Այս Հրէշաւոր Ծրագրի Իրագործման Աւարտին Կ՝ունենանք Հայաթափուած Արցախ ու Թրքացուած Հայաստան․ Ալվինա Աղաբաբեան

Աշխարհ, Հայաստան

Մայիս 1-ին Ուաշինկթընի մէջ մեկնարկած են Հայաստանի ու ազրպէյճանի ԱԳ ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւնները։ Մինչ ՀՀ ԱԳՆ-ն «կը լռէ», ամերիկեան կողմին ըրած յայտարարութիւններէն կը պարզուի, որ ի թիւս այլ հարցերու՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «երկու երկիրներուն մէջ ցեղական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը»։

Ի՞նչ ըսել է ասիկա։

Դժուար թէ հանդիպման ընթացքին քննարկուէր Հայաստանի մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն՝ եզտիներու, ասորիներու եւ ռուսերու իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան խնդիրը, որովհետեւ նման խնդիր պարզապէս չկայ։
Վստահաբար չէ քննարկուած նաեւ ազրպէյճանի մէջ թալիշներու, թաթերու, լեզկիներու, ուտիներու եւ այլ տեղաբնիկ ժողովուրդներու նկատմամբ պետականօրէն տարուող ձուլման եւ ուծացման քաղաքականութիւնը։

Փաստացի «հայ»-ազրպէյճանական կոչուող այս բանակցութիւններուն «հայկական» կողմը

-հերթական անգամ փաստած է, որ Արցախը կը համարէ ազրպէյճանի մաս, Արցախի բնակչութիւնն ալ կը դիտարկէ իբրեւ ազրպէյճանի կազմին մէջ բնակող ցեղական փոքրամասնութիւն,

– թշնամիին հետ քննարկել, հաւանաբար նաեւ արդէն պարտաւորութիւններ ստանձնած է Հայաստանը աազրպէյճանցիներով բնակեցնելու եւ անոնց «իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովելու» վերաբերեալ։

Հասկնալի է, չէ՞, որ այս հրէշաւոր ծրագրի իրագործման աւարտին կ՝ունենանք հայաթափուած Արցախ ու թրքացուած Հայաստան՝ թրքական վիլայէթի տեսքով կամ ազրպէյճանի կազմին մէջ իբրեւ «Իրեւանի տնտեսական գօտի» եւ «Գիոյչա-Զանգեզուրեան Հանրապետութիւն»․․․

Ալվինա Աղաբաբեան

Ռազմավարական հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի ղեկավար