագիտական ջանքերը այդքան ալ արդիւնաւէտ չէին, եւ 2020թ. երկու կողմերուն միջեւ սկսաւ նոր պատերազմ, որ տեւեց վեց շաբաթ մինչեւ կնքուեցաւ զինադադար Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, որուն իբրեւ արդիւնք Հայաստանը կորսնցուց իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածաշրջանի որոշ մասեր եւ յարակից եօթը շրջան»,- կը զեկուցէ «Ազատ Եւրոպա» ռատիոկայանը: «Հայկական վերահսկողութեան ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ ճանապարհը Բերձորի միջանցքն էր։ 2020 թուականի պատերազմին իբրեւ արդիւնք ազրպէյճանը ետ վերցուց ճանապարհը շրջապատող տարածքները, եւ ըստ զինադադարի համաձայնագիրին` ռուս խաղաղապահները պիտի վերահսկեն եւ ապահովեն ճանապարհին անվտանգութիւնը»։
Այնուամենայնիւ, ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը հրաժարի ստանձնելու համաձայնութեամբ նախատեսուած պարտաւորութիւնները եւ փոխարէնը կ՝օգտագործէ ճանապարհի արգելափակումը Հայաստանի կառավարութեան եւ բնակիչներուն վրայ ճնշումը զօրացնելու համար, նպատակ ունենալով ստանալ զիջումներ Արցախի վերահսկողութեան վերաբերեալ իր պահանջներուն մէջ:
Բարեփոխուած եկեղեցիներու համաշխարհային միութիւնը կը դատապարտէ անմեղ մարդոց առողջութիւնն ու կեանքը իբրեւ քաղաքական լծակ օգտագործելու մարտավարութիւնը եւ կոչ կ՝ընէ իր անդամներուն հանդէս գալու շրջափակման վերացման եւ անկեղծ բանակցութիւններու օգտին՝ արդար եւ տեւական խաղաղութիւն ապահովելու համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
