
Հնարաւոր Ամէն Բան Պէտք է Ընել Դադիվանքի Մէջ Հայկական Ներկայութիւնը Պահպանելու Համար. Տէր Անդրէաս Քահանայ
Դադիվանքի գլխուն կը շարունակէ կախուած մնալ վտանգը: Արցախի թեմը՝ պաքուքէն պաշտօնական մակարդակով հնչած յայտարարութիւնները՝ պատահական չեն համարեր:
ազրպէյճանը երբեք ալ չէ թաքցուցած իր հաւակնութիւնները՝ քանդել կամ իրեն վերագրել հայկական կոթողները: Դադիվանքի թեմայով սկսած տեղեկատուական արշաւը կը յուշէ, որ այս թեմայով խմորումներ կան: Այս պահուն յստակ է այն, որ Դադիվանքի մէջ իրենց ծառայութիւնը կը շարունակեն հայ հոգեւորականները: Համալիրի հարեւանութեամբ ալ՝ իրենց առաքելութիւնը կը շարունակեն ռուս խաղաղապահները:
ՀԱԵ Արցախի թեմի հոգեւորական Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւատեանի խօսքով, հնարաւոր ամէն բան պէտք է ընել Դադիվանքի մէջ հայկական ներկայութիւնը պահպանելու համար։
«Մենք պէտք է շարունակենք մեր ծառայութիւնը այնտեղ, ռուսն ալ պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը այնտեղ, որովհետեւ, ըստ խոստումի, համաձայնութեան, վանքը պէտք է պահպանել, պահել։
Աստուած մի արասցէ, եթէ լքուի Դադիվանքը՝ նոյն ճակատագրին պիտի արժանանայ, ինչպէս մեր Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիները, այսօր Հադրութի եկեղեցիները, մնացեալ այն բոլոր վանքերն ու եկեղեցիները, որոնք մնացած են ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ»,- Արցախի Հանրային հեռուստաընկերութեան «Օր» լրտաուականի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Տէր Անդրէաս քահանան։