Իրականացնելու Համար Արցախի Ինքնիշխան Եւ Անօտարելի Իրաւունքը․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Արցախի Ազգային ժողովի նոր նախագահի ընտրութիւնը քանի մը ուղղութեամբ կարեւոր հունաւորումներու վրայ լոյս կը սփռէ ինչպէս արտաքին, այդպէս նաեւ ներքին առումներով:

Ներազգային պարունակի մէջ, լուսարձակի տակ կ՛առնուէր Ազգային ժողովի միաւորումը կարեւորագոյն յայտարարութիւններուն եւ դիրքորոշումներուն շուրջ: Իբրեւ պետական օրէնսդիր հաստատութիւն Արցախի Ազգային ժողովը բազմաթիւ անգամներ փաստեց, որ գիտէ ջնջել ընդդիմադիր-իշխանամէտ բոլոր բաժանարար գիծերը եւ միաւորուիլ Արցախի անվտանգութեան եւ սահմանադրականօրէն ամրագրուած բոլոր բնոյթի իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքին շուրջ: Հասարակութիւնը` նոյնպէս: Մեծածաւալ հանրահաւաքները եւ այնտեղ հնչած կարեւորագոյն միտքերը կը շեշտէին միաւորուած ըլլալու փաստը:

Ազգային ժողովի եւ հասարակութեան մակարդակներով ձեւաւորուած ամբողջական միաւորումը կարելի չէր վերագրել նաեւ գործադիրին: Նկատելի էր գործադիր-օրէնսդիր  ոչ միայն ոճային, այլ նաեւ քաղաքական դիրքորոշումներու, յատկապէս Երեւանէն հնչած զիջումնային յայտարարութիւններու նկատմամբ հակազդեցութեան տարբերութիւններ: Կը թուի, որ այդ ճեղքերու աղիւսումն է, որ տեղի կ՛ունենայ: Բնական է, որ ընդհանրապէս պետական-քաղաքական կեանքին մէջ տարբերութիւնները ակներեւ ըլլան օրէնսդիրի եւ գործադիրի պարագային:

Արցախի պարագային այդ տարբերութիւններու տեսանելիութիւնը օրինաչափ չէր: Մանաւանդ երբ Արցախի Սահմանադրութեան, ինքնորոշման իրաւունքի, Արցախի հայապատկանելիութեան ուղղութիւններով ոտնձգական յայտարարութիւններ կը կատարուէին եւ ուղղակի քննադատութիւն կը հնչէր Արցախի ոչ միայն պետական համակարգին, այլեւ ամբողջ հանրապետութեան կայացման սկզբունքներուն դէմ:

Հիմա կը թուի, որ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ կատարուած առաջարկով սկզբունքային այդ կէտերուն շուրջ կը միաւորուի Արցախը, Ազգային ժողովի նոր նախագահով:

Այս բացարձակ եւ ամբողջական միաւորումի կարեւորագոյն այս նախադրեալները կրնան նախանշել, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնական գիծի երկրորդ բաղադրիչին այս առումով բացարձակ լրումն է, որ կ՛արձանագրուի:

Մնացեալը երկրորդական նշանակութիւն կ՛ունենայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել, որ իշխանական մեծամասնութիւնը կ՛առաջադրէ ընդդիմադիր ներկայացուցիչին թեկնածութիւնը, թէ ընդդիմադիր կարգավիճակ ունեցող Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ այս ձեւով քաղաքագիտական ի՞նչ կարգավիճակ կ՛ունենայ եւ այլն: Փաստը աւելի խորքային է, աւելի հրամայական: Արցախը Ազգային ժողովի ներկայ նախագահով իր սահմանադրական իրաւադրոյթներուն տէր կանգնելու յանձնառութիւնը կը վերանորոգէ եւ հայկական աշխարհին ուղերձ կ՛ուղարկէ իրեն նման ամբողջովին միաւորուելու:

Երեւոյթը ուրեմն, ոչ միայն Արցախի քաղաքական դաշտի վերադասաւորման նախանշային իմաստ ունի, այլ նաեւ Արցախէն կրնայ տարածուիլ հայկական աշխարհին մէջ` պարտադրելով համախմբումը, միաւորումը:

Քաղաքական իմաստով նախ յստակօրէն կը մեկնաբանուի այնպէս, որ Ազգային ժողովը, Արցախի ժողովուրդը ներկայացնող մարմինը կը հեռանայ Երեւանի զիջումնային պարտադրանքներու ազդեցութեան դաշտէն: Առարկայական ըլլալու համար պէտք է յիշել թէ՛ ապաբռնագրաւման օրէնքը, թէ՛ տարբեր առիթներով Արցախի Ազգային ժողովի կատարած յայտարարութիւնները. մանաւանդ վերջինը` միջազգային հանրութեան դիմելու կոչը` «Ճանաչում յանուն փրկութեան» միջազգային իրաւաչափական սկզբունքին հիման վրայ:

Այսպիսով, նշաձողը կը վերատեղադրուի  իր տեղը, եւ Ստեփանակերտը միակամ մերժած կ՛ըլլայ Երեւանի ճանաչումը Արցախին` իբրեւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս:

Պատասխան կայ այս բոլորին մէջ ուղղուած Ալիեւին եւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին: Պաքուն առիթ չի փախցներ պահանջելու Արցախի բանակին զինաթափումը  եւ պետական հաստատութիւններու ինքնալուծարումը: Պետական կարեւորագոյն հաստատութիւններէն օրէնսդիր մարմինը այսպիսով նոր գործառոյթներու եւ նախագահական հիմնարկին հետ աշխատանքները համակարգելու առաքելութիւն կը ստանձնէ: Միջազգային հանրութիւնն ալ կ՛իմանայ, որ գործ ունի գործադիր- ընդդիմադիր բաժանումները ջնջող, միաւորուած եւ իր ինքնորոշման իրաւունքին տէր կանգնող ժողովուրդը ներկայացնող պետութեան հետ, որ վճռած է անշեղ մնալ ազատամարտով կերտուած հանրապետութեան դաւանած բոլոր սկզբունքներու, արժէքներու եւ իրաւունքներու արցախեան երթէն:

Երեւանէն միջազգային ընտանիք, հասնելով Պաքու, այլեւս գործ ունին պետական համակարգի մը հետ, որ ընդունած է իր սահմանադրութիւնը`

«Ա.- Դրսեւորելով անսասան կամք` զարգացնելու եւ պաշտպանելու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ 1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ին ստեղծուած եւ 1991 թուականի դեկտեմբերի 10-ի հանրաքուէով անկախ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը,

Բ.- Հաստատելով հաւատարմութիւնը 1992 թուականի յունուար 6-ին ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին Հռչակագիրի սկզբունքներուն,

Գ.- Կարեւորելով 2006 թուականին ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան դերը անկախ պետականութեան կայացման եւ ամրապնդման գործին մէջ,

Դ.- Զարգացնելով ազգային պետականութեան պատմական աւանդոյթները, ոգեշնչուած Մայր Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան` Արցախի ժողովուրդին զօրավիգ ըլլալու վճռականութեամբ,

Ե.- Հաւատարիմ մնալով հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու եւ արարելու իր նախնիներու երազանքին եւ վառ պահելով ազատութեան համար պայքարին ընթացքին  նահատակուածներու յիշատակը,

Զ.- Իրականացնելով իր ինքնիշխան եւ անօտարելի իրաւունքը»:

Սահմանադրական այս իրաւադրոյթները վերստին լոյսին կու գան Արցախի Ազգային ժողովի նոր նախագահի ընտրութեամբ եւ Արցախէն անդին հայկական աշխարհին մէջ տարածուելու նոր ուղենիշներ կը փոխանցեն: Ամբողջովին միաւորուող Արցախը կը սպասէ միւս երկու բաղադրիչներուն ամբողջական միաւորումներուն: