Ֆրանսահայ Կազմակերպութեանց Համակարգող Խորհուրդը (CCAF) Դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Հանդէպ ազրպէյճանի Ինքնիշխանութեան Սկզբունքին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

CCAF-ը կտրականապէս դէմ է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանդէպ ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան սկզբունքին։ Մենք վճռականօրէն կը սատարենք Արցախի հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի դիրքորոշման, որ վերահաստատած է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման կամքը՝ համաձայն Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան 2-րդ յօդուածին եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին կողմէ ներկայացուած սկզբունքներուն։

Միջազգային օրինականութեան խնդիր հանդիսացող այս իրաւունքը առաւել եւս անհրաժեշտ է, քանի որ արցախահայութիւնը ցեղական զտումներու գործընթացի թիրախ է, որ ակնյայտօրէն համահունչ է պանթուրքիզմին բնորոշ ցեղասպանական նախագիծի շարունակականութեան, ինչպէս կը վկայուի մասնաւորապէս 2020 թուականի Սեպտեմբերի ազրպէյճանական ռազմական յարձակման եւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-ին Արցախի շրջափակման միջոցով:

CCAF-ը, որ կը միաւորէ Ֆրանսայի տարածքին 1915 թուականի ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն կողմէ ստեղծուած ընկերակցութիւնները, կը բողոքէ Պատմութեան կրկնութեան վտանգները եւ կոչ կ՝ընէ միջազգային մարմիններուն զերծ պահելու այս սպառնալիքէն եւ պաշտպանելու հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի, իր պապենական տարածքներուն մէջ խաղաղ եւ ազատ ապրելու անքակտելի իրաւունքը։ CCAF-ը մասնաւորապէս կոչ կ՝ընէ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն օգտագործելու իրենց ողջ կշիռը միջազգային ասպարէզի մէջ՝ պաշտպանելու ազատ եւ ժողովրդավարական Արցախը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ընդդէմ ալիեւի վարչաձեւի յանցաւոր նպատակներուն։ Առանց արդարութեան եւ ազատութեան հնարաւոր չէ խաղաղութիւն:

CCAF-ի Բարձրագոյն Մարմին
23 Մայիս, 2023 թ

*CCAF-ը համակարգող խորհուրդն է ֆրանսահայ համայնքի քաղաքական, հոգեւորական, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, մարզական բազմաթիւ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու: Ան նաեւ պաշտօնապէս ճանաչում ունի ֆրանսական իշխանութիւններուն մօտ իբրեւ համայնքի օրինական ներկայացուցիչ: