Ցանկալի Պիտի Ըլլայ, որ ՀՀ Հանրային Իշխանութիւնը Ներկայացնողներուն Կողմէ Նման Յայտարարութիւններ Չհնչեն․ ԱՀ ՄԻՊ
Յուլիս 6-ին հրաւիրուած է Ստեփանակերտ-Երեւան հեռուստակամուրջ-ասուլիս՝ նուիրուած շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ խորացող ճգնաժամին: Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներու հարցերուն պատասխանած են ԱՀ պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանն ու Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, իսկ Երեւանի մէջ՝ ԱՀ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Ղազարեանը, ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը, Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»-ը։
Լրատուամիջոցը ՀՀ ՄԻՊ-ին հարց ուղղած է ՀՀ իշխանութիւններու եւ քպ-ական որոշ պատգամաւորներու յայտարարութիւններուն մասին: Անոնց հակահայկական յայտարարութիւններուն զուգահեռ պետական որոշ պաշտօնեաներու, ընդդիմադիր գործիչներու կողմէ աշխատանք կը տարուի Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը միջազգային գործընկերներուն ներկայացնելու ուղղութեամբ, եւ այդպիսի յայտարարութիւնները կրնան խոչընդոտել ՄԻՊ աշխատանքներուն։
«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կառավարութեան, գործադիր, օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչ չէ, անկախ ապաքաղաքական պաշտօնատար անձ է: Հետեւաբար կը ներկայացնէ ինքնուրոյն եւ անկախ տեղեկատուութիւն խնդիրներու հետ կապուած՝ անկախ բոլոր յայտարարութիւններէն, որովհետեւ շատ անգամ անոնք քաղաքական բնոյթ ունին, ինչպէս՝ կ՝ընդգրկեն արտաքին քաղաքական տարր եւ բնականաբար չեն կրնար վերաբերելի ըլլալ այս աշխատանքին»,- ի պատասխան ըսած է ՀՀ ՄԻՊ-ը։ Անահիտ Մինասեանը կարեւոր համարած է, որ տեղեկատուութիւնը շարունակէ մնալ անկախ եւ չընկալուի իբրեւ գործադիր կամ օրէնսդիր իշխանութեան կողմէ ներկայացուող տեղեկատուութիւն։
Հարցին անդրադարձած է նաեւ ԱՀ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանը, որ ի տարբերութիւն ՀՀ իր գործընկերոջ, խոստովանած է, որ տարբեր խորհրդարանականներու կողմէ եղած քաղաքական յայտարարութիւնները որոշակի խոչընդոտներ կը յարուցանեն, երբ տարբեր քննարկումներու ժամանակ նոյնինքն միջազգային գործընկերներու կողմէ կը վկայակոչուին, կը մատնանշուին այդ յայտարարութիւնները։ «Այս առումով կրնամ անվերապահօրէն ըսել, որ ցանկալի պիտի ըլլայ, որ ՀՀ հանրային իշխանութիւնը ներկայացնող մարմիններու, կառոյցներու եւ ներկայացուցիչներու կողմէ նման յայտարարութիւններ չհնչեն: Պէտք է հնարաւորինս ձեռնպահ մնալ այնպիսի յայտարարութիւններէ, որոնք չեն բխիր Արցախի ժողովուրդի շահերէն եւ կասկածի տակ կը դնեն Արցախի ժողովուրդին ինքնորորշման իրաւունքը, որ մեր պարագային հաւասարազօր է Արցախի ժողովուրդի կեանքի իրաւունքին»,- շեշտած է ԱՀ ՄԻՊ-ը։
Ան աւելցուցած է, որ 7 ամիս շարունակ գտնուելով շրջափակման մէջ, չունենալով համապատասխան քանակով ներկրումներ եւ իրականութեան մէջ առարկայականօրէն հնարաւորութիւն չունենալով մեծ պաշարներ կուտակելու եւ այսօր արդէն ամբողջութեամբ զրկուած ըլլալով որեւէ տեսակի մարդկայնական բեռնափոխադրումէ՝ խօսքը կը վերաբերի գոյաբանական սպառնալիքին։ «Ես կ՝ուզեմ, որ ՀՀ մեր հայրենակիցները եւ հայաստանեան հասարակութիւնը ճիշդ հասկնան, թէ ինչ իրավիճակ է այսօր Արցախի մէջ։ Մենք կարծես թէ ամէն օր կը խօսինք այս բոլորին մասին, կը բարձրաձայնենք, կ՝ահազանգենք, հարցազրոյցներ կու տանք, բայց իրավիճակին լրջութիւնը, որ այսօր Արցախի մէջ ապրողներու գլխուն կախուած է, անգամ հայաստանեան հասարակութեան մէջ ամբողջական չէ ընկալուած: Ինծի համար անընդունելի է այն հանդարտութիւնը, որ կայ Հայաստանի մէջ, երբեմն նաեւ հայկական Սփիւռքի մէջ՝ Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին վերաբերեալ: Մէկ անգամ եւս կ՝ուզէի շեշտել՝ պէտք է զերծ մնալ այդ յայտարարութիւններէն եւ գոնէ առաջնորդուիլ չվնասելու տրամաբանութեամբ»,- խօսքը եզրափակած է Գեղամ Ստեփանեան։
