
ազրպէյճանի ԶՈւ-ն Ականանետով Կրակած է Վերին Շորժայի Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ
Ժամը 22:00-ի դրութեամբ Սոթքի եւ Կութի ուղղութեամբ կրակոցները նուազած են։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Աղբիւրին համաձայն, ժամը 21:50-էն ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքերէ եւ ականանետերէ կրակած են Վերին Շորժայի հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: