
Ջաւախքէն փաշինեանին Անվստահութիւն Յայտնելու Կոչ Ըրած են
Ջաւախքէն քանի մը կազմակերպութիւն եւ անհատներ դիմած են ՀՀ Ազգային ժողովի երեք խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն՝ Հայաստանի վարչապետ նիկոլ փաշինեանի եւ կառավարութեան հանդէպ անվստահութիւն յայտնելու կոչով։ Այս մասին կը հաղորդէ jnews.ge-ը։
«Յարգելի՛ պատգամաւորներ
Մենք՝ Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախք տարածաշրջանին մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներս եւ անհատ գործիչներս, ուշի-ուշով հետեւելով Արցախի եւ ՀՀ-ի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, մեր խիստ մտահոգութիւնը կը յայտնենք Արցախի վերաբերեալ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի՝ Պրիւքսէլի մէջ, ՀՀ վարչապետի՝ Ռեյգեաւիքի մէջ եւ սոյն թուականի Մայիս 22-ի ասուլիսին ընթացքին հնչեցուցած մօտեցումները կապուած ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հետ՝ յայտարարուած թիւերով:
Մենք՝ ներքոստորագրեալներս, կը կարծենք, որ նիկոլ փաշինեանը իրաւասու չէ եւ որեւէ լիազօրութիւն չունի արցախեան բանակցութիւններուն եւ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման շուրջ նման համաձայնութիւններ եւ խոստումներ տալու, որոնք կը հակասեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեամբ ամրագրուած եւ բազմիցս յայտարարուած սկզբունքներուն, կը խախտեն Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրի դրոյթները, Սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի 1992 թ. Յուլիս 8-ի որոշմամբ ստանձնած յանձնառութիւնները:
թուրք-ազրպէյճանական տանդէմը չի ալ թաքցներ իր յաւակնութիւնները Հայաստանի եւ տարածաշրջանի միւս պետութիւններուն հանդէպ եւ պիտի չի բաւարարուի հայկական կողմին զիջումներով եւ անընդհատ պիտի պարտադրէ նոր զիջումներ:
Յարգելի՛ պատգամաւորներ, կոչ կ՝ընենք քայլեր ձեռնարկելու թոյլ չտալու վարչապետին կողմէ նախատեսուած ազգակործան փաստաթուղթին ստորագրումը եւ ձեռնարկելու ՀՀ վարչապետի ու կառավարութեան հանդէպ անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց:
Յարգելի՛ պատգամաւորներ, կը խնդրենք սոյն դիմումը ընթերցել յառաջիկայ ԱԺ լիագումար նիստին:
Յարգանքներով՝
1. Արտակ Գաբրիէլեան՝ Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող
2. Ալեքսան Թորոյեան՝ Ախալքալաքի հիւանդանոցի տնօրէն
3. Ստեփան Յակոբեան՝ «Ջաւախք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ
4. Դաւիթ Ռստակեան՝ «Վիրք» կուսակցութեան նախագահ
5. Ազատ Շիպակցեան՝ Ջաւախքի մտաւորականներու միութեան նախագահ
6. Միխայիլ Կոլիկիտի՝ Սամցխէ-Ջաւախքի յոյներու «Պատրիդա» միութիւն
7. Սամուէլ Պետրոսեան՝ «Շարժում յանուն արդարութեան» կազմակերպութեան նախագահ»։