ԵԽ Պատուիրակութիւնը Այցելած է Բերձորի Միջանցքի Սկզբնամաս
Եւրոպայի խորհուրդի բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը այցելած է 7 ամիս արգելափակուած Բերձորի միջանցքի սկզբնամաս: Այս մասին Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արման Խաչատրեան։
«Այցը հնարաւորութիւն էր տեղւոյն վրայ աւելի լաւ հասկնալու իրավիճակը՝ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած իրավիճակն ու մարդասիրական լուրջ հետեւանքները Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար: Կարելի չէ հերքել, որ ազրպէյճանը փակած է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող կեանքի միակ ճանապարհը։ ազրպէյճանը պէտք է ապահովէ ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքէն ՝ կատարելով նաեւ Միջազգային դատարանի եւ ՄԻԵԴ վճիռները ու ԵԽԽՎ-ի վերջերս ընդունուած նոր բանաձեւը»,- գրած է Խաչատրեան։
