
ազրպէյճանական ԶՈւ-ն Սիւնիքի Գիւղերուն Մէջ Ականներ Կը Տեղադրէ․ Արման Թաթոյեան (տեսանիւթ)
ազրպէյճանական զինուած ուժերը ներխուժած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ու հեռանալու մտադրութիւն, ակնյայտ է, չունին: Այս մասին լրագրողներու հետ հադիպման ընթացքին ըսաւ Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան։
Անոր խօսքով՝ որքան ալ խօսին սահմանազատման, սահմանագծման, միջազգային սկզբունքներու մասին, Հայաստան ներխուժած ազրպէյճանցիներուն գործողութիւնները կը վկայեն բոլորովին այլ բանի մասին։
«Անոնք ամրացած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն ներս գտնուող տարածքներու մէջ։ Ներքին Հանդ գիւղին մէջ քանի մը ամիս առաջ փոքր շինութիւն մըն էր, քանի մը ամիս անց արդէն մեծ շինութիւններ են, ճանապարհներ, ենթակառուցուածքներ, նոյն ճանապարհները, բունկերները մենք արձանագրած ենք նաեւ Ջերմուկ քաղաքին մէջ»,- ըսաւ Թաթոյեան։