Կը Սատարենք «ՀայաՔվե» Օրէնսդրական Նախաձեռնութիւնը. Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդ
Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդը վճռականօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը լիակատար պաշարման վերածելու ազրպէյճանի գործողութիւնները:
Միջազգաին կառոյցները, քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար համարուող երկիրները պէտք չէ անտեսեն 21-րդ դարուն տեղի ունեցող
այս աննախադէպ բարբարոսութիւնը, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք չէ խուսափին պատասխանատուութենէ ու բաւարարուին «Ատիկա Ռուսիոյ խնդիրն է» արցախցիներուն համար ոչ մէկ հարց լուծող, վերացական ու անդէմ յայտարարութիւններով:
Հայ համայնքը ելակէտ կ՝ընդունի այն ըմբռնումը, որ համազգային խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս ու միայն համազգաին ընթացակարգերով. հայ ժողովուրդը ոեւէ մէկուն իրաւունք պէտք չէ տայ միանձնեայ կարգով լուծելու ողջ ազգին վերաբերող առանցքային հարցերը:
Ի հաւաստումն վերոգրեալի՝ Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդը կ՝ողջունէ եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ «ՀայաՔվե» օրէնսդրական նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է
1. Քրէականացնել Արցախը ազրպէյճանի մաս ճանչցող գործողութիւնը։
2. Այս գաղափարին ու գործին շուրջ առաջ բերել համազգային համախմբում եւ կանխել Արցախի յանձնումը։
Ըստ այդմ, մեր հայրենակիցներին կոչ ենք անում հավուր պատճաշի սատարել
«ՀայաՔվե» նախաձեռնութեան համար գործողութիւններ ձեռնարկել, որ այս հայրենանուէր նախաձեռնութիւնը չխոչընդոտուի եւ իրականանայ:
Աստուած պահապան մեր հայրենիքին եւ հայրենակիցներուն:
Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդ
